Տենտիաս Հաւանական Կը Նկատէ Հայաստան – Յունաստան – Ֆրանսա – Հնդկաստան Քառակողմ Համագործակցութիւնը Պաշտպանութեան Ոլորտին Մէջ

Յունաստանի պաշտպանութեան նախարար Նիքոս Տենտիաս յաջողած կը նկատէ Հայաստան-Յունաստան-Կիպրոս եռակողմ ձեւաչափով համագործակցութիւնը պաշտպանութեան ոլորտին մէջ եւ հաւանական նկատեց Հայաստան-Յունաստան-Ֆրանսա-Հնդկաստան քառակողմ համագործակցութիւնը:

«Մենք ստեղծած ենք յաջող եռակողմ պաշտպանական համագործակցութիւն Հայաստանի, Յունաստանի եւ Կիպրոսի միջեւ: Բայց կրնան գոյութիւն ունենալ նաեւ այլ եռակողմ կամ քառակողմ յարաբերութիւններ Ֆրանսայի եւ Հնդկաստանի հետ` կարեւոր երկիրներու, կարեւոր պետութիւններու, Հայաստանի եւ Յունաստանի շատ հզօր ընդհանուր բարեկամներու հետ», «Արմէնփրես»-ի հաղորդումով` Երեւանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարար Սուրէն Պապիկեանի հետ հանդիպումէն ետք մամլոյ համար յայտարարութեան ժամանակ ըսաւ Նիքոս Տենտիաս:

Comments are closed.