«Ֆրանսա պէտք է խուսափի Ատրպայճանին զէնք վաճառելէ». ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Մուրատ Փափազեան

Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութիւնները համակարգող խորհուրդի՝ CCAF-ի Փետրուար 5-ի տարեկան ընթրիքին ընդառաջ,- որուն նախատեսուած էր նաեւ Ֆրանսայի նախագահ Էմանիւէլ Մաքրոնի, ինչպէս նաեւ Ֆրանսայի Կրթութեան նախարարին, Փարիզի քաղաքապետուհիին, Փարիզի նահանգապետին, երեսփոխաններու, ծերակուտականներու եւ հանրածանօթ այլ անձնաւորութիւններու մասնակցութիւնը,- այդ Խորհուրդի համանախագահ եւ ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Մուրատ Փափազեան կարգ մը յայտարարութիւններ ըրած է tert.am-ին:

Փափազեան ըսած է, որ գաղութին տարեկան այս ընթրիքը շատ մեծ քաղաքական ժամադրութիւն է, որու ընթացքին կարելի կ՚ըլլայ բոլորին փոխանցել իրենց քաղաքական պատգամը: “Այս տարի մենք որոշած ենք մեր պատգամը կեդրոնացնել Արցախի ժողովուրդին ինքնորոշման, անկախութեան հարցին շուրջ, որպէսզի նախագահ Մաքրոնը եւ բոլորը գիտակցին, որ սփիւռքը եւ ընդհանրապէս հայ ժողովուրդը Արցախի ժողովուրդին կողքին են։ Մենք հիմնականօրէն ասոր վրայ պիտի դնենք շեշտը”, յայտնած է ան:

CCAF-ի համանախագահը նշած է, որ ներկայիս արցախեան տագնապին առնչութեամբ լաւ արձագանգներ չեն հասնիր իրենց: “Այդ արձագանգները հաւանական զիջումներու մասին են, Հայաստանի վրայ բանեցուող բաւական մեծ ճնշումի մասին։ Դժուար եւ մտահոգիչ լուրեր կը հասնին մեզի եւ մենք նկատեցինք, թէ արդէն ժամանակն է ցոյց տալու, որ հայ ժողովուրդը միասնական է Արցախի հարցին շուրջ եւ անիկա մեր առաջնահերթութիւններուն մէջ առաջին դիրքին վրայ է”, ըսած է ան:

Նախագահ Մաքրոնի հետ, ըստ Մուրատ Փափազեանի, արդէն քննարկուած են ընթրիքին մանրամասնութիւնները, թէ` ի՛նչ նիւթեր պիտի արծարծուին: Գաղութը նախագահէն կ՚ակնկալէ, որ ան Ապրիլ 24-ը Ֆրանսայի օրացոյցին մէջ յայտարարէ պաշտօնական օր, նաեւ Ցեղասպանութեան ժխտումին դէմ նոր օրէնք ունենալու վերաբերեալ իր դիրքորոշումը ներկայացնէ:

“Երրորդ հարցը կը վերաբերի Արցախին։ Անշուշտ, ռուսական եւ ամերիկեան կողմերը Մինսքի խումբի համանախագահներ են, բայց մենք կ՚ուզենք, որ Ֆրանսա աւելի ազդեցիկ դեր խաղայ Արցախեան տագնապի լուծման հոլովոյթին մէջ”, ըսած է ան, նկատել տալով՝ որ Ֆրանսայի ազդեցութեան հզօրացումը Հայաստանի համար կրնայ դրական հետեւանք ունենալ Ղարաբաղեան տագնապի լուծման հոլովոյթին մէջ:

Խօսելով Ֆրանսահայութեան եւ Հայաստանի յարաբերութիւններուն մասին` Մ. Փափազեան նշած է, որ գաղութը միշտ օժանդակած է Հայաստանի դիւանագիտութեան: “Մենք կապի մէջ ենք Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան հետ, կ՚աշխատինք Հայաստանի դեսպանութեան հետ, որպէսզի կարենանք մեր դերը խաղալ Հայաստանի զարգացման մէջ”, աւելցուցած է ան:

Մուրատ Փափազեանի համաձայն՝ ընթրիքին լաւագոյն արդիւնքը պիտի ըլլայ նախագահ Մաքրոնի կողմէ վերոնշեալ ցանկութիւններու իրագործումը: “Մենք նաեւ կը փափաքինք, որ Ֆրանսան՝ իբրեւ Մինսքի խումբի համանախագահ երկիր, որոշէ զէնք չվաճառել Ատրպայճանին։ Ֆրանսա պէտք է խուսափի Ատրպայճանին զէնք վաճառելէ, որովհետեւ կարելի չէ բացառել, որ ֆրանսական զէնքերը պիտի օգտագործուին Արցախի ժողովուրդին դէմ։ Պէտք է նախագահ Մաքրոն նաեւ մեզի խոստանայ, որ Ֆրանսան 2019-ին ամէն ինչ պիտի ընէ, որ խաղաղութիւն հաստատուի Արցախի մէջ եւ Արցախի ժողովուրդին ապահովութիւնը երաշխաւորուի, Արցախի ճանաչումը, անկախութիւնը դառնան օրակարգի կարեւոր մաս”, եզրափակած է Փափազեան:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.