Ֆրանսայի Դեսպանը Հաստատեց, Որ Արցախի Հայերը Իրենց Հայրենիքը Վերադառնալու Իրաւունքը Ունին

Հայաստանի մօտ Ֆրանսայի դեսպան Օլիվիէ Տըքոթինյի, անդրադառնալով Հոլանտայի մօտ Ատրպէյճանի դեսպանի գրառման՝ վերջինիս յիշեցուց, որ Լեռնային Ղարաբաղի հայերը Արդարադատութեան միջազգային դատարանին կողմէ ճանչցուած իրաւունքներու, որոնց կարգին իրենց հայրենիքը վերադառնալու իրաւունքը ունեցողներ են, իսկ դատարանին որոշումները ենթակայ են պարտադիր կատարման: Ֆրանսայի դեսպանը այսպիսի յայտարարութիւն մը կատարած է իր «Էքս»ի էջին վրայ: «Պարո՛ն դեսպան, իրաւաբանօրէն «լաւ տղաներ» չկան, ինչպէս դուք կ՛ըսէք», կ՛ըսէ  ան՝ իբրեւ պատասխան ատրպէյճանցի դեսպանին այն գրառման, որուն մէջ ան կը յայտնէ, թէ Լեռնային Ղարաբաղը ոչ թէ անկում ապրեցաւ, այլ ներկայիս կ՛ապրի «վերածնունդի» ժամանակաշրջան մը` ստանալով զարգացման հեռանկարներ, եւ եթէ հայերը «լաւ տղաներ» ըլլան, պիտի կարենան օգտուիլ այդ հեռանկարներէն»:

Հոլանտայի մօտ Ատրպէյճանի դեսպանը այսպիսի գրառում մը կատարած է` մեկնաբանելով Հայաստանի մօտ Ֆրանսայի դեսպանին «Էքս»ի էջին վրայ կատարած այն գրառումը, որուն հետ տեղադրուած տեսանիւթին մէջ Փարիզի մէջ Ողիմպիական խաղերու բացման հանդիսաւոր արարողութեան ընթացքին, ներկայացնելով խաղերուն մասնակցող Հայաստանի խումբը՝ ֆրանսացի լրագրող Լորան Տըլաուս «France 2» ալիքէն ուղղակի սփռումին ընթացքին ըսաւ հետեւեալը․ «Հայաստա՛ն. մեր հայ բարեկամներն են, ֆրանսացիներուն սիրտերուն պատմականօրէն մօտ երկիր: Տարի մը, որ հայ ժողովուրդին համար յատկանշուեցաւ Լեռնային Ղարաբաղի` Ատրպէյճանի բանակին ձեռքերուն մէջ յայտնուելով»։

Comments are closed.