«Քեռի Թադօ» (Փեթարացի Թադօ). Յեղափոխութեան Հաւատարիմն Ու Անձնուրաց Մարտիկը

ԱՒՕ ԳԱԹՐՃԵԱՆ

Ազգային ազատագրական պայքարի էջերուն մէջ բազմաթիւ են խիզախագոյն ֆետայիներն ու հերոսները, որոնք յայտնուեցան 19-րդ դարու վերջին եւ 20-րդ դարու առաջին կէսին՝ հայ ժողովուրդի ազատագրական պայքարին իբրեւ արդիւնք։ Մեր յեղափոխական կռիւի ազատութեան ձայնը գոռաց անոնց զէնքերու փողերէն: Այդ պայքարին մէջ անոնք էապէս խառնուեցան հայրենի հողին, մարմնացան անոր լեռներով եւ վերածուեցան մեր յեղափոխութեան ապառաժին՝ մեր ժայռերուն պէս: Անոնցմէ շատերն իրենց պաշտած հայրենիքէն հեռու ունեցան կարօտով լեցուն սրտաճմլիկ օրեր:

Ասոնց կարգին էր հայ ազգային-ազատագրական շարժման գործիչ, դաշնակցական անձնուէր ֆետայի քեռի Թադոն, որ կանուխէն մասնակից դարձած է հայ յեղափոխական խմորումներուն՝ ինքնապաշտպանական կռիւներուն եւ տարիներ շարունակ զէնքը ձեռքին ամբողջութեամբ նուիրուած էր Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն կուսակցութեան ֆետայական գործունէութեան:

Անուն մը, որ շատ քիչերու ծանօթ է: Քեռի Թադոյի անունին առաջին անգամ ծանօթացայ, երբ պատանի տարիքիս անդամ էի Սուրիոյ պատանեկան միութեան շարքերուն: Հալէպի «Քեռի» (Արշակ Քաւաֆեան) մասնաճիւղի հինգ կարգերէն մէկը, որ մեր խումբն էր, անունուեցաւ «Քեռի Թադօ»:

Այդ օրէն ի վեր հետաքրքրութիւնս մեծ եղաւ, քանի որ այդ մասին բաւարար տեղեկութիւն ու գիտելիքներ չէր փոխանցուած մեզի եւ այս մէկը բաւական մտահոգած էր զիս:

Ուստի տարիներ շարունակ քեռի Թադոյի մասին զանազան արխիւներու մէջ պրպտումներ կատարած եմ, բազմաթիւ ընկերներու եւ իմ անմիջական պարագաներուս հարցուցած էի, որպէսզի յստակ տեղեկութիւններ հաւաքեմ անոր անձին շուրջ: Կենսագիրները շատ ժլատ գտնուած են անոր անձն ու գործը ըստ արժանւոյն յիշատակելու եւ ներկայացնելու իմաստով:

Այս մեկնակէտէն ելլելով եւ պատմական կարեւորութեան համար մեր ուսումնասիրութեան իբրեւ արդիւնք՝ այստեղ լուսարձակի տակ կ՚առնենք քեռի Թադոյի բեղուն, պատուաբեր ու սրտառուչ կենսագրականը:

Աւազանի անունով Թադէոս Սարգիս Պետրոսեան ծնած է Տարօն աշխարհի արծուեբոյներէն Փեթար գիւղը (երբեմն սխալմամբ նշուած է Բերդակ) 1874-ին:

Փեթար գիւղը կը գտնուի Արեւմտեան Հայաստանի Պիթլիսի նահանգի Մշոյ գաւառին մէջ՝ Մուշ քաղաքէն 7-8 քմ հարաւ՝ Սիմ (Կուրտիկ) լերան հիւսիսային լանջին: Գիւղի հարաւարեւմտեան կողմը կը գտնուէր Ս. Կարապետ եկեղեցին: 1880 թուականին ունեցած է 65 տուն՝ 1200 բնակիչով, 1890 թուականին՝ 65 տուն, իսկ 1909 թուականին՝ 30 տուն հայ բնակիչ:

Փեթար տուած է նշանաւոր հերոսներ, ինչպէս՝ Մանուկը (ծանօթ՝ Փեթարայ կամ սասունցի Մանուկ անունով), Թադոյի քեռայրը՝ Ախոն, Իսրօ Կորիւնը, Սանտրոն, Կիրակոսը եւ ուրիշներ:

Թադոյի հայրը՝ Սարգիս, մայրը՝ Մանուշակ, ունեցած են չորս մանչ եւ մէկ աղջիկ զաւակներ՝ Առաքել, Պետրոս, Թադէոս (Թադօ), Արամ եւ Շողիկ:

Թադոյի հայրը գիւղի հարուստներէն կը համարուէր․ 1000 գլուխ ոչխարի տէր էր: Սարգիս շփման մէջ կը մտնէ բոլոր հայ ֆետայիներու հետ, որոնք կու գային ու կ՚անցնէին Փեթար գիւղէն: Սարգիս նաեւ որոշ գործակցութիւն կ՚ունենայ հայ ֆետայիներու հետ: Պատանի Թադօ ուշի ուշով կը հետեւի հայ ֆետայիներուն, ու իր մէջ կ՚արթննայ յեղափոխական ոգին: Թադոյի հայրը կը խնդրէր, որ Թադոն տան մէջ մնայ, սակայն ինք լեռները կը բարձրանար: Ինչպէ՞ս տուն մնար, երբ հազարաւոր հայեր կը ջարդուէին:

Շրջան մը ետք Հրայր (Արմենակ Ղազարեան), որպէս Մուրատ Պոյաճեանի եւ Միհրան Տամատեանի գործակից, կը շրջի Սասնոյ եւ Տարօնի գիւղերը՝ կազմակերպչական աշխատանքներ տանելու: Հրայր կ՚այցելէ նաեւ Փեթար գիւղը, ուր իր խումբին առաջին անդամը կ՚ըլլայ քեռի Թադոն: 1893-ի աշնան Սասնոյ գիւղերը հանգիստ շրջան մը կ՚անցնէին: Սակայն Հրայր կը գուշակէ գալիք վտանգը:

Թուրքը յարմար առիթի կը սպասէր յարձակելու սասունցիներու վրայ, բայց սասունցին պատրաստ չէր կռուելու: Ֆետայիները բաւարար զէնք եւ ռազմամթերք չունէին: 1894-ի սկիզբները Հրայր իշխաններու խորհուրդով կ՚անցնի Խնուս, անկէ՝ Կովկաս՝ զէնք եւ ռազմամթերք բերելու Սասունի կռուողներուն: Հրայրի մեկնումէն ետք իր փոխարէն կը ղեկավարէ Մուրատ Պոյաճեանը: Այդ օրերուն թրքական պետութիւնը ստուար բանակներով կը քալէ Սասունի վրայ: Սասնոյ իշխանները՝ Մօսէ Գրքոյի գլխաւորութեամբ, մօտ հազար հոգի կ՚անցնին Կելիէկիւզան գիւղը դիմադրելու համար:
Առաջին անգամ ըլլալով քեռի Թադոն իր հօրը կողքին՝ այս օրհասական ճակատագրական կռիւին կը մասնակցի, ուր կը նահատակուի Սասնոյ իշխան Մօսէ Գրքոն: Թուրք եւ քիւրտ աշիրէթները, երբ կ՚իմանան Մօսէ Գրքոյի նահատակութիւնը, առիթէն օգտուելով՝ կ՚ուզեն սպաննել եւ թալանել հայ ժողովուրդը: Շուտով Մօսէ Գրքոյի տեղը կ՚անցնի Իշխան Պետոն, որ նոյնքան կտրիճ հերոս մըն էր: Թադոն կը մնայ Իշխան Պետոյի խումբին մէջ մինչեւ Հրայրի գալը Սասուն:

1894-ի վերջերը Հրայր կը վերադառնայ Կովկասէն այս անգամ իբրեւ Հ.Յ.Դաշնակցութեան ներկայացուցիչ ու Տարօնի Սասնոյ շրջաններուն մէջ հիմը կը դնէ Դաշնակցութեան: Թադոն շուտով կ՚արձանագրուի Հ.Յ.Դաշնակցութեան շարքերը:

Փեթար գիւղի Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն կուսակցութեան կազմաւորման մասին քեռի Թադոն հետեւեալ վկայութիւնը կը փոխանցէ. «Փեթար գիւղի կուսակցութեան ներկայացուցիչն էր Մելքոն Արոյեան. ան կրցաւ գիւղի երիտասարդները իր շուրջ համախմբել եւ կուսակցական դաստիարակութիւն տալ. ես մնացի հոն մինչեւ 1902, երբ Մանուկ կազմեց իր խումբը»:
«Օր մը լեռն էի, երբ թուրք մը խենչալով վրաս յարձակեցաւ, ես ալ ինչ ընեմ, չագմագլիով զարկի զինք. թուրքի արիւն տեսայ եւ անկէ շիտակ Անդրանիկին գացի, որ զիս իր բանակին մէջ առնէ: Այսպիսով՝ Անդրանիկին բանակին մէջ մտայ»,— կ՚ըսէ Թադոն:

1904-ին վրայ կը հասնի Սասնոյ մեծ ապստամբութիւնը: Ապրիլ ամսուան սկիզբը հայկական եւ քրտական երկու գիւղերու միջեւ ծագած մասնակի վէճ-կռիւ մը պատրուակելով՝ 10 հազարէ աւելի թուրք կանոնաւոր զօրք եւ 7 հազար զինեալ քիւրտեր կ՚անցնին ընդհանուր յարձակողականի, միանգամընդմիշտ ընկճելու համար հերոսութեան այդ բոյնը՝ Սասունը: 200 ֆետայիներ, իրենց հետ ունենալով ժողովրդային խաւերէ 800 զինեալներ, պատրաստ էին ճակատումի: Դիրքերը բաժնուած էին ֆետայիներուն միջեւ՝ Հրայր Դժոխքի, Անդրանիկի եւ Գէորգ Չաւուշի ընդհանուր հրամանատարութեամբ:

Թրքական բանակը 3 ուղղութեամբ կը յառաջանայ դէպի Քոփ, կեդրոնը՝ Կուրտիկի վրայ Շենիկ եւ Սեմալ, իսկ երրորդը՝ Ղըզըլաղաճի վրայով դէպի Ալիանք: Սասնոյ կռիւներուն մէջ կը տեսնենք սասունցի Մանուկը՝ իր խումբով. այս կռիւներուն Թադոն ցոյց տուաւ իր քաջագործութիւնները:

Ամբողջ 3 շաբաթ կռիւները կը մղուին շատ բուռն: Թրքական զօրքերը որքան կը խստացնեն իրենց պաշարման օղակը, նոյնքան հերոսական ու հարուածող կը դառնայ հայ յեղափոխականներուն դիմադրութիւնը: Իսկ հոն, ուր ժողովուրդը կոտորածէ փրկելու համար ֆետայիները կռիւով զանոնք կը փոխադրեն ուրիշ գիւղ մը, պարպուած գիւղերը կ՚այրուին նոյն ինքն գիւղացիներուն ձեռքով, որպէսզի թշնամին չտիրանայ կռիւի ապահով դիրքերուն: Կենաց-մահու այդ բուռն կռիւներուն մէջ է, որ կը նահատակուի Հրայր Դժոխք, 26 ապրիլին, Կելիէկուզանի կռիւին, որմէ ետք ամբողջ երեք օր թրքական թնդանօթներու շարունակական ռմբակոծումներուն ենթարկուելէ ետք Հ.Յ.Դաշնակցութիւնը կ՚որոշէ Սեբաստացի Մուրատի ղեկավարութեամբ եւ 117 հոգինոց զինեալ խումբի մը առաջնորդութեամբ մէկ կողմէ՝ Սասնոյ ժողովուրդը ապահով շրջաններ փոխադրել, իսկ միւս կողմէ՝ ֆետայական ցրուած խումբերով եւ լեռներու մէջ պահուտած գիւղացիներով ապստամբութիւնը շարունակել: Հերոսական այդ կռիւներուն կը զոհուի նաեւ Վահան Մանուէլեան (Տողրամաճեան), 16 մայիս 1904-ին:

Մահու-կենաց կռիւին մէջ մահէն չխուսափող հայ ֆետայիներու մարտական կորովն ու հմտութիւնները անսահման էին: Այդ ֆետայիներու շարքին նաեւ ցայտուն էր քեռի Թադոյի՝ իբրեւ քաջ ֆետայիի, խիզախ մարտիկի եւ յանդուգն ռազմիկի, դիւցազնական հերոսութիւնը:

Այս ապստամբութենէն վերջ ֆետայիները կը մեկնին Աղթամար, Գէորգ Չաւուշ կը վերադառնայ կրկին Սասուն: Սասունցի Մանուկի խումբը կը միանայ Գէորգ Չաւուշի խումբին մինչեւ Գէորգի մահը. անկէ ետք Մանուկ եւ Ախօ կը գործեն Կուրտիկի (Սասուն) լեռնաշղթայի երկու կողմերը, Մշոյ դաշտի եւ Սասունի շրջանները:

Սահմանադրութեան օրերուն քեռի Թադոն կ՚անցնի Պիթլիս, ժամանակ մը ետք կը վերադառնայ իր ծննդավայրը ու կը միանայ Մանուկի խումբին:

1914-ին, Մեծ եղեռնի նախօրեակին, Ռուբէն Տէր Մինասեան եւ Գառնու Մկրտիչ կ՚անցնին Փեթար՝ որպէս պատասխանատու կազմակերպիչներ: Ռուբէնի որոշումով տեղի կ՚ունենայ խորհրդակցական ժողով մը, ուր Ռուբէն կը խօսի գալիք վտանգի մասին: Այդ ժողովին կը մասնակցին Իսրօ Կորիւնը, Փեթարայ Կիրակոսը, Ախոն, սասունցի Մանուկը (այն ժամանակ Դաշնակցութեան ներկայացուցիչն էր Փեթար գիւղի), քեռի Թադոն եւ ուրիշներ: Ժողովը իր որոշումները տալէ ետք անմիջապէս կ՚անցնի կազմակերպչական աշխատանքներու:

Սասունցի Մանուկն իր հետ ունենալով քեռի Թադոն, Իսրօ Կորիւնը, Փեթարայ Կիրակոսը եւ Ախոն՝ կ՚անցնի Քարցուր (Ալաշկերտի գաւառ), Խորոնք, Պլէր, Գոմէր, Սընզնուտ, Ղըզըլաղաճ, Շէյխլան, Քիւրտ Մէյտան (Մուրատ գետը անցնելով), Աւզախբիւր, Զիարաթ, Մեղտին, Ս. Կարապետ եւ Վարդոյի շրջանները կազմակերպելու:

Իսկ Ռուբէն իր խումբով կ՚անցնի Ցրօնք, Ալիճան, Սուլուխ եւ Ջրիկ, ուր կը հանդիպի Իսրօ Կորիւնին ու միասին կ՚անցնին ուրիշ շրջաններ կազմակերպելու համար:

1915-ի յունուարէն սկսեալ՝ Սասունի եւ Տարօնի ֆետայիները սկսած էին ապստամբութեան դիրք բռնել: Մարտ եւ ապրիլ ամիսներուն թրքական եւ քրտական խուժանները պաշարած էին Սասունը ու սկսած էին կռիւները:

Սասնոյ բարձունքներուն վրայ ժողովուրդը հինգ ամիսէ աւելի կեանքի եւ մահու արիւնալի գոյամարտով ոտքի կանգնած՝ իր հերոսական նահատակութեամբ իր գոյութիւնը կը պահէր եւ կը սպասէր օգնութեան, որ բաւական ուշացած էր: Այնուհետեւ գիւղերը հրոյ ճարակ կ՚ըլլային, իսկ պաշարը կը սպառէր: Սակայն ֆետայական փոքր խումբեր տակաւին կը մարտնչէին հերոսաբար Ս. Կարապետի անտառներու եւ զանազան լեռնամասերու մէջ մինչեւ արեան վերջին կաթիլ:

Ափսոս, Սասունը պարտուեցաւ: Այս մարտերու ընթացքին արձանագրուեցան թանկագին նահատակներ: Եղան նաեւ վերապրողներ, որոնց կարգին էին սասունցի Մանուկը, քեռի Թադոն, Ախոն, Տիգրան Գանարեանը, սպայ Միսաքը եւ ուրիշներ: Մազապուրծ ազատողներէն ոմանք Ռուբէնի եւ Կոմսի (Վահան Փափազեան) հետ անցան Մանազկերտ:

Քեռի Թադոն կարճ ժամանակ մը մնալէ ետք Մանուկի հետ ձիաւոր խումբով կը վերադառնայ Ծովասարի շրջանը՝ այնտեղ մնացած հայ բեկորները ազատելու, որոնք պաշտպանուած էին Շեկոյի տան քիւրտերու կողմէ:

1914-1917-ի ժամանակահատուածին մէջ քեռի Թադոն մասնակցած է Պիթլիսի, Մուշի եւ բազմաթիւ այլ գիւղերու եւ քաղաքներուն մէջ տեղի ունեցած մարտերուն՝ քիւրտերուն, թուրքերուն եւ թաթարներուն դէմ:

1917-ին քեռի Թադոն կ՚անցնի Պուլանըխի կողմերը, ապա՝ Քոսուր եւ Մուշ: Որմէ ետք ան կը միանայ Սասունի գունդին, որ Մշոյ դաշտին մէջ կը գործէր Մանուկի, Չոլոյի (Յարութիւն Աբրահամեան), Մօրուք Կարոյի (Կարապետ Աւոյեան) եւ Ղազարի ղեկավարութեամբ:

Այնուհետեւ Սասունի եւ Տարօնի հայ բեկորները զինուած՝ Մասիսի բարձունքներէն վար կ՚իջնեն դէպի Արարատեան դաշտը:

Քեռի Թադոն, միանալով զօրավար Սեպուհի խումբին, իր մասնակցութիւնը կը բերէ Սարտարապատի պատմական մեծ ճակատամարտին:

Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան օրերուն քեռի Թադոն Փեթարայ Իսրոյի, Մանուկի, Մուշեղի, Ախոյի, Չոլոյի, ու միւս ընկերներուն հետ Թալինէն սկսած մինչեւ Միլլի ձոր, Աղուտ-Վաղուտ ու Զանգեզուր, Հայաստանը կը մաքրեն թաթար ու քիւրտ թշնամիներէն ու անոնց գիւղերուն մէջ կը տեղաւորեն Տարօնի գաղթականները:

Պոլշեւիկներու Հայաստան մուտքով եւ Հայաստանի մէջ խորհրդային կարգերու հաստատուելէ ետք լուծուած էին նախկինէն մնացած բոլոր զօրամասերը՝ բացի Տարօնի զօրամասէն, որ զօրավար Սմբատի հրամանատարութեան տակ էր: Զօրավարի հիւանդութեան պատճառով անոր պաշտօնը կը ստանձնէ Մուրատը եւ «կարմիր» անունը ստանալով՝ կը մեկնի Արագած եւ այլ գիւղեր:

Հայաստան մտնելու առաջին օրէն Յեղկոմը կ՚անցնի գործնական աշխատանքի: Անմիջապէս թշնամական դիրք կը բռնէ երկրի ոչ պոլշեւիկ տարրին հանդէպ՝ զայն նկատելով հակայեղափոխական: Շուտով կը կազմուի Չեկան ՝ գաղտնի ոստիկանութիւնը եւ կը լծուի բռնակալ աշխատանքի: Ձերբակալութիւններ կը կատարուին երկրի բոլոր շրջաններուն մէջ` սկսեալ գործաւորներէն մինչեւ մտաւորականներ:
Այսպէս՝ կը ձերբակալուին հեղինակաւոր դաշնակցական գործիչներ, եւ Չեկայի զնտանները կը նետուին Համօ Օհանջանեան, Ռուբէն Դարբինեան, Վահան Նաւասարդեան, Լեւոն Շանթ, Յովսէփ Տէր Դաւթեան, Նիկոլ Աղբալեան, Յովհաննէս Քաջազնունի, Արշալոյս Աստուածատրեան, Վարոս Բաբայեան, բժշ. Յ. Մելիքեան, Գ. Վարշամեան, խմբապետ Համազասպ (Սրուանձտեան) եւ սոցիալ-դեմոկրատ ղեկավար Բախշի Իշխանեան:

Բանտերու մէջ Չեկայի հրամանով գաղտնաբար գնդակահարութիւններ կը գործադրուին․ պոլշեւիկներու ձեռքով կը կացինահարուին Համազասպը, գնդապետ Ղորղանեանը եւ 30 ուրիշներ: Բանտերուն մէջ կուտակուածներու թիւը կը հասնէր 2.200-ի՝ բացի Չեկայի մէջ եղածներէն:

Երեւանի բանտին մէջ կային 900, Էջմիածին` 400, Ախտա` 150, Աշտարակ` 240, Ելենովա` 30, Նոր Բայազէտ` 150, Ղամարլու` 120 հոգի:

Քեռի Թադոն 18 փետրուար 1921-ին Կարօ Սասունիի գունդին միանալով՝ կը մասնակցի Փետրուարեան ապստամբութեան համաժողովրդային շարժումին՝ սասունցի ձիաւորներու հետ Էջմիածինէն արշաւելով դէպի Երեւան։

Փետրուարեան ապստամբութեան օրերուն Չեկայի կատարած անմարդկային արարքներուն, Էջմիածնի բանտին մէջ բանտարկեալներու ազատումին, ինչպէս նաեւ Մուրատի մասին այսպէս կը նկարագրէ քեռի Թադոն. «Խմբապետ սասունցի Մուշեղի խումբին մէջ էին սասունցի կռուող ուժերը, իսկ մենք՝ մշեցիներս, խմբապետ Մուրատի հետ էինք: 175 ձիաւորներ Էջմիածինի վրայ յարձակեցանք, որպէսզի ազատէինք բանտարկեալները: Մուրատ տասնեակ մը տղոց հետ մնաց Էջմիածինի կեդրոնը, որպէսզի արգելք հանդիսանայ Չեկայի կողմէ կատարուելիք յարձակումին: Իսկ մենք անվախ կերպով մօտեցանք բանտի դռներուն:

Մեր ուժերը կռուելով երբ կը մօտենային բանտին, մեծ զարմանք պատճառեց մեզի, երբ տեսանք, որ ժողովուրդը որը բահով, որը կացիններով կը յարձակէին Չեկայի վրայ: Այս շատ լաւ ազդեցութիւն ըրաւ մեր վրայ: Իրենց բերած կացիններովն էր, որ բանտի դռները կոտրելով՝ ազատեցինք բանտարկեալները: Մուրատ իր ճերմակ ձիուն վրայ նստած՝ կը շրջէր մեր չորս կողմը: Չեկան տեսնելով այս՝ ստիպուեցաւ նահանջելով անցնիլ Երեւան»:

1925-ին՝ Վարդավառի կիրակիի գիշերը, Դաւիթ Դաւոյի (Գարեգին Մովսէսեան) եւ իր քրոջ որդիին՝ Արտաշէս Ստեփանեանի հետ կ՚ահաբեկեն ներքին Աղաճա Ղալա գիւղի խորհուրդի նախագահ լրտես Մանուկ Խուրշոյեանը:

Այդ օրերուն Չեկան բազմաթիւ նշանաւոր դաշնակցականներ կը ձերբակալէր, ինչպէս՝ Արտաշէս Ստեփանեանը, Պետօ Ղազարը, Հռիփսիմէ Մուշեղեանը, Արաբոյի հօրեղբօր որդին՝ Յակոբ Երէցեանը, բժիշկ Միքայէլ Մելիք-Մուրատեանը եւ շուրջ 120 հոգի՝ իբրեւ դաշնակցականներ:

Քեռի Թադոն հին ու փորձառու ֆետայի էր, քաջածանօթ էր համայնավարներուն. ձերբակալումէ փախելով՝ շուտով լեռ կը բարձրանայ: Կարճ ժամանակ մը յետոյ, երբ Պետօ Ղազար (Ղազար Պետոյեան) կ՚ազատի, երբ մէկ շաբաթ ետք կ՚իմանայ, որ զինք կրկին պիտի ձերբակալեն, լեռ կը բարձրանայ. հոն կը հանդիպի Մօրուք Կարոյին, քեռի Թադոյին, հարիւրապետ Մխիթար Վարդանեանին, ասորի Միքայէլին եւ ուրիշներու:

Անոնք մինչեւ 1929-ի վերջը կը մնան լեռներու վրայ ապաստանած:

Քեռի Թադոն կ՚որոշէ խումբ մը ընկերներու հետ անցնիլ Թեհրան. այսպէս՝ 38 հոգիէ բաղկացած խումբ մը 1930-ին ճամբայ կ՚ելլէ դէպի Թեհրան: Երեք ամիս խումբը բաւական ծանր դժուարութիւններէ ետք հազիւ 13 հոգի մնացած՝ կը հասնին Թաւրիզ՝ իրենց հետ ուղեցոյց ունենալով հին ու փորձառու սուրհանդակ վալատ Դաւոն:

Հազիւ քանի մը ամիս անցած էր, հայ խորհրդային կուսակցական եւ պետական գործիչ, ԽՍՀՄ համայնավարական կուսակցութեան անդամ, Հայաստանի կեդրոնական կոմիտէի առաջին քարտուղար (1930-1936) Աղասի Խանճեանը սուտ ներում կը շնորհէ հայ փախստականներուն: Խումբէն մաս մը կը վերադառնայ Հայաստան, իսկ քեռի Թադոն, Պետօ Ղազարը եւ Մօրուք Կարոն չհաւատալով այս սուտ ներումին՝ կը մնան Պարսկաստան:

Այնուհետեւ քեռի Թադոն Ռեւանտուզի (այժմ՝ Իրաքի մէջ) վրայով կ՚անցնի Իրաք, ապա՝ Սուրիա՝ նախ՝ Գամիշլի, ապա՝ Հալէպ:

1934-ին քեռի Թադոն շատ կը փափաքէր անցնիլ Պարսկաստան՝ անկէ անցնելու Հայաստանի սահմանը, կինն ու իր երկու դուստրերը իր հետ բերելու, սակայն չի յաջողիր:

Ժամանակ մը կը մնայ Հալէպ: Մեր սերունդը եւ աւելի երէցները կը յիշեն Հալէպի Թիլէլ պողոտայի վրայ գտնուող ՀՄԸՄի ակումբը, որ ինքնուրոյն դեր ունեցած է երբեմնի հայ կեանքին մէջ: Հոն կը գործէին ՀՄԸՄը, Հայ երիտասարդաց միութիւնը, միութենական մարմիններն ու «Քրիստափոր» գրադարանը: Ընկերային այս օճախը շատերուն երկրորդ տունը դարձած էր: Քեռի Թադօ շրջան մը բնակած է վերոնշեալ ակումբի հնամենի արաբական բակի երդիքին տակ՝ առաջին յարկը, փոքր սենեակի մը մէջ, ուր յատուկ ուշադրութեան արժանի եղած է:

Այնուհետեւ կ՚անցնի Պէյրութ: Երկար ժամանակ Պէյրութ մնալէ յետոյ ծերութեան պատճառով զինք կ՚ուղարկեն Հալէպի հայ ծերանոցը: Քեռի Թադոն ծերանոցին մէջ իր բնակութեան ընթացքին հոն պատսպարուողներու եւ անմիջական շրջապատին կողմէ անխտիր շատ սիրուած եւ յարգուած էր իր լաւ բնաւորութեան ու մանաւանդ, որ մարտնչած ու կեանքը նուիրաբերած էր հայ ազգին համար: Անոր կեանքը իսկական վէպ էր եղած:

Քեռի Թադոն իր վերջին տարիներուն ամէն առիթին առօրեայ խօսակցութեան ընթացքին խիստ ցաւ կը զգար՝ ի տես օտար երկիրներու ճոխութեան հրապուրող մաս մը հայերու մեկնումին, ինչ որ պատուհաս է․ իր անմիջական Մուշի գաւառաբարբառի խօսակցութեամբ յաճախ կ՚ըսէր, թէ աւելի լաւ է կատուի գլուխ ըլլալ, քան՝ առիւծի պոչ:

Անոր ամէնէ մեծ երազն էր Հայաստան մեկնիլ եւ հոն իր կեանքի վերջալոյսը իր հարազատներուն մօտ անցնել։ Այս յոյսով անհանգիստ կ՚ըլլար եւ օր առաջ անհամբեր կը սպասէր անցագրին պատրաստութեան եւ շուտով մեկնելուն, երբ, աւա՜ղ, չիրականացաւ իր երազը, եւ ան մահացաւ 1 հոկտեմբեր 1967-ին Հալէպի հայ ծերանոցին մէջ՝ հայրենիքի եւ իր հարազատներուն կարօտը սրտին:
Դաշնակցական ֆետայի քեռի Թադոյի անշնչացած մարմինը հայ ծերանոցէն կը փոխադրուի Նոր Գիւղի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցի, ուր ազգային եւ կուսակցական շարքային ընկերներու ու երիտասարդներու հոծ բազմութիւն մը ներկայ կ՚ըլլայ՝ յարգանքի վերջին տուրքը տալու ազգային հերոսին դաշնակցական ֆետայիի անշնչացած մարմինին առջեւ։ Իր յոգնատանջ մարմինը եկեղեցական բարձր դասու կարգադրութեամբ, փառաւոր յուղարկաւորութեամբ մը ամփոփուեցաւ ազգային գերեզմանատունը՝ բազմաթիւ ծաղկեպսակներու շուքին տակ:

Քեռի Թադոն, ազգային դատի իրականացման ի խնդիր, երկար տարիներուն պայքարին մէջ արտակարգօրէն եղած է յանդուգն: Ան ունէր խնամուած փալապեխ մը, անոր տակ ժպիտ մը՝ զարմանալի կերպով միախառնուած զայրոյթի ու հաւատքի: Իր մարմնական տոկունութիւնը, մագնիսական արծիւ աչքերով իր բարձրադիր գլուխը ներշնչարան եղած են իր յաջորդներուն՝ իբր խորհրդանիշ հզօրութեան ու յանդգնութեան:

Քեռի Թադոյի յիշատակը յարգելու եւ վառ պահելու համար տարիներ շարունակ, պարտք զգացած եմ, մինչեւ օրս ամէն անգամ, որ առիթը ունենամ ազգային գերեզմանատուն այցելել եւ անմիջական ննջեցեալ պարագաներուս եւ կարգ մը անուանի գործիչ-մտաւորականներու ու հերոսներու շիրիմներուն այցելութեանս կարգին անպայման ուխտաւորի մը պէս կ՚այցելեմ նաեւ Թադոյի գերեզմանը եւ անոր յիշատակին աղօթք ու պտղունց մը խունկ կը ծխեմ: Այս յիշատակի արարողութեանս շատ անգամ ուրիշներ ալ մասնակից դարձուցած եմ, ինչպէս նաեւ՝ սերունդներ դաստիարակելու ընթացքին տարիներ առաջ պատանիներս ալ:

Այստեղ քեռի Թադոյի հարուստ կենսագրութեան աւարտին խիստ կարեւոր կը նկատենք մեր ուսումնասիրութեան ընթացքին յայտնաբերած, կարեւոր քանի մը կէտեր պարզաբանելու․

ա. Անոր բուն անուն-ազգանունը կարգ մը տեղեր յիշատակուած են Յարութիւն Սարգիսեան:
բ. Ծննդեան եւ մահուան թուականները շփոթ ստեղծած են, գերեզմանին վրայ արձանագրուած է 1893-1968, սակայն այլ տոմարներու մէջ՝ 1874-ին ծնած եւ մահացած՝ 1963-ին:

Եզրակացնելով՝ կարելի է ըսել, որ քեռի Թադօ պատանի տարիքէն հայրենակիցներուն հանդէպ իրագործուած անարդարութեան իբրեւ արդիւնք՝ նետուած է դէպի ազատագրական պայքար ու եղած է Զօրավար Անդրանիկի, Քեռիի, Սմբատի եւ Սեբաստացի Մուրատի մարտական գումարտակներուն մէջ եւ ծառայած անոնց 14 տարիներ՝ մասնակցելով միշտ յառաջապահ դիրքի վրայ, շատ մը դիւցազնական կռիւներու, արհամարհելով մահը ու երազելով միշտ հայրենիքի ազատագրումը:

Ծառայած է ամբողջական նուիրումի եւ գերագոյն զոհաբերութեան ոգիով, անձնուիրաբար եւ անշահախնդիր՝ հետամուտ ըլլալով հայրենիքի ազատագրման եւ մեր ազգային ճակատագրի վերափոխման:
Գրող, հրապարակախօս Սպարտակ Ղարաբաղցեան առիթով մը սասունցի իր ընկերոջը, որ բնակութիւն հաստատած էր Գամիշլի (Սուրիա), անոր յուշերը արձանագրելով իր «Արեւի բնակավայրը» պատմուածքներու գիրքին (2016) մէջ՝ քեռի Թադոյի մասին կ՚անդրադառնայ «Հալէպ» բաժինի «Ղամիշլի» պատումին մէջ (էջ 166) հետեւեալ տողերով. «Յիշողութիւնը յորդում էր… մի պահ դադար առնելուց յետոյ շարունակեց,—…ի՜նչ տղաք ունէինք. ցերեկները խանութպան, հացթուխ, ոսկերիչ էին, գիշերները՝ վրիժառու վագրեր: Գաղտնի, աննկատ սահմանը կանցնէին՝ թուրք որսալու։ Երկու մարդ գիտէին՝ քեռի Թաթոն ու հայրս… սահմանից այն կողմ քեռի Թաթոն հաւատարիմ քիւրտեր ունէր. նրանք զգուշացրել էին, որ գաղտնի ոստիկանութիւնը հոտն առել է, ու առ ժամանակ «թուրք որսալու» գործողութիւնը պէտք է կենայ, դադրի»:

Վերջապէս, քեռի Թադոն առինքնող մարմնաւորումն է եղած մարտունակ քաջութեան, յեղափոխական կամքի ու անկեղծ զինուորի նկարագրին՝ մարմնաւորելով անհաւասար ուժերով ու յանուն գաղափարի մղուած յարատեւ կռուի մէջ մազերը ճերմկցուցած, բայց յոգնութիւն եւ ծերութիւն չճանչցող անկեղծ դաշնակցականին եւ անբասիր ֆետայիին:

Իբրեւ այդպիսին՝ հայ ժողովուրդի հերոսական դէմքերու լուսապսակ մատեանին մէջ ահաւասիկ կ՚արձանագրենք խիզախ, յեղափոխութեան հաւատարիմ ու անձնուրաց մարտիկի անուն մը եւս, որ իր ուրոյն տեղը գտնէ մեր հայ յեղափոխական դէմքերուն շարքին: Որպէսզի ան դիւցազուններու կարգին ըստ արժանւոյն, յաւէտ ապրի հայ ժողովուրդի յիշողութեան մէջ:

____________________

Օգտագործուած աղբիւրներ

– Անձնական արխիւներ:
– Աւօ, «Յեղափոխական ալպոմ», Գ. շարք, թիւ (28) 4, Հալէպ, 1960:
– Աւօ, «Յեղափոխական ալպոմ» (Ազատագրական պայքարի յուշամատեան), 8-րդ հատոր, թիւ 9 (93), Պէյրութ, 1971:
– Խատիսեան Ալեքսանդր, «Հայաստանի Հանրապետութեան ծագումն ու զարգացումը», Պէյրութ, 1968:
– Մանճիկեան Յակոբ, «Յուշամատեան Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան», (100-ամեակ, Ալբոմ – Ատլաս, Ա. Հատոր – Դիւցազնամարտ, 1890-1914), Լոս Անճելըս, Քալիֆորնիա, 1992:
– Ռուբէն [Տէր Մինասեան], «Հայ յեղափոխականի մը յիշատակները», Ա. հատոր, Բ. հրատարակութիւն, Պէյրութ, 1972:
– Ռուբէն [Տէր Մինասեան], «Հայ յեղափոխականի մը յիշատակները», Բ. հատոր, Բ. հրատարակութիւն, Պէյրութ, 1973:
– Ռուբէն [Տէր Մինասեան], «Հայ յեղափոխականի մը յիշատակները», Գ. հատոր, Բ. հրատարակութիւն, Պէյրութ, 1974:
– Ռուբէն [Տէր Մինասեան], «Հայ յեղափոխականի մը յիշատակները», Դ. հատոր, Բ. հրատարակութիւն, Պէյրութ, 1975:
– Ռուբէն [Տէր Մինասեան], «Հայ յեղափոխականի մը յիշատակները», Ե. հատոր, Բ. հրատարակութիւն, Պէյրութ, 1977:
– Ռուբէն [Տէր Մինասեան], «Հայ յեղափոխականի մը յիշատակները», Զ. հատոր, Բ. հրատարակութիւն, Պէյրութ, 1979:
– Սասունի Կարօ, «Փետրուարեան ապստամբութիւնը (1921 թ.)», Պէյրութ, 1970:
– Վրացեան Սիմոն, «Կեանքի ուղիներով», հատ. Զ., Պէյրութ, 1967:

 «Դրօշակ» թիվ 4 , 2023

Comments are closed.