Օնթարիոյի Աժաքս քաղաքը 24 Ապրիլը յայտարարեց Հայոց Ցեղասպանութեան յիշատակի օր
1803
0
Գանատայի Օնթարիօ նահանգի Աժաքս քաղաքի քաղաքապետական խորհուրդը 24 Ապրիլը յայտարարեց Հայոց ցեղասպանութեան յիշատակի օր։ Այս մասին կը յայտնէ Թորոնթոյի Հայ Դատի յանձնախումբը։
Այս առիթով, 2 Մայիս 2022-ին, առաւօտեան ժամը 11:00-ին, տեղի ունեցաւ դրօշակի արարողութիւն քաղաքապետարանի շէնքին առջեւ:
Այս նախաձեռնութեան մէջ կարեւոր ներդրում ունեցաւ Աժաքսի հայ համայնքի ներկայացուցիչ Ճորճ Խրլաքեանը։