Տիարպեքիրի Մէջ Տեղի Հայութեան Համար Արեւմտահայերէնի Դասընթաց Սկսած է
Տիարպեքիրի Սուրբ Կիրակոս եկեղեցւոյ հիմնադրամի ղեկավար խորհուրդի անդամ Օհաննէս Օհանեանի (թուրք․ անունը՝ Կաֆուր Թիւրքայ) նախաձեռնութեամբ սկսած է արեւմտահայերէնի հեռավար դասընթաց։ Դասընթացի առաջին փուլին մասնակցած է Տիարպեքիրի մէջ բնակող եւ զանազան տարիքային խումբի պատկանող 12 արեւմտահայ։ Դասընթացը կը վարեն սփիւռքահայ Գրիգոր Մոսկովեանը եւ պոլսահայ Արաս Սարըչոպանը։ Այս մասին, ըստ Akunq.net-ի, յայտնած է Տիարպեքիրի իրենց թղթակից Կարօտ Սասունեանը։
Աղբիւրին համաձայն՝ 2011-ին Տիարպեքիրի մէջ 2 անգամ կազմակերպուած էր հայոց լեզուի դասընթաց, դարձեալ Սուրբ Կիրակոս եկեղեցւոյ հիմնադրամին նախաձեռնութեամբ եւ Լոնտոնի մէջ գործող «Կոմիտաս» հիմնարկի նախագահ Արա Սարաֆեանի աջակցութեամբ։
Բացի այդ, վերջին 2 տարին Տիարպեքիրէն ուսանող գործուղուած է Հունգարիա՝ արեւմտահայերէն ուսանելու նպատակով, իսկ անցեալ տարի Յունաստանի մէջ նախատեսուող դասընթացը չէ իրականացած «քորոնա» ժահրին պատճառով։
Ըստ Կարօտ Սասունեանի՝ «Կոմիտաս» հիմնարկի նախագահ Արա Սարաֆեան մեծ ներդրում ունի Արեւմտեան Հայաստանի, մասնաւորապէս Տիարպեքիրի հայութեան մէջ արեւմտահայերէնի պահպանութեան եւ վերազարթօնքի գործին մէջ։
Կը նախատեսուի, որ հեռավար կերպով շաբաթական մէկ անգամ կազմակերպուող սոյն դասընթացի մասնակիցներուն թիւը հետզհետէ կ՝աճի, քանի որ դասընթացը մեծ ոգեւորութիւն յարուցած է տեղի հայերուն մէջ։
Թարգմանիչ՝ Մելինէ Անումեան