Ֆրանսայի Ընկերվարական կուսակցութեան համագումարին մասնակցող ՀՅԴ պատուիրակութիւնը բարձրացուց Արցախի հարցը

Ֆրանսայի ընկերվարական կուսակցութեան 80-րդ ընդհանուր ժողովը տեղի ունեցաւ Մարսէյի Ֆարօ պալատի դահլիճին մէջ:

Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը հրաւիրուած էր այս համագումարին եւ մասնակցեցաւ եռանդամ պատուիրակութեամբ մը:

Կազմակերպական ներքին վերիվայրումներ ապրող ընկերվարական կուսակցութիւնը, որ խորհրդարանական լուրջ ընդդիմութիւն է այսօր երկու պալատներուն մէջ՝ Ազգային Ժողով եւ Ծերակոյտ, այս համագումարին ընթացքին յաջողեցաւ հարթել ներքին հոսանքներու միջեւ իր տարակարծութիւնները եւ դուրս եկաւ վերամիաւորուած:

Ընդհանուր ժողովը լայն մեծամասնութեամբ յաջորդական երրորդ անգամ ըլլալով կուսակցութեան ղեկավար ընտրեց երեսփոխան Օլիվիէ Ֆօրը:

Համագումարին ընթացքին յատուկ խօսք տրուեցաւ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան, զոր արտասանեց Յարութ Մարտիրոսեան, որուն խօսքին ամբողջ կորիզը կազմեց Արցախը: Ան վաւերական տուեալներով ներկայացնելէ ետք Արցախի հայկականութեան դարաւոր պատմականը, ապա նաւ ՀՅԴ-ի եւ Ֆրանսայի ընկերվարական կուսակցութեան երկարամեայ սերտ կապերը, պահանջեց, որ ընկերվարական կուսակցութիւնը առաւել խստութեամբ ճնշէ ֆրանսական իշխանութիւններուն վրայ, որ առաջին հերթին անյապաղ վերաբացուի Բերձորի միջանցքը եւ 120 հազար մեր հայրենակիցներուն կեանքը փրկուի, ապա նաեւ արցախեան օրակարգով պաշտօնական Փարիզ զօրակցի հայկական կողմի արդար ու իրաւական պահանջին: Յարութ Մարտիրոսեան ընդգծեց Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի հակահայ թշնամական քաղաքականութիւնը, Հայաստանի ու հայութեան դէմ Էրտողան-Ալիեւ ֆաշիստական զոյգին համագործակցութիւնը, պահանջելով, որ ժողովրդավարութեան պաշտպան Եւրոպական Միութիւնը պատժամիջոցներ որդեգրէ Անգարայի եւ Պաքուի դէմ եւ ոչ թէ անամօթաբար սիրաբանի անոնց հետ՝ յանուն կտոր մը քարիւղի:

Համագումարը յոտնկայս արձագանգեց ՀՅԴ պատգամաբերի խօսքին, իսկ ղեկավար տարբեր անձնաւորութիւններ իրենց ելոյթներուն ընթացքին անվերապահ զօրակցութիւն յայտնեցին եւ հաստատեցին, որ այս ուղղութեամբ պատրաստ են գործնապէս աշխատանք տանելու:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.