«Տաւուշը Յանուն Հայրենիքի» Շարժումը Մարդու Իրաւունքներու Պաշտպանէն Պատասխաններ Կը Պահանջէ
«Տաւուշը յանուն հայրենիքի» շարժման ղեկավար Բագրատ արք. Գալստանեանի գլխաւորութեամբ երէկ ցուցարարները Մարդու իրաւունքներու պաշտպանի գրասենեակին մօտ էին:
Բագրատ արք. Գալստանեան յայտարարեց, որ իրենք եկած են այդտեղ` հարցումներու պատասխաններ ստանալու:
«Մեզի ցոյց թող տան իրենց գնահատականները, թէ այս ընթացքին մարդու իրաւունքներու պաշտպանը ծառայա՞ծ է մարդու իրաւունքներուն, թէ՞ այլ բանի: Այս ընթացքին ոստիկանութեան գործողութիւններուն, 30-40 հոգիով Աշոտ Սիմոնեանը խոշտանգելու, վեհափառին մուտքը արգելակելու, արտաքին գործոց նախարարութեան մօտ տղաները եւ Արցախի համայնքապետները ապօրինի կալանաւորելու մասին», յայտարարեց Բագրատ սրբազանը:
Մարդու իրաւունքներու պաշտպանը առաջարկեց, որ սրբազանը չորս քաղաքացիներու հետ վեր բարձրանայ` առանց լրագրողներու:
«Կը գնահատենք Ձեր առաջարկը, կը կարծենք, որ մարդու իրաւունքներու պաշտպանի գործը բաց, թափանցիկ պէտք է ըլլայ, կարեւոր է, որ հրապարակային, հանգիստ ներկայացնէ գնահատականները: Սա փոխանցեցէք պաշտպանին», արձագանգեց Բագրատ սրբազանը: Հանդիպումը այդպէս ալ տեղի չունեցաւ:
Անցեալ շաբաթ տեղի ունեցած անհնազանդութեան շարժումներու ընթացքին ոստիկանութիւնը հարիւրաւոր ցուցարարներ բերման ենթարկեց, անցեալ երկուշաբթի ալ ուժայինները խոշտանգեցին դաշնակցական պատգամաւոր Աշոտ Սիմոնեանը: Այս դէպքէն ետք հայաստանեան 5 իրաւապաշտպան կազմակերպութիւններ պահանջեցին անյապաղ արդիւնաւէտ քննութիւն կայացնել եւ պատասխանատուութեան կանչել բոլոր մեղաւոր ոստիկանները:
Վերջին ամիսներուն ոստիկանական բռնութիւններու, անհամաչափ ուժի կիրարկման համար իշխանութիւններուն քննադատած են Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը, միջազգային իրաւապաշտպան կազմակերպութիւններ:
Comments are closed.