Ցաւակցական՝ Հայկ-Արամ Առաքելեանի մահուան առթիւ. Ս. Յակոբի համայնքին ինքնակերտման բարերար մը հեռացաւ կեանքէն
Մեր համայնքի յանձնառու, վաստակաւոր եւ բարերար նախկին անդամ՝ Կիլիկեան Իշխան Հայկ-Արամ Առաքելեանի մահուան մասին խոր ցաւով լսեցինք, եւ ապա կարդացինք Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան Թեմի Ազգային Առաջնորդարանի գոյժը։
Հայկ-Արամ Առաքելեան յետ երկարատեւ հիւանդութեան՝ իր մահկանացուն կնքեց Շաբաթ, 24 Օգոստոս 2024-ին։ Թաղման Կարգը պիտի կատարուի Ուրբաթ, 6 Սեպտեմբերի ժամը 13.00-ին, Կլենտէյլի (Գալիֆորնիա, ԱՄՆ) Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ մէջ։
Ս. Յակոբի համայնքին ինքնակերտման առաջին հանգրուանին մէջ, Հայկ-Արամ ազգային եւ եկեղեցական ծառայութիւններ ստանձնած էր ամբողջական նուիրումով եւ եռանդով։ Ապա նաեւ՝ երկրորդ հանգրուանի առաջին տասնամեակին, մինչեւ մեկնիլը Միացեալ Նահանգներ։
Որպէս եկեղեցւոյ անդամ՝ թէ՛ ծիսական կեանքին իր մասնակցութեամբ, թէ՛ իբրեւ հոգաբարձու եւ ազգային երեսփոխան՝ գովելի ներդրում ունեցած էր։ Եւ երբ համայնքային այժմեան կեդրոնը պիտի կառուցուէր՝ ան քաջալեր հանդիսացած էր, եւ ընդառաջած էր ստանձնելու նուիրատուութիւնը մարզարանին։
Հայկ-Արամ Առաքելեան Միացեալ Նահանգներ փոխադրուելէն ետքն ալ, Արեւմտեան Թեմին իր բարերարութեան քովն ի վեր՝ շարունակած էր Մոնթրէալի իր սիրեցեալ համայնքի ազգային, եկեղեցական ու կրթական գործունէութիւններուն սատարել։
Պօղոս առաքեալ իր նամակներէն մէկուն մէջ, Երուսաղէմի կարիքներուն հասնելու համար յորդորած էր, ըսելով. «Յիշեցէ՛ք, թէ ով որ քիչ կը սերմանէ՝ քիչ ալ պիտի հնձէ, եւ ով որ առատօրէն կը սերմանէ՝ առատօրէն ալ կը հնձէ։ Իւրաքանչիւրը թող տայ՝ նայած իր սրտի յօժարութեան, եւ ո՛չ չկամութեամբ կամ պարտաւորուած զգալով, որովհետեւ Աստուած զուարթառատ կերպով նուիրողը կը սիրէ», Բ. Կր 9.6-7։ Արդարեւ, Հայկ-Արամ Առաքելեան իր կեանքը վերածած էր զուարթառատ նուիրատուութեան։
Սոյն առիթով, հովիւ եւ հոգաբարձութիւն, յանուն համայնքին կը ցաւակցինք հանգուցեալի այրիին՝ տիկ. Ալիս Բարաղամեան-Առաքելեանին, եւ ընտանեկան բոլոր պարագաներուն։
Հայկ-Արամ Առաքելեանի օրինակելի յիշատակը յաւերժ օրհնեալ ըլլայ։
Հովիւ եւ հոգաբարձութիւն Ս. Յակոբ Առաջ. Մայր Եկեղեցւոյ
Մոնթրէալ, Գանատա
Երեքշաբթի, 3 Սեպտեմբեր 2024
Comments are closed.