Րոտ Այլընտի Հայ Մշակութային Կեդրոնը 10,000 Տոլար Կը Տրամադրէ ՀՕՄ-ի Վիրաւոր Զինուորներու Հիմնարկին
Րոտ Այլընտի Հայ Մշակութային Կեդրոնը, Մայիս 28-ի անկախութեան հարիւրամեակին առթիւ յատուկ ձեռնարկներու ընթացքին, կրցած է տաս հազար տոլար հաւաքել եւ տրամադրել ՀՕՄ-ի վիրաւոր զինուորներու հիմնարկին։
Մայիս 28-ին, հովանաւորութեամբ Փրովիտընսի ՀՅԴ «Քրիստափոր» Կոմիտէութեան եւ ԱՄՆ Րոտ Այլընտ նահանգի Հայ Մշակութային Հաստատութեան կազմակերպութեամբ, Սուրբ Պօղոս Պետրոս Կաթողիկէ Տաճարէն ներս, տեղի ունեցած էր աննախադէպ հանրային համերգ՝ նուիրուած Հայաստանի Ա․ Հանրապետութեան հարիւրամեակին։ Նախապէս, Մայիս 6-ին, Սուրբ Վարդանանց եկեղեցւոյ սրահին մէջ, Փրովիտենսի «Քրիստափոր» կոմիտէութիւնը նշած էր Հայաստանի անկախութեան 100-ամեակը:
Շաբաթ, Օգոստոս 25-ին, Րոտ Այլընտի Հայ Մշակութային Կեդրոնի նախագահ՝ Յակոբ Տօնոյեան եւ Մայիս 28-ի անկախութեան հարիւրամեակի կազմակերչպող մարմնի ներկայացուցիչ՝ Լեւոն Աթթարեան այցելեցին Հ․Օ․Մ․-ի Կեդրոնական Վարչութեան գրասենեակ եւ յանձնեցին գումարը։