Քեսապի Տային

ՍԵՒԱՆ Ճ. ԱԲԷԼԵԱՆ

«Հաշուեյարդար. ի՜նչ մնաց, կեանքէն ինծի ի՞նչ մնաց,
Ինչ որ տուի ուրիշին, տարօրինա՜կ, ա՛յն մնաց»                                            

ՎԱՀԱՆ ԹԷՔԷԵԱՆ

Վերջին տարիներուն Դիմատետրը մեծ ազդեցութիւն ունի մարդ արարածի կեանքին վրայ` ըլլայ այդ մէկը դրական կամ ժխտական:

«Քորոնա» համաճարակը տարածուեցաւ ամբողջ աշխարհին վրայ: Լիբանանի տնտեսական պայմանները երկիրը գրեթէ անշարժացուցին: Շատեր յուսահատեցան: Բայց այս բոլորին կողքին տակաւին մարդ արարածը կը հաւատայ հայ գիրքին եւ հայ հերոս անհատներուն կեանքէն քաղուած փորձառութիւններուն, մերօրեայ դժուար պայմաններուն մէջ անոնց ունեցած ներշնչող կարեւորութեան:

Այդ հերոս անձերէն մէկն էր Քեսապի Տային (Գարա Տային), կամ` Ովսիա Սաղտճեանը, որ մեծ ազդեցութիւն ունցած է Ա. Համաշխարհային պատերազմէն ետք` ըլլայ այդ մէկը իր սիրելի ծննդավայր Քեսապի կամ Հայաստանի ու Կիլիկիոյ որբերուն վրայ:

«Քեսապի Տային» գիրքը հրատարակուեցաւ հոկտեմբեր 2021-ին, որուն խմբագիրն է Կարօ Յովհաննէսեանը: Հերոսին յուշերը կը պատմէ Տայիին աղջիկը` Մանուշակ Սաղտճեան-Փանոսեան, որ կ՛ապրի Պէյրութ: Մանուշակի պատմութեան կողքին գիրքին մէջ կան նաեւ շարք մը վկայութիւններ հերոսին կեանքին մասին, ինչպէս` Հալէպի «Արեւելք» օրաթերթը, Հայկազ Թրթռեան (Տայիին փեսան), Յակոբ Մանճիկեան, տոքթ. Մելքոն Էպլիղաթեան, Դերենիկ եպս. Փոլատեան, Վահէ Յ. Աբէլեան եւ ուրիշներ:

Յովհաննէսեան իր խօսքին մէջ գրած է. «Տային ինքնակոչ ղեկավար էր: Քեսապի տառապեալ ժողովուրդին կանչն էր: Կազմակերպութեան մը, միութեան մը, կամ երկրի նախագահը անպայման պէտք չէ ըլլայ, որ Ղեկավար կոչուի: Տային` այս գեղջուկ մարդը (բառը բացարձակապէս չի գործածուիր ժխտական իմաստով), որ ծնունդ առած է հայու ամենահամեստ խաւերէն, կու տայ իրա՛ւ ղեկավարի բացառիկ օրինակը: Ան եղաւ անանձնակութեան եւ այլասիրութեան խորհրդանիշ մը: Տային եղաւ մէկը, որ աւելի գործեց եւ խօսեցաւ»:

Ո՞վ էր «Քեսապի Տային»:

Բուն անունով` Ովսիա Սաղտճեան: Ծնած է Քեսապի Գարատուրան գիւղը, 1887-ին: Ովսիա իր կեանքին ընթացքին բնաւ դպրոց չէ գացած, նոյնիսկ` մանկապարտէզ, ինչպէս կը վկայէ իր աղջիկը` Մանուշակը: Սակայն իր ամբողջ կեանքը նուիրած է հայ ազգին եւ իր սիրելի ծննդավայրին: 1909-ի Ատանայի ջարդերէն Քեսապն ալ անմասն չմնաց, եւ քեսապցին բռնեց գաղթի ճամբան:

Երբ պատերազմը վերջացաւ, եւ ժողովուրդը վերադարձաւ իր հօրենական տունը, թուրք պաշտօնեաները յաճախ անվայել ձեւով վարուեցան մարդոց հետ, եւ թշնամիին բանակին ծառայելու հեռանկարը պատճառ դարձաւ, որ Ովսիան ձգէ իր այնքան սիրելի գիւղը, գաղթէ Միացեալ Նահանգներ ու հաստատուի Փիցպըրկ քաղաքը: Ան աշխատեցաւ զէնքի գործարանի մը մէջ: Ամերիկայի մեքենական կեանքը հաճելի չէր երիտասարդ Ովսիայիին համար, որ իր կեանքը անցուցած է Գարատուրանի ազատ եւ հպարտ լեռներուն վրայ: Ան կ՛որոշէ, որ երբ քիչ մը դրամ շահի, վերադառնայ իր հարազատներուն եւ իր համագիւղացիներուն:

Ովսիայի հաշիւները, սակայն, իր ուզածին պէս դուրս չեն գար: Վրայ կը հասնի Համաշխարհային Ա. պատերազմը, որմէ  անմասն չմնաց հայ ազգը եւ քեսապցին: Ովսիան միայն մէկ երազ եւ փափաք ունէր` վերադառնալ եւ օգնել իր ազգին: Կը կազմուի հայկական լեգէոնը, որուն առաջին արձանագրուողներէն կ՛ըլլայ եւ կը հասնի Կիպրոս, ուր մէկ տարի կը մարզուին: Սակայն ֆրանսացին իր խոստումը չի յարգեր Արարայի յաղթանակէն ետք Կիլիկիա հասած հայ կամաւորներուն հետ կը վարուի թշնամաբար` անարդար պատիժներ սահմանելով: Ֆրանսացիները կը բարեկամանան տեղացի թուրքերուն հետ:

«Յուսախաբ էր հայկական լեգէոնը: Այս կացութեան մէջ Տային եւ Միսաքոն (Միսաք Կիրակոսեան) կը ձգեն ֆրանսական բանակը եւ իրենց զինուորական տարազներով ու զէնքերով կ՛երթան իրենց ծննդավայրը` օգնելու իրենց համագիւղացիներուն: Ճամբան երկար էր եւ վտանգաւոր: Սակայն երկուքն ալ չեն յուսահատիր»:

Տասնհինգ օրեր ետք Տային եւ Միսաքոն քալելով կը հասնին Գարատուրանի լեռները եւ այնտեղ կ՛ապաստանին:

Այդ շրջանին Քեսապի վիճակը անկայուն էր եւ անիշխան: Երկու քաջարի հերոսները չեն ուզեր յայտնուիլ ժողովուրդին: Ժողովուրդը ամէն օր կը պայքարէր, որպէսզի գոյատեւէր:

Տային եւ Միսաքոն` երկու զինուած «մօրուսաւոր» կամաւորները, ամէն օր Քեսապի մէկ գիւղին մէջ կ՛երեւէին այն տպաւորութիւնը ձգելով, որ մեծ թիւով զինեալներ կը շրջէին Քեսապի ու շրջակայքի գիւղերը, եւ թշնամիին վախի ու սարսափի մէջ ձգած էին:

Այդ շրջանին Քեսապի մէջ ապաստանած օտարները կամաց-կամաց կը փախչին, իսկ շրջանի թուրք բնակիչները աւելի յարգանքով կը վարուին հայ գիւղացիին հետ, նոյնիսկ երբեմն հաց եւ ուտելիք կու տային անոր:

Այս շրջանին է, որ կը կազմուի Քեսապի պզտիկ հանրապետութիւնը (1919-1922): Կը սկսի նուիրական աշխատանքը: Քեսապցին օգնելով իր համագիւղացիին` կը սկսին վերաշինել տուները, եկեղեցիները եւ այս բոլորին ծրագրողը ու առաջնորդողը կ՛ըլլայ Տային:

Քեսապցին կամաց-կամաց կը սկսի վերադառնալ իր առօրեայ կեանքին:

Տային բոլորին հայրիկն էր: Ան ոչ միայն օգնութեան ձեռք երկարեց Քեսապի որբերուն, այլ նաեւ` բոլոր այն հայ որբերուն, որոնք հասած էին Քեսապ Կիլիկիայէն կամ Հայաստանէն: Քեսապի մէջ որբանոց մը հիմնած էր: Տային եւ Միսաքոն երբ լսէին, որ արաբ կամ թուրք, քիւրտ ընտանիքներու  քով կը գտնուէր հայ անհատ մը, կ՛երթային եւ զայն կը վերադարձնէին ազգին գիրկը: Տային կը շրջի տարբեր շրջաններ, որպէսզի այդ որբերուն հագուստ գտնէր:

1928-ին հիմը կը դրուի Քեսապի Ազգային միացեալ բարձրագոյն վարժարանին: Տային բահն ու բրիչը ձեռքին` ինք կ՛ըլլայ առաջին նախաձեռնողը: Քեսապի Տային անուս էր, բայց իրեն համար դպրոց կառուցելը կարեւոր կէտերէն մէկն էր: Դպրոցի բացման օրը Տային իր ձեռքին մէջ ունէր մեծ եռագոյն դրօշակը եւ խումբին առջեւէն քալելով կ՛երթար ուրախութեամբ մասնակից դառնալու բացումին:

Տային կ՛ամուսնանայ Մարի Ատուրեանին հետ, որ իր հիմնած որբանոցին վերջին որբուհին էր: Անոնց պսակի կնքահայրը կ՛ըլլայ իր սիրելի զինակից ընկերը` Միսաքոն: Անոնք կ՛ունենան հինգ աղջիկներ` Երանուհի (որ փոքր տարիքին կը մահանայ), Խաթուն, Ռահել, Մանուշակ եւ հինգերորդը` Երանուհի, որ ժառանգած էր մեծ քրոջը անունը:

Տային անգրագէտ էր: Բայց սիրեց մշակոյթն ու գրականութիւնը. իր տունը վերածեց փոքր մշակոյթի կեդրոնի մը, ուր հաւաքուեցան Քեսապի մշակութասէր տնօրէնները, անհատները եւ միասին երգեցին, ասմունքեցին, պարեցին ու անմոռանալի պահեր անցուցին:

Աստեղ կ՛արժէ յիշել, որ Նիկոլ Աղբալեան, Բարսեղ Կանաչեան, Սօսէ Մայրիկ, Վարդան Շահպազ եւ ուրիշ նշանաւոր հայեր երբ Քեսապ այցելէին, անպայման որ Տայիին հիւրը պիտի ըլլային:

Տային կը վայելէր բոլորին յարգանքը: Ան միշտ կը քաջալերէր բոլորը, մանաւանդ` երիտասարդները:

Երբ իր ծերութեան Տային քալելու անկարող դարձաւ, կը  նստէր իր աթոռին վրայ եւ այցելունէր կ՛ընդունէր: Նոյնիսկ բոլոր անոնք, որոնք դուրսէն Քեսապ կու գային այցելութեան,  անպայման կ՛այցելէին Քեսապի Մեծ հերոսին: Անոնք միասին կ՛երգէին ազգային- յեղափոխական երգեր, ու անոր աչքերէն ուրախութեան արցունքներ կը հոսէին: Մարին եւ իր դուստրերը մեծ սիրով կ՛ընդունէին բոլոր հիւրերը:

Միսաքոն եւ Տային անբաժան ընկերներ էին: Առաջինը միշտ կ՛այցելէր իր հարազատին եւ սիրելի բարեկամին, երբ այլեւս ան անկարող էր քալելու: Իսկ բժիշկ Աւետիս Ինճէճիկեանը երկար տարիներ մեծ սիրով ամէնօրեայ այցելուն էր, որ ուրախութեամբ կը ծառայէր Քեսապի նուիրեալ հերոս Տայիին:

Տային կը մահանայ 14 յունուար 1953-ին` իր ետին ձգելով օրինակելի հայ մարդուն տիպարը: Անոր թաղման օրը Քեսապի բոլոր դպրոցները եւ հաստատութիւնները գոց կը մնան, որպէսզի վերջին յարգանքը ցոյց տան անմահ հերոսին: Ան կը թաղուի Քեսապի գերեզմանին մէջ: Իր շիրիմին վրայ արձանագրուած են հետեւեալ տողերը.

«Քեզ հայ խրճիթ մը ծնաւ,
Հայ վիշտը քեզ օրօրեց,
Ու այդ վիշտին չափ մեծ եղար»

ԴԱՆԻԷԼ ՎԱՐՈՒԺԱՆ

Յիշատակը անթառամ մնայ Տայիին եւ բոլոր անոնց, որոնք իրենց լաւագոյնը ըրին եւ կեանքերնին զոհեցին հայ ժողովուրդի գոյատեւութեան:

Վարձքը կատար բոլոր անոնց, որոնք տարբեր ձեւերով օգտակար դարձան այս դժուար օրերուն հրատարակելու «Քեսապի Տային» գիրքը:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.