Տեղի ունեցաւ «Հայաստան» խմբակցութեան մամլոյ ասուլիսը

17 Նոյեմբերին «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւորներ Գեղամ Մանուկեան եւ Թադէւոս Աւետիսեան հանդէս եկան մամլոյ ասուլիսով։

Անոնք ամփոփեցին շաբթուան կարեւորագոյն իրադարձութիւնները եւ պատասխանեցին լրագրողներու հարցումներուն:

«Վերջին շրջանին ավելի վառ արտայայտութիւն ունեցած են , յատկապէս իշխանական պատգամաւորներու, տարբեր պաշտօնեաներու կողմէն լրատուամիջոցներու, լրագրողներու նկատմամբ անյարգալից վերաբերմունքը։ Վերջին քանի մը օրերուն առաւել խայտառակ դրսեւորում եղաւ, երբ լրագրողները այլեւս կը սպառնան սահման ուղարկել՝ ենթադրելով, որ ատիկա համակեդրոնացման ճամբար է», ըսաւ Գեղամ Մանուկեան։

Անոր խօսքին համաձայն, անհանգստացնող է նաեւ այն փաստը, որ այս ամէնուն տարիներ շարունակ Հայաստանի մէջ խօսքի ազատութեան, մամլոյ իրաւունքի պաշտպանութեան գործին անուրանալի ներդրում ունեցած ՀԿ-ներու կողմէն որոշակի կրաւորական դրսեւորում կայ:

«Ես որպէս լրատուական ոլորտի նախկին աշխատող բոլորին կոչ կ’ուղղեմ՝ ձեր իրաւունքներուն մինչեւ վերջ տէր կանգնիք։ Ասիկա պէտք է կասեցուի, հակառակ պարագային մենք վաղը պիտի տեսնենք շատ աւելի խայտառակ դրսեւորումներ», ըսաւ պատգամաւորը։

ՀՅԴ-ական գործիչը անդրադարձաւ նաեւ «Հայաստան» խմբակցութեան` քառօրեային մասնակցելուն, նշելով, որ այս լիագումար նիստին մասնակցիլը պայմանաւորուած էր, որ այն կարևոր հարցերը որոնք ունէին, որոնք կը տեղաւորուէին իրենց օրակարգին վրայ, այդ հարցերու շուրջ մասնակցեցան քննարկումներուն եւ արծարծուեցան իրենց տեսակէտը։

Խօսելով ՔՊ-ի կողմէն ներկայացուած 2 նախագիծերուն մասին` պատգամաւորը նշեց․

«Այդքան գովերգած նախագիծերը լոկ փոքր մանրամասնութիւններ են։ 2 տարի է իշխանութիւնը կը խօսի Զինեալ Ուժերու բարեփոխումներու ռազմավարութեան մասին։ Փետրուար 2022_ին Սուրէն Պապիկեան յայտարարեց, որ ռազմավարութիւնը պատրաստ է, բայց արդէն հասած ենք Նոյեմբեր ամիս, տակաւին համաշխարհային ռազմավարութիւնը ներկայաացուած չէ. եւ փոքր մանրամասնութիւններով կը փորձեն տպաւորութիւն ստեղծել, որ արմատական բարեփոխումներ իրականանան։ Իրականութեան մէջ այս նախագիծը պիտի փոխարինէ «Ես եմ» ծրագիրին, որ իշխանութիւնը իր հիմնաւորումներուն մէջ կը նշէ, որ չէ յաջողած, կը նշանակէ, որ այս իշխանութիւնը՝ իր նշանակած Պաշտպանութեան նախարարներով, զինուորական վերնախաւով տապալած է այդ ծրագիրը եւ նոր ծրագիր յառաջ կը տանի, որ ինքնին խնդրայարոյց է»։

Անոր խօսքով՝ այդ պատճառով է, որ «Հայաստան» խմբակցութիւնը ձեռնպահ քուէարկեց 2 ծրագիրներուն, բայց հարցը կը մնայ օդին մէջ կախուած։

Թադէւոս Աւետիսեան իր խօսքին մէջ յայտնեց, որ հանրութեան համար աւելի պարզ լեզուով պէտք է քանի մը դիտակումներ ընել։ Աշխատանքի եւ ընկերային հարցերու նախարարը տնտեսութեան նախարարի հետ միասին մշակած է պետական պիւտճէի նախագիծ, որով կ’առաջարկեն բարձրացնել նախարարներու աշխատավարձերը յաջորդ տարի 142 000 դրամով, վարչապետի աշխատավարձը բարձրացնել 200,000 դրամով, իսկ աշխատող աղքատի աշխատավարձը՝ 7000 դրամով:

Պատգամաւորը նշեց, որ հիմա շատ կը խօսուի ժողովրդագրական հարցերու մասին, եւ այդ հարցերը երթալով կը խորանան, յատկապէս՝ ծնելիութեան մակարդակը, արտագաղթի ընթացքը։ Անոնք որեւէ ձեւով չեն բարելաւուած, անոր փոխարէն բերած են որոշակի ծրագիրներ, որոնք չունին ընկերային ազդեցութեան յստակ գնահատումներ, եւ փաստացի այդ ծրագիրներու նպատակայնութիւնը դիտարկելու պարագային, ցուցանիշները չեն լաւանար, այլ՝ երթալով կը վատանան։

ՀՅԴ-ական գործիչը կը շեշտէ, որ անոնք հարցեր են, բայց անոբց կողքին կայ ահագնացող սղաճ բոլոր գործօնները, կը կանխատեսուի, որ ատիկա պիտի ըլլայ նաեւ յաջորդ տարի, այնպէս որ այն պիւտճէն, որ բերած են այսօրուան իշխանութիւնները, կը խօսի հետեւեալի մասին, որ ամէն յաջորդ օր մեր քաղաքացիները, աշխատող աղքատները, միայնակ կեսաթոշակառուները, միայնակ մայրերը աւելի վատ պիտի ապրին քան անոր նախորդ օրը։

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.