Օնթարիոյի մէջ 23 նորագիրներ համալրեցին Դաշնակցութեան շարքերը

5 Մայիս 2023-ին, Թորոնթոյի Հայ կեդրոնին մէջ, 23 օնթարիոհայեր Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան շարքերուն միացան եւ իրենց երդումը տուին՝ ընկերական լայն շրջանակի ներկայութեամբ:

Հայրենիքի օրհասական այս օրերուն, մեր ժողովուրդին տարած դժուարին անկիւնադարձին՝ գոյատեւումի լուրջ մարտահրաւէրները դիմագրաւելու աշխատանքին մասնակցելու, հայ ժողովուրդին ծառայելու, հայրենիքի մէջ գաղափարական-քաղաքական աշխատանք տանելու, սփիւռքի կազմակերպական կարողութիւնները հզօրացնելու վճռական յանձնառութիւնն է, որ այս երդումով կը նուիրականացուի:

Երդման հանդիսաւոր արարողութիւնը կազմակերպուած էր Թորոնթոյի «Սողոմոն Թեհլիրեան» եւ Գեմպրիճի «Արամ-Դրօ» կոմիտէութիւններուն, ինչպէս նաեւ «Արմէն Գարօ» Ուսանողական միութեան համագործակցութեամբ: Բացումը կատարեց Թորոնթոյի «Սողոմոն Թեհլիրեան» կոմիտէութեան ներկայացուցիչ ընկ. Վահան Աճէմեան: Ան ներկայացուց նորագիրները եւ հրաւիրեց կնքահայրը՝ օնթարիոհայ բազմավաստակ ընկեր, Օնթարիոյի մէջ Դաշնակցութեան ճամբով երկար տարիներ ազգային ու հասարակական գործունէութիւն տարած ընկ. Վազգէն Թէրզեան, որ իր պատգամը փոխանցէ նորագիրներուն եւ կատարէ անոնց երդումը՝ Դաշնակցութեան դրօշին, ծրագիրին, կանոնագիրին եւ մարտունակութեան խորհրդանիշին վրայ:

Ընկ. Թէրզեան խօսքը ուղելով երդումի թեկնածուներուն, ի միջի այլոց, ըսաւ. «Ծանօթանալէ ետք Դաշնակցութեան պատմութեան, ծրագիրին եւ կանոնագիրին, այժմ դուք ծանր լուծի տակ կը մտնէք, որ ծանր ըլլալով հանդերձ՝ քաղցր է ու հպարտառիթ, որովհետեւ այդ հայ ժողովուրդին դատին անսակարկ նուիրումի ու ծառայութեան համար է»: Երդումէն առաջ, ան թեկնածուներուն յայտնեց, որ եթէ իրենցմէ ոեւէ մէկը կը կարծէ, թէ պատրաստ չէ դաշնակցական դառնալու, ասիկա վերջին առիթն է հեռու կենալու: Բոլոր թեկնածուներն ալ ՀՅԴ շարքերը անցնելու որոշուման վրայ անդրդուելի մնացին:

14 նորագիրներ միացան Թորոնթոյի «Ս. Թեհլիրեան» կոմիտէութեան շարքերը, 4 նորագիրներ՝ Գեմպրիճի «Արամ-Դրօ» կոմիտէութեան շարքերը եւ 5 նորագիրներ՝ «Արմէն Գարօ» Ուսանողական միութեան շարքերը: Յատկանշական էր երիտասարդ թեկնածուներուն թիւը, որոնց մեծամասնութիւնը Գանատայի Երիտասարդական Միութեան «Սիմոն Զաւարեան» մասնաճիւղի անդամներ են:

«Մշակ Բանուոր» քայլերգի խմբերգումով աւարտեցաւ երդման արարողակարգը: Ներկայ շարքային ընկերները, որոնց մէջ նկատառելի էր իրենց զաւակներուն, աշակերտներուն եւ պատանիներուն ստանձնած յանձնառութեամբ հպարտ ծնողներու, ուսուցիչներու եւ վարիչ-դաստիարակներու թիւը, շնորհաւորեցին նորագիրները: Արարողութեան յաջորդեց ընկերական խրախճանք եւ յեղափոխական երգերու երեկոյ, որուն ընթացքին ընկերները առիթ ունեցան փոխանցելու իրենց սրտի խօսքը:

Comments are closed.