Քեսապի Ազգային Ուսումնասիրաց Միացեալ Ճեմարանը դժուարութիւնները շրջանցելով կը շարունակէ ուսումնական կեանքը
Քեսապի մէջ տեղի ունեցած «Գանձասար»-ի լրագրական սեմինարին առիթով, աշխատանքային խմբակներէն մէկը հանդիպում ունեցաւ Քեսապի Ազգային Ուսումնասիրաց Միացեալ Ճեմարանի տնօրէն Վարուժան Փանոսեանի հետ՝ ծանօթանալու Ճեմարանի ուսումնակրթական ընթացքին: Ստորեւ կը ներկայացնենք հարցազրոյցը.
«Գանձասար»- Ինչպէս գիտենք, Քեսապի մէջ հայերու ներկայութիւնը կ’երկարի Կիլիկիոյ թագաւորութեան օրերէն: Այստեղ իւրաքանչիւր հաստատութիւն ունի իր պատմութիւնը: Պատմեցէ՛ք խնդրեմ Ազգ. Ուսումնասիրաց Միացեալ Ճեմարանի անցեալէն։
Վարուժան Փանոսեան- Այս դպրոցը ունի 100 տարուան պատմութիւն:
1925-1930-ական թուականներուն կը բացուի Ուսումնասիրաց Միութեան Երկրորդական վարժարանը եւ ան կը հանդիսանայ Սուրիոյ առաջին հայկական երկրորդական վարժարանը:
1938-1958-ական թուականներուն, դպրոցը կ’ըլլայ ութամեայ (մինչեւ 8-րդ դասարան), 1958-1963-ին եօթամեայ, իսկ անկէ ետք միայն վեցամեայ նախակրթարան:
2003-ին ազգ. իշխանութիւնը պետական արտօնագիր կը ստանայ վարժարանը վերածելու միջնակարգ դպրոցի (իննամեայ) եւ 2005-2006 տարեշրջանին վարժարանը կ’ունենայ միջնակարգի առաջին շրջանաւարտ հունձքը: 2008-ին Քեսապի Ուսումնասիրաց վարժարանը իր դռները կը բանայ որպէս ճեմարան:
Յիշենք նաեւ, որ 2012-2014 թուականներուն ճեմարանը դասաւանդութեան ողջ աշխատանքը վստահած էր իր շրջանաւարտներուն:
2014-ին Քեսապի ժողովուրդի տեղահանութենէն ապա նաեւ վերադարձէն ետք, քեսապահայերուն հիմնական մտահոգութիւնն էր ճեմարանի վերականգնումը, գիտակցելով որ ան միակ միջոցն է քեսապահայութեան եւ շրջակայքը բնակող բազմաթիւ հայերուն հայապահպանումին եւ նորահաս սերունդներուն հայեցի ու ազգային կրթութիւն ջամբելուն:
«Գ.»- Գաղթը եւ պատերազմը նօսրացուցին քեսապահայութեան թիւը: Ներկայիս ճեմարանի աշակերտութեան պատկերը ի՞նչ է:
Վ.Փ.- Ներկայիս ճեմարան կը յաճախեն Քեսապէն եւ շրջակայ գիւղերէն հայ եւ արաբ աշակերտներ:
Վերջին տարիներուն, երկրի տնտեսական եւ պատերազմական իրավիճակին հետեւանքով, շատ մը ընտանիքներ գաղթեցին: Նուազեցան նաեւ ամուսնութիւնները եւ խախտեցաւ ընտանիքներ կազմելու բնական ընթացքը:
Այս պայմանները ժխտական անդրադարձ ունեցան ճեմարանի թուային պատկերին վրայ, բնականաբար, ուստի 2014-էն սկսեալ մեր աշակերտութեան թիւը նուազիլ սկսաւ:
«Գ.»- Երկրէն մեկնած Քեսապի շրջանաւարտները որքանո՞վ կ’օժանդակեն այս հաստատութեան։
Վ.Փ.- Երկրէն գաղթած ճեմարանի շրջանաւարտներէն մաս մը իր նիւթական եւ բարոյական օժանդակութիւնը կը տրամադրէ դպրոցին, սակայն յատկացուած նիւթական օժանդակութիւնը բաւարար չէ դպրոցին բազմաբնոյթ կարիքները հոգալու համար:
Մեծամասնութիւնը ճամբորդելէ ետք կը տարուի իր ապրուստով ու յաճախ կը մոռնայ ճեմարանն ու իր տնտեսական ծանր պայմանները այս օրերուն:
«Գ.»- Ճեմարանը այս օրերուն ինչպիսի՞ մարտահրաւէրներ եւ դժուարութիւններ կը դիմագրաւէ:
Վ.Փ.- Մեր հիմնական մտահոգութիւնը վառելանիւթի տագնապն է, որ կը ստեղծէ երթեւեկի եւ ձմրան դասարանները տաքցնելու դժուարութիւններ:
Կրթական գետնի վրայ մեր բոլոր հարցերը լուծուած են:
Այս ամառ Թ. եւ Ժ. կարգերու աշակերտները հայերէն լեզուի եւ գրականութեան գնահատանքի վկայագրեր ստացան: Նպատակը զիրենք քաջալերել էր: Ճեմարանէն ներս հայերէնի դասաւանդութեան մեծ կարեւորութիւն կը տրուի:
«Գ.»- Յաջողութիւն եւ բարի վերամուտ կը մաղթենք ձեզի, ուսուցչական կազմին եւ աշակերտներուն: Բարձր կը գնահատենք ձեր տարած աշխատանքը՝ ճեմարանը պահելու Քեսապի սերունդներուն համար կրթութեան լուսաւոր փարոսը:
Հարցազրոյցը վարեցին
Ժիրայր Կարապետեան
Մարի Գարակէօզեան