«Տաւուշը Յանուն Հայրենիքի» Շարժումի Հանրահաւաքին Ընթացքին Ներկայացուեցան Յաջորդ Փուլի Ընելիքները
Մայիս 12-ին, Երեւանի Հանրապետութեան հրապարակին վրայ սկսաւ «Տաւուշը յանուն հայրենիքի» շարժումին բազմամարդ հանրահաւաքը: Հրապարակի բեմին վրայ կանգնած էին զոհուած զինուորներու ծնողներ: Հանրահաւաքը սկսաւ պետական քայլերգով եւ աղօթքով:
Խօսք առաւ «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Գառնիկ Դանիէլեան, որ ըսաւ. «Սա մաքուր հայկական ազգային, սրտով, հոգիով, էութեամբ շարժում է: Անիկա կը սպասարկէ մեր ազգային ու պետական շահերը: Ու գիտէ՞ք, թէ ինչո՛ւ բոլորը խառնուած են իրար, որովհետեւ սա միաւորած է տարբեր մարդիկ, քաղաքական հոսանքներ մէկ նպատակի շուրջ` հայրենիք ունենալու նպատակին շուրջ, պատիւ ունենալու նպատակին շուրջ»:
Անոր համաձայն, այս օրերուն դրսեւորուած է բացառիկ համերաշխութիւն թէ՛ կուսակցութիւններու, թէ՛ քաղաքական տարբեր հոսանքներու միջեւ:
«Այսօր մեր առջեւ խնդիր դրուած է` ըլլալ Արեւմտեան Ազրպէյճա՞ն, թէ՞ Հայաստան: Մենք կ՛ընտրենք Հայաստանը: Մենք կ՛ընտրենք արժանապատիւ խաղաղութիւնը, մենք կ՛ընտրենք հայեցի ըլլաը, մեր հող ու ջուրին տէր ըլլալը», շեշտեց ան:
Վերջին հանրահաւաքին Բագրատ արք. Գալստանեան խնդրած էր շարք մը նախկին դիւանագէտներէ ներկայացնել Ազրպէյճանի հետ բանակցութիւններու հայեցակարգ:
Արտաքին գործոց նախարարութեան նախկին գլխաւոր քարտուղար Վահագն Մելիքեան ներկայացուց մշակուած փաստաթուղթը` նախ նշելով, որ Ալմա Աթայի հռչակագիրը սահմանազատման հիմք ընդունիլը հակաիրաւական է եւ քրէօրէն պատժելի:
«Սահմանազատման գործընթացին համար իրաւական հիմք կը ծառայէ բանակցող կողմերու համատեղ ընդունուած մեթոտաբանութիւնը` հիմնուելով վաւերական եւ իրաւական ուժ ունեցող Խորհրդային Միութեան ներպետական փաստաթուղթերուն վրայ: Հետեւաբար, Ալմա Աթայի հռչակագիրը որեւէ կերպով չի կրնար նման հիմք հանդիսանալ, քանի որ չի պարունակեր սահմանային որեւէ նկարագիր: Հռչակագիրը կ՛ենթադրէ մէկզմէկու նկատմամբ տարածքային յաւակնութիւններ չներկայացնելու պահանջը», ըսաւ ան:
Ան յայտարարեց, որ պէտք է բացառել հայկական զինուած ուժերու որեւէ նահանջ կամ դիրքային փոփոխութիւն մինչեւ հայ-ազրպէյճանական սահմանի ամբողջական սահմանազատման եւ սահմանագծման գործընթացի աւարտը: Ան շեշտեց, որ սահմանազատման եւ սահմանագծման համար նախ եւ առաջ անհրաժեշտ է միջպետական համաձայնութիւն Հայաստանի ու Ազրպէյճանի միջեւ` վաւերացուած խորհրդարաններուն կողմէ:
«Եթէ այդ գործընթացի ընթացքին ստեղծուի այնպիսի իրավիճակ, որ Հայաստանի Հանրապետութեան որեւէ տարածք կրնայ անցնիլ Ազրպէյճանին, ապա հարցը պէտք է դրուի հանրաքուէի: Ուստի, եզրակացութիւնը մէկն է` այդ գործընթացը անօրինական է եւ հակասահմանադրական», յայտարարեց Մելիքեան:
Խօսք առաւ նաեւ Տաւուշի թեմի առաջնորդ Բագրատ արք. Գալստանեան, որ հարթակէն ողջոյններ յղեց եւ շուտափոյթ վերադարձ մաղթեց Պաքուի բանտերուն մէջ գտնուող Արցախի ռազմաքաղաքական ղեկավարութեան եւ միւս ռազմագերիներուն:
«Մեր ամօթն է անոնց այնտեղ գտնուիլը», ըսաւ Բագրատ սրբազանը:
Ան շեշտեց, որ այսօր ան դուրս եկած է պայքարի, որովհետեւ «մենք կ՛ապրինք գողցուած ուրախութեան եւ անպատուութեան ժամանակներու մէջ, երբ կորսուած է մեր հայրենիքի չքնաղ, խտացուած ազատութեամբ լեցուն հատուածը, իմ եւ ձեր բոլորի սիրելի Արցախ աշխարհը»:
Սրբազանը յայտարարեց, որ փաստացի բարոյապէս եւ քաղաքականապէս չըլլալով ժողովուրդի իշխանութիւն` վարչապետ Փաշինեանը պէտք է հեռանայ: Ան Փաշինեանը մեղադրեց ստախօսութեան, կեղծ թեզեր կիրարկելու, հայ եկեղեցւոյ դէմ հալածանքի, ատելութեան մշակոյթի տարածման, պատերազմի սպառնալիք բերելու եւ բանակի ստորացման համար:
Խօսելով իրենց միւս պահանջին մասին` Բագրատ արք. Գալստանեան ըսաւ, որ այս շարժումը դէմ չէ սահմանագծման եւ սահմանազատման, սակայն կը գտնէ, որ անիկա պէտք է տեղի ունենայ խաղաղութեան պայմանագիրի կնքումով եւ ապա սահմանագծումով ու սահմանազատումով` ըստ Հայաստանի օրէնքներու, միջազգային պայմանագիրներու` երաշխաւորներու ներգրաւումով եւ համապարփակ, ամբողջական մէկ ծրարով: «Այս գործընթացը պէտք է դադրեցուի», ըսաւ սրբազանը:
Տաւուշի թեմի առաջնորդը նշեց, որ վարչապետի իրենց թեկնածուն չի կրնար ըլլալ որեւէ կուսակցութեան կամ խումբի անդամ:
Ան ըսաւ, որ ինք պատրաստ է որեւէ պատասխանատուութիւն ստանձնելու` որեւէ աստիճանի` Ամենայն հայոց վեհափառ հայրապետի օրհնութեամբ, ժողովուրդի ցանկութեամբ:
Ապա ան ներկայացուց այսօրուան ընելիքները. «Վաղը առաւօտեան ժամը 8:00-էն ամբողջութեամբ կը փորձենք դասադուլներով, գործադուլներով անդամալուծել ամբողջ քաղաքը եւ Հայաստանի Հանրապետութեան միւս մարզերը` անհամաձայնութիւն յայտնելով սուտին ու չարիքին»:
Comments are closed.