Օնթարիոյի Վարչապետ Տակ Ֆորտ այցելեց Թորոնթոյի Հայ կեդրոն
Ուրբաթ, 11 Յունուար 2019-ին, կէսօրուան ժամը 12:30-ին, Օնթարիօ նահանգի վարչապետ Տակ Ֆորտ այցելեց Թորոնթոյի Սուրբ Աստուածածին Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցի եւ Հայ կեդրոն։
Եկեղեցւոյ մուտքին վարչապետին դիմաւորութեան ներկայ էին դաշնակցային երեսփոխան Պապ Սարոյիա, Օնթարիօ նահանգի երեսփոխան Վինսընթ Քը, Օնթարիօ նահանգի Սքարպորօ-Էյճինքորթ շրջանի երեսփոխան Արիս Պապիկեան, Թորոնթոյի մէջ ՀՀ պատուոյ հիւպատոս տիար Վան (Վարուժան) Լափոյեան, եկեղեցւոյս հովիւ Հոգշ. Տէր Գեղարդ Ծ. Վրդ. Քիւսպէքեան, Հայ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ հովիւ Գերյ. Հ. Եղիա Ծ. Վրդ. Գիրէջեան, Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ Ծխական խորհուրդի ներկայացուցիչ Վարդան Գասպարեան, Հայ Աւետարանական եկեղեցւոյ վարչութեան ատենապետ Տիգրան Գալայճեան, Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան ատենապետ Յարութ Գասապեան, ՀՅԴ Գանատայի Կեդր. կոմիտէի ներկայացուցիչ Նորայր Պէրպէրեան, «Ս. Թէհլիրեան» կոմիտէութեան ներկայացուցիչ Սեւակ Գիւփէլեան, Հայ Դատի Յանձնախումբի ատենապետ Յարութ Մաթոսեան, Պոլսահայ Մշակութային Միութեան ներկայացուցիչը, Օնթարիոյի Հայ Բժշկական Միութեան ներկայացուցիչ Անի Հասըրճեան, Հայ Օգնութեան Միութեան ներկայացուցիչ Մարալ Միսիրեան, ՀՅԴ Գանատայի Երիտասարդական Միութեան ատենապետ Կարօ Քըլըպօզեան, Ռայըրսըն համալսարանի երիտասարդաց միութեան ատենապետ Դաւիթ Շահինեան, Հայ Կեդրոնի Երէցներու Ընկերակցութեան ատենապետ Սերոբ Վեսոյեան, Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան ատենապետ Միհրան Եկաւեան, «Սառա Քորնինկ» Ցեղասպանութեան Ուսումնասիրութեան կեդրոնի ներկայացուցիչ Վաչէ Իսկէճեան եւ Հայ Գործարարներու Միութեան ատենապետ Յովսէփ Սէրայտարեան:
Տէր Գեղարդ Ծ. Վրդ. Քիւսպէքեան շնորհաւորեց վարչապետ Տակ Ֆորտը՝ Նոր Տարուան եւ Ս. Ծննդեան զոյգ տօներուն առթիւ եւ փոխանցեց Գանատայի Հայոց Թեմի առաջնորդ Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեանի բարեմաղթութիւնները, ապա Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մեծ ընտանիքին անունով ոսկեզօծ խաչ նուիրեց վարչապետին։ Այս առիթով իր արտասանած խօսքին մէջ երեսփոխան Արիս Պապիկեան հակիրճ ձեւով ներկայացուց եկեղեցւոյ պատմականը:
Վարչապետը խօսք առնելով նախ ողջունեց ներկաները եւ շնորհակալութիւն յայտնեց ջերմ ընդունելութեան համար, ապա հանդիպում ունեցաւ զանազան միութիւններու, առեւտրականներու, գործարարներու եւ կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներու հետ։ Վարչապետ Ֆորտ այցելեց նաեւ կեդրոնիս գրադարանը, ուր տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն:
Աւարտին, երեսփոխան Արիս Պապիկեան նշեց, որ Գանատայի հայ համայնքը միշտ կառչած մնացած է իր հոգեւոր արժէքներուն, աշխատասէր է եւ ընտանեկան սրբութիւնը ամէն ինչէ վեր դասած: Վարչապետը կրկին շնորհակալութիւն յայտնեց ջերմ ընդունելութեան համար եւ ընդգծեց, որ այս հանդիպումը շահեկան էր: Ան նկատել տուաւ, թէ հայ համայնքը իր որոշիչ դերը ունի Օնթարիօ նահանգին մէջ: Յաւելեալ կորով ու նոր յաջողութիւններ մաղթեց գաղութին, հաստատելով որ սոյն ներուժին կարիքը ունի Օնթարիօն ու վստահ է, որ այս աշխոյժ համայնքը իր բոլոր կարողութիւնները կը տրամադրէ Գանատայի բարգաւաճման:
Պեթի Փոլատեան