Քոփիրքին. «Ռուսիոյ Օրակարգին Վրայ «Զանգեզուրի Միջանցք» Չկայ»

Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ Ռուսիոյ դեսպան Սերկէյ Քոփիրքին «Սփութնիք Արմենիա»-ի հետ հարցազրոյցի ընթացքին անդրադառնալով Կապանի մէջ ռուսական հիւպատոսարանի բացման յայտնեց. «Հայկական կողմը, ներառեալ բարձրագոյն մակարդակով, սկիզբէն ողջունած է Կապանի մէջ ընդհանուր հիւպատոսութիւն հիմնելու մտադրութիւնը` զայն բնութագրելով իբրեւ շատոնց հասունցած եւ պահանջուած: Այս պահուս մենք միասնական ջանքերով զգալի յառաջընթաց արձանագրած ենք զայն բանալու հարցին մէջ: Յառաջ անցնելով` պիտի ուզէի նշել, որ հայկական կողմի ցանկութեան համապատասխան, Ռուսիոյ կառավարութեան որոշումով կը նախատեսուի պարզեցուած տարազով ընդհանուր հիւպատոսութեան բացում` առանց մեր գործելաոճին մէջ ընդունուած համաձայնագիրի կնքումի, որ կը կատարուի արձանագրութիւններու փոխանակման միջոցով»:

«Ռուսիան տրամադրուած է աշխուժօրէն ընդլայնելու դիւանագիտական ներկայութիւնը բարեկամ երկիրներու մէջ եւ բանալու նոր դիւանագիտական ու հիւպատոսական առաքելութիւններ այն պետութիւններուն մէջ, որոնք կը գտնուին Ռուսիոյ համար առանցքային շրջաններու մէջ (արտաքին քաղաքականութեան նոր հայեցակարգին համապատասխան): Նման պետութիւններու շարքին է, ի հարկէ, նաեւ Հայաստանը», ըսած է Քոփիրքին` աւելցնելով. «Նման զգայուն շրջանի մէջ դիւանագիտական ներկայութեան ընդլայնումը, այլ բաներու շարքին, նպատակ ունի նուազեցնել Հարաւային Կովկասի հակամարտային ներուժը, որ կը պահպանուի եւ մշտապէս կը սնի արտաքին դերակատարներու կողմէ»:

«Այս գործին մէջ մենք ունինք համախոհներ. 2022 թուականէն այստեղ կը գործէ Իրանի ընդհանուր հիւպատոսարանը, որուն հետ աշխատանքային կապեր հաստատուած են, ներառեալ Մոսկուա-Երեւան-Թեհրան եռանկիւնին մէջ փոխադարձ գործակցութեան զարգացման ուղղութեամբ: Ռուսիոյ ընդհանուր հիւպատոսութիւնը հայ-իրանեան սահմաններուն հսկող Ռուսիոյ սահմանապահներուն հետ միասին լրացուցիչ ներդրում պիտի ունենայ հանրապետութեան անվտանգութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան ապահովման գործին մէջ», յայտնած է ան:

«Իսկապէս, Սիւնիքի մէջ ռուս դիւանագէտներու աշխատանքը պիտի նպաստէ մեր երկիրներու առեւտրական-տնտեսական կապերու զարգացման, նաեւ ԵԱՏՄ-ի ձեւաչափին մէջ: Սիւնիքի մարզը «դարպաս» է Իրանի հետ Հայաստանի եւ միութեան առեւտուրի համար: Այստեղէն կ՛անցնի հանրապետութեան համար կարեւոր նշանակութիւն ունեցող «Հիւսիս-հարաւ» միջազգային փոխադրամիջոցային միջանցքի հատուածը: Ինչպէս յայտնի է, ռուսական կողմը կ՛աջակցի այդ մայրուղիի կառուցման», ըսած է Քոփիրքին:

«Ի դէպ, ինչ որ ալ չարակամները ըսեն, ռուս դիւանագէտները հաստատօրէն չեն պատրաստուիր Սիւնիքի մէջ «լրտեսելու»` ի տարբերութիւն շրջանին մէջ հեռադիտակներով շրջելու սիրահար արեւմուտքցիներուն: Օրակարգին վրայ չկայ նաեւ «Զանգեզուրի միջանցք»-ի ստեղծումը, ինչ որ նոյնպէս կը փորձեն վերագրել Մոսկուային: Հարաւային Կովկասի մէջ փոխադրամիջոցային եւ տնտեսական կապերու ապաշրջափակման հարցերով, ինչպէս յայտնի է, կը զբաղի Ռուսիոյ, Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի փոխվարչապետներու գլխաւորած եռակողմ աշխատանքային խումբը», յայտարարած է Ռուսիոյ դեսպանը:

Comments are closed.