Տէր Զօրի ազատագրուած Սրբոց Նահատակաց եկեղեցւոյ առաջին տեսանիւթը

Տէր Զօրի ազատագրումէն ետք սուրիահայ լրագրող Սարգիս Գասարճեան կը հրապարակէ Հայոց Սրբոց Նահատակաց եկեղեցւոյ առաջին տեսանիւթը, որուն մէջ ի յայտ կու գայ եկեղեցւոյ կործանումին ահագնութիւնը:

Ըստ սուրիական բանակի հրամանատարներէն մէկուն, Տահէշ տեղաւորուած էր եկեղեցւոյ ներքնամասը: Տէր Զօրի ազատագրումէն ետք դժուար եղած էր եկեղեցի մուտքը, որովհետեւ Տահէշի կողմէ ականահարուած էր, կը նշէ Գասարճեան:

Ան կը յիշէ նաեւ, թէ Տէր Զօրի Սրբոց Նահատակաց եկեղեցին, որ ընդունուած է որպէս հայոց ուխտատեղի, կառուցուած էր ի յիշատակ Հայոց ցեղասպանութեան զոհերուն, որոնք զոհուեցան սուրիական անապատին եւ յատկապէս Տէր Զօրի մէջ: Եկեղեցւոյ մէջ տեղ գտած էին նաեւ զոհերուն ոսկորները՝ անապատէն պեղուած, ինչպէս նաեւ փաստաթուղթեր եւ նկարներ Օսմանեան Թուրքիոյ գործած ցեղասպանութեան մասին:

 

Video by Սարգիս Գասարճեան

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.