Փաշինեան Հայաստանի Անունով Կ՛առաջարկէ ԵԱՀԿի Մինսքի Խումբը Լուծարել

Իլհամ Ալիեւի սպառնալից յայտարարութիւններէն երկու օր ետք, Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան տարածաշրջանին մէջ խաղաղութիւն հաստատելու համար Հայաստանի Հանրապետութեան անունով 12 կէտերէ բաղկացած, որոնց կարգին՝ ԵԱՀԿի Մինսքի խումբը լուծարելու առաջարկը ներկայացուց:

Պաքուէն մնայուն կերպով կը հնչէ Արցախի հարցի կարգաւորման համար 33 տարի առաջ ստեղծուած Մինսքի խումբը լուծարելու պահանջը: Հեռանկարը չբացառող, բայց մինչեւ վերջերս անոր վտանգներուն մասին խօսող Փաշինեան 9 Յունուարին ի՛նք առաջարկեց եռանախագահութեան լուծարումը:

Պաքու Մինսքի խումբի լուծարումը կը հիմնաւորէ հետեւեալ ձեւով. «Եթէ Հայաստան Ղարաբաղը կը ճանչնայ իբրեւ Ատրպէյճանի մաս, իսկ Մինսքի խումբը Ղարաբաղի հարցի լուծման համար կազմուած է, ի՞նչ կարիք  կան անոր պահպանման»։

Երկու շաբաթ առաջ, Փաշինեան կառուցողական արտայայտուելով Միացեալ Նահանգներու, Ֆրանսայի ու Ռուսիոյ եռանախագահութեամբ գործած Մինսքի խումբի լուծարման գաղափարին մասին՝ նաեւ շեշտեց, որ Հայաստան կ՛ուզէ համոզուիլ, որ՝ «հէնց այս նոյն տրամաբանութեամբ է հարցին մօտենում Ադրբեջանը, եւ նրա մղումը, ասենք, օրինակ, այսպէս կոչուած «Արեւմտեան Ադրբեջանի» խօսոյթի զարգացմամբ Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքի նկատմամբ ագրեսիւ (յարձակողապաշտ) քաղաքականութիւն իրագործելը չէ»:

12 կէտերու շարքին 9 Յունուարին Փաշինեանի առաջարկներուն ամէնէն վերջինը  Մինսքի խումբի լուծարմանն է: Փաշինեան նախ կոչ ուղղեց՝ փոխադարձաբար հրաժարելու կացութիւնը սրող խօսոյթներէն, ապա շարունակել սահմանազատման գործընթացը, կնքել Խաղաղութեան պայմանագիր, ապաշրջափակել կապուղիները` Ատրպէյճանի փոխանցած Հայաստանի առաջարկներով: Փաշինեան կրկնեց նաեւ զինադադարի դրութեան խախտումներու միացեալ հետաքննութեան եւ սպառազինութիւններու փոխադարձ վերահսկման գործիքակազմեր հաստատելու առաջարկները, որոնց ամիսներէ ի վեր Պաքու չէ արձագանգած։

Երեք լեզուներով` հայերէն, անգլերէն եւ ռուսերէն գրառման մէջ կէտեր կան նաեւ պահուող անձերու հարցերը լուծելու, ինչպէս գրած է` ներառեալ, բայց ոչ միայն միջազգային դատական ատեաններուն մէջ իրարու նկատմամբ առաջադրուած պահանջներէն հրաժարելու, երկու երկիրներէ գաղթականներուն վերաբերեալ հարցերը քննարկելու մասին:

ՊԱՔՈՒ ԿՈՉ ՈՒՂՂԵՑ՝ «ԽՕՍԵԼՈՒ ՓՈԽԱՐԷՆ ԳՈՐԾԵԼՈՒ»

Փաշինեանի առաջարկին արձագանգեց Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Այխան Հաճիզատէ` դարձեալ ընկերային ցանցերու վրայ գրառումի մը ճամբով կոչ ուղղելով՝ խօսելու փոխարէն գործելու: Առանց Հայաստանի վարչապետին առաջարկներէն որեւէ մէկուն բովանդակային կերպով պատասխանելու` Հաճիզատէ Պաքուի թերահաւատութիւնը արտայայտեց, թէ Հայաստան խաղաղութիւն կ՛ուզէ:

«Փաշինեանի յայտարարութիւնները չեն կրնար Հայաստանի բարի մտադրութիւններուն վկայութիւնը ըլլալ», գրած է ան «Էքս»ի իր էջին վրայ՝ արձանագրելով. «Ուշագրաւ է, որ ձեր «խաղաղասէր պատմութիւնը» կ՛անտեսէ տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեան եւ կայունութեան հաստատման ամէնէն կարեւոր բաղադրիչը` յարգանքը պետութիւններու տարածքային ամբողջականութեան եւ գերիշխանութեան նկատմամբ»։

Ըստ անոր՝ «եթէ Հայաստան իսկապէս շահագրգռուած է դրացիներուն հետ խաղաղութեան հաստատումով, ինչո՞ւ ամէն ձեւով կը հրաժարի ազատելէ Սահմանադրութեան եւ ազգային օրէնսդրութեան մէջ յիշատակուած տարածքներէն , զորս դուք կը կոչէք «Արեւմտեան Հայաստան» եւ «Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւն», (Հաճիզատէ նկատի ունի Հայաստանի Մայր օրէնքին մէջ յիշատակուած Անկախութեան հռչակագիրը):

Comments are closed.