Քինկսթընի մէջ տեղի ունեցաւ ՀՅԴ Գանատայի Պատանեկան Միութիւններու Ընդհանուր Վարիչ մարմնի 2019-2021 երկամեակի Ա. Լիակազմ ժողով
26 Հոկտեմբեր 2019-ին, Քինկսթընի Queen’s համալսարանին մէջ գումարուեցաւ ՀՅԴ Գանատայի Պատանեկան Միութիւններու Ընդհանուր Վարիչ մարմինի 2019-2021 Երկամեակի Ա. Լիակազմ ժողովը:
Առաջին օրակարգով արծարծուեցան դաստիարակչական ծրագրի այժմէականացման եւ դաստիարակ պատրաստելու յոյժ կարեւոր հարցերը: Յարափոփոխ եւ նորարարութիւններով խճողուած այս աշխարհին մէջ, տարբեր գաղափարախօսութիւններու ազդեցութեան ենթակայ մեր պատանիներուն պատրաստուածութեան հարցը մեր հիմնական մտահոգութիւններէն մէկն է։ Իսկ դաստիարակի կամ վարիչի ճիշդ ընտրութիւնը հիմնաքար է ակնկալուած պատանին պատրաստելու համար։ Այս օրակարգով եւ հետեւելով ՀՅԴ Բիւրոյի Երիտասարդական Գրասենեակի ուղղութեան՝ համաձայնուեցաւ, որ դաստիարակչական ծրագիրը պէտք է նախ հպարտութիւն առթէ պատանիին իր հայութեամբ, հեռու մնալով մեր ողբերգութիւնները եղերգելէ: Պէտք է կրթել պատանին օրինակելի քաղաքացիի արժէքներով, ընդմիշտ բացատրելով որ ինչո՛ւ պէտք է պահենք այդ արժէքները, առնչակից դարձնելով զանոնք նաեւ մարդասիրական եւ բարոյական սկզբունքներուն։ Հարկ է պատրաստել ոչ միայն հայկական այլ նաեւ միջազգային գիտելիքներով զինուած հայ պատանին, զարկ տալ գիտելիքներու որոնումի ու պրպտումի աշխատանքներուն, պատանիները մղելով ինքնաշխատութեան։ Եւ վերջապէս, կարեւորել նաեւ տնտեսական դաստիարակութիւնը։
Վարիչներու պատրաստութեան առնչութեամբ՝ որոշուեցաւ վարիչներու լսարան մը գումարել Մարտ 6-8 շաբաթավերջին, օրակարգ ունենալով մարդասիրական հանգանակութիւն, քարոզչութիւն եւ մարքէթինկ, դաստիրակչական նիւթերու փոխանցումի միջոցներ տարբեր տարիքներու համար:
Երկրորդ օրակարգով քննարկուեցան միութիւններուն տնտեսական իրավիճակը եւ վաւերացուեցաւ երկամեակի հաշուեկշիռը:
Օրակարգի երրորդ կէտն էր հաղորդակցութիւնը: Արծարծուեցան կայքէջի վերաթարմացման հարցը եւ ընկերային ցանցերու վրայ մեր ներկայութիւնը եւ անդամական ցանկերու եւ դիմումնագիրներու համակարգումի ելեկտրոնային նոր համակարգի մը անհրաժեշտութիւնը:
Վերջին օրակարգով հեռակայ դրութեամբ կապ հաստատուեցաւ ՀՅԴ ԳԵՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան ներկայացուցիչին հետ, որուն ընթացքին արծարծուեցան Պատանեական Միութիւն–ԳԵՄ յարաբերութիւնները եւ հարթուեցան դժուարութիւնները:
ՀՅԴ Գանատայի Պատանեկան Միութիւններու Ընդհանուր Վարիչ Մարմին
Քինկսթըն, 26 Հոկտեմբեր 2019