Տունդարձ` Թէկուզ Առանց Տունի

Այսօր (27 նոյեմբեր) տարբեր օր է, այսօր տարբեր մթնոլորտ է լիբանանեան անխտիր բոլոր շրջաններուն մէջ: Լիբանանի երկինքին մէջ ու երկրին վրայ:

Շատ ծանր ու անխիղճ ամիսներու, շաբաթներու եւ յատկապէս վերջին օրերու թանձր մշուշը ի վերջոյ իր տեղը տուաւ խաղաղութեան ծիածանին:

Այդքա՛ն սպասուած զինադադարը հասաւ:

Երկինքը վերագտաւ իր անդորրը, հողը գտաւ իր հանգիստը: Մարդիկ գրկեցին խաղաղութիւնը, ամուր, շա՜տ ուժգին: Անոնց ականջներուն մէջ իսրայէլեան անօդաչու սարքերուն տզզացող ձայները, ռազմական օդանաւերուն ահաւոր պայթումները փոխարինուեցան ամէն գնով իրենց տուները շտապող գաղթականներու ինքնաշարժներու ճչակներու ուրախ ճիչերով: Լիբանանցիներուն աչքերը կրակի, աւերի, արեան, մահուան փոխարէն կը տեսնեն իրենց ունեցած-չունեցածը ինքնաշարժին վրայ լեցուցած ՏՈՒՆ փութացող գաղթականներու ուրախ աչքերը:

«Ո՞ւր կ՛երթան, տուն կա՞յ, թէ՞ փլատակներ ու փոշիացած յիշատակներ են լոկ», հարց կու տան ոմանք:

Տունդարձ է…

ՏՈՒՆը հողն է, տունը հարազատ տարածքն է, որուն համար մեծաթիւ նահատակներ եւ վիրաւորներ տուաւ Լիբանանը, անպայման պիտի երթան ՏՈՒՆ, ինչ ալ ըլլայ վիճակը, որքան ալ ահաւոր ըլլայ իրականութիւնը, դաժան ըլլայ քանդումներուն հետ հաշտուիլը, կորուստները մարսելն ու կրկին ոտքի կանգնիլը:

… Փառք ԱՍՏՈՒԾՈՅ: Պատշգամը կեցած կ՛ողջունեմ իրենց տուները վերադարձողները, ինչ լաւ է պատկերը, ինչ օրհնեալ է երթը, կ՛երթան, ՏՈ՜ՒՆ կ՛երթան, կը մեկնին վճռական, թէկուզ առանց գիտնալու, եթէ պիտի գտնեն իրենց բնակարանը, որովհետեւ հպարտօրէն կը յայտարարեն. «Ասոնք պարզապէս քար են, մենք ոգին ու հարազատութիւնը պիտի գտնենք ու վերականգնինք»:

ՆՈՐԱ ԲԱՐՍԵՂԵԱՆ

Comments are closed.