Տեղի ունեցաւ ՀՅԴ պահեստազօրայիններու գումարտակի հաւաք
1538
0
29 Սեպտեմբեր 2019-ին, տեղի ունեցած է ՀՅԴ պահեստազօրայիններու գումարտակի հրամանատարութեան հերթական հաւաքը, որուն մասնակցած են կամաւորականներ եւ պահեստազօրայիններ Հայաստանի բոլոր մարզերէն ու Երեւանէն։ Անոնց պատրաստութեան աստիճանը եւ կազմակերպուածութիւնը ստուգած են նաեւ զինուած ուժերու հրամանատարական կազմի ներկայացուցիչները:
Յիշեցնենք, որ Ապրիլեան պատերազմի ժամանակ ալ, ինչպես 90-ականներուն, դաշնակցականները մասնակցած են հայրենիքի պաշտպանութեան գործին: Գումարտակն ալ ձեւաւորուած է նոյնինքն Ապրիլեան պատերազմէն ետք՝ Շուշիի առանձին գումարտակի վեթերաններու կազմին հիման վրայ: