Օնթարիոյի խորհրդարանը միացայնութեամբ դատապարտեց Թուրք-Ազրպէյճանական ռազմական յարձակումները

 

Չորեքշաբթի՝ 21 Հոկտեմբեր 2020-ին Օնթարիոյի խորհրդարանին մէջ տեղիունեցաւ մէկ ժամ տասնհինգ վայրկեանտեւողութեամբ քննարկում, նիւթ ունենալովԹուրքԱզրպէյճանական մեծածաւալռազմական յարձակումները Արցախի ուՀայաստանի վրայ:

Օնթարիոյի խորհրդարանի երեքկուսակցութիւններուն անդամները խստօրէնդատապարտեցին Ազրպէյճանի ու Թուրքիոյզոյգ կառավարութիւններուն անմարդկայինոճիռը Արցախի Հայութեան դէմ: Իշխողկառավարութեան երեք նախարարներըիրենց ելոյթի ընթացքին, ներկաներունուշադրութեան յանձնեցին որ այսօրուայԹուրքԱզրպէյճանական զինեալյարձակումները երկրորդ ցեղասպանութիւն է Արցախի եւ Հայ ժողովորդին դէմ:

Երեսփոխանները առանց բացառութեան կոչուղղեցին միջազգային հանրային կարծիքինեւ համայն աշխարհի պետութիւններուն՝ անմիջապէս դադրեցնեն պատերազմը,հրադադարի համաձայնութեանպահպանման կարեւորութիւնը եւ առիթըընծայուի խաղաղ բանակցութիւններուճամբով խնդրի լուծման։ Յաւելեալ, անոնքպահանջեցին Արցախի ժողովուրդինինքնորոշման արդար իրաւունքը։ Երեսփոխանները իրենց խօսքերուն մէջանդրադարձան վարձկաններուներկայութեան երեւոյթին, Արցախիճակատին վրայ եւ թրքական բանակինգործոն մասնակցութիւնը Ազրպէյճանիբանակի կողքին:

Նշենք, որ Երեսփոխանները նաեւպահանջեցին կասեցնել թուրքիոյ զէնքիմատակարարումը բոլոր պետութիւններէն:

 

Արիս Պապիկեան նշեց, որ Թուրքիա եւԱզրպէյճան  պէտք է դատուին որպէսպատերազմի յանձագործներ որոնք նաեւ կը կիրառեն մարդկութեան դէմ ոճիրներ: Պր. Պապիկեան նաեւ յիշատակեց, որ Արցախերբեւիցէ Ազրպէյճանական տարածք չէեղած եւ այդ շրջանը նուէր շնորհուած է Սթալինի կողմէ Ազրպէյճանին։ Շատ մըերեսփոխաններ նաեւ անդադարձան, որԹուրքիա մինչեւ օրս, կը մերժեն հայկականցեղասպանութեան իրողութիւնը: Աւելցնելով, որ Ազրպէյճան թիրախաւորած է անմեղներըեւ ռմբակոծաց անպաշտպան դպրոցներ, հիւանդանոցներ, եկեղեցիներ եւ մշակոյթիկեդրոններ: Այս վիճակի իբր արդիւնք աւելիքան 90,000 Արցախցիներ գաղթականդարձած են եւ ապաստանած Հայաստան: մնացեալ բնակչութիւն ալ կ՛ապրինապաստարաններու մէջ:

Ամենաուշագրաւը, մինչ Հայաստան առիթ կուտայ միջազգային մամլոյներկայացուցիչներուն, որ ազատօրէն սփռենեւ անդրադառնան պատերազմականկացութեան, Ազրպէյճան արգիլած է անոնցգործունէութիւնը եւ ընդհատած համացանցիկապերը:

Պէտք է նշէլ որ, այս նախաձեռնութիւնըկազմակերպուած էր Օնթարիոյիխորհրդարանի Պահպանողականկուսակցութեան անդամներ՝ ԲօԼ Գալանտրա, Ռօտ Ֆիլիբս եւ Արիս Պապիկեանի՝ համագործագցութիամբ Թորոնթոյի Հայդատի յանձնախումբին: Պարոն ԱրիսՊապիկեան  խօսք առնելով պահանջեցԹուրքիան վտարել ՆԱԹՕէն, եւ դադրեցնելիր անդամակցութիւնը տնտեսական G 20 Գագաթնայ համախումբէն։Աւելին, պահանջեց նախագահներ Էրտողանին եւԱլիեւին ներկայացնել միջազգայինդատական ատեանին,որպէս պատերազմիյանձագործներ: Ան, կոչ ուղղեցհամաաշխարհային ընտանիքին, չկրկնելնախկին Անգլիոյ վարչապետներէնՉամպրլէնի սխալը՝ հաճոյ պահելով երրորդՌայխը երկրորդ համաշխարհայինպատերազմի նախօրեակին, որ պատճառդարձաւ մեծ աղէտին:

Լայն մանրամասնութիւնները եւԵրեսփոխանական նիստի երիզը պիտիփոխանցենք յառաջիկայ օրերուն:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.