«Տաւուշը Յանուն Հայրենիքի» Շարժման Միացած Եւ Բագրատ Սրբազանի Կոչին Ընդառաջած Բազմահազար Ցուցարարներ Պահանջեցին Նիկոլ Փաշինեանի Հրաժարականը
4 Մայիսին Տաւուշի մարզի Կիրանց գիւղէն սկսած եւ Տաւուշի թեմի առաջնորդ Բագրատ արքեպիսկոպոս Գալստանեանի գլխաւորած «Տաւուշը յանուն հայրենիքի» շարժման երթը 9 Մայիսի յետմիջօրէին հասաւ Երեւանի Հանրապետութեան հրապարակ, ուր համախմբուած էր մեծաթիւ բազմութիւն՝ Հայաստանի տարբեր շրջաններէն. հոն էին նաեւ Արցախէն բռնի տեղահանուած արցախցիներ:
Իր խօսքին սկիզբը, Բագրատ սրբազան հաստատեց, որ որեւէ ուժ չի կրնար ընկճել հայոց փառաւոր ոգին, աւելցնելով. «Մայիս 9ը, մեր երբեմնի եռատօնը. մեզանից գողացուած ուրախութեան մէջ, այս անպատուութեան ժամանակներում, մենք միասին հաւաքուել ենք վերստին հաստատելու եւ ասելու, որ ոչինչ եւ ոչ ոք, ոչ երկնքում, ոչ երկրի վրայ, ոչ իշխանութիւններ, ոչ պետութիւններ, որեւէ տեսակի ուժ չի կարող հայոց ոգին, փառաւոր ոգին ընկճել: Մենք Տաւուշից ենք գալիս, Հայաստանի դարպասներից, պատուով ժողովուրդից դէպի պատուով քոյրեր եւ եղբայրներ: Հոգին յաղթել է դուխին, եւ հիմա ժամանակն է, որ եռագոյնը յաղթի սեւ ու սպիտակին», շեշտեց ան:
Ապա ան յստակացուց իրենց պահանջը եւ մէկ ժամ ժամանակ տուաւ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին՝ ներկայացնելու իր հրաժարականը: «Մենք եկել ենք մի պահանջով, եկել ենք պատասխան պահանջելու ՀՀ կառավարութեան ղեկավարից, որ շարունակաբար այցելել է մեր համայնքներ, դժբախտաբար ստել, խաբել, մոլորացրել եւ յետոյ ահաբեկել եւ սպառնացել ժողովրդին: Մենք եկել էինք այդ սպառնալիքի պատասխանը պահանջելու: Մենք յստակ ու արժանապատիւ խաղաղութիւն ենք ուզում», ըսաւ Բագրատ սրբազան:
Մէկ ժամ ետք, Բագրատ սրբազան յայտարարեց, որ յաւելեալ 15 վայրկեան ժամանակ ալ կու տան Փաշինեանին՝ հրաժարական տալու համար:
Ի պատասխան՝ Փաշինեանի մամլոյ խօսնակ Նազելի Բաղդասարեանը նոյն պահուն «Ֆէյսպուք»ի իր էջին վրայ հրապարակեց Փաշինեանի լուսանկարը՝ հետեւեալ գրութեամբ. «Հայաստանի Հանրապետութեան ընտրուած վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան»:
Յաջորդ փուլին, Բագրատ սրբազան յայտարարեց, որ առաջին քայլը պիտի ըլլայ Ազգային ժողովին մէջ անվստահութիւն յայտնելը, որուն համար խորհրդակցութիւն պիտի կատարուի ընդդիմադիր երեք խմբակցութիւններուն հետ՝ սերտելու գործընթացը:
Մինչ այդ, ան յայտարարեց, որ նոյն օր երեկոյեան պիտի մնայ Հանրապետութեան հրապարակին վրայ, իսկ յաջորդ օրը պիտի դիմուի խաղաղ անհնազանդութեան գործողութիւններու Հայաստանի տարբեր շրջաններու մէջ, ինչպէս նաեւ կոչ ուղղեց ուսանողներուն, իրենց դժգոհութիւնը եւ հրաժարականի պահանջը ներկայացնելու, դասադուլներու ճամբով: «Դիմում եմ բոլոր այն գործարարներին, որոնց համար փողը գերագոյն արժէք չէ, որոնց դուք էք պահում, ժողովուրդ ջան, եւ բոլորին, բոլորին, մնացած ուսումնական հաստատութիւններին՝ դասադուլ անելու: Առանց որեւէ ագրեսիայի (բռնութեան), որեւէ բանի, մի քանի օր ընդամէնը, երկու-երեք օր, աւելի չէ: Մարզերի մեր ժողովրդին. այս գիշեր յետ գնացէք, այնտեղ եւս գործողութիւնների շարք սկսէք եւ ամբողջ հանրապետութեան տարածքում պէտք այ էդ ճնշումը լինի: Մարդիկ ուզում են, որ այդ ճանապարհով լինի, պետութիւնը ցնցումների մէջ գցեն, ուրիշ ճանապարհ չէք թողնում», ըսաւ ան:
Իր խօսքի աւարտին, ան մեծաթիւ զօրակիցներուն վստահեցուց. «Ես ձեզ չեմ խաբելու. այդ վստահութիւնը տուէք: Երրորդ փուլում յայտարարելու ենք, որ հոգեւոր Հայաստանը յաղթել է: Մի՛ նեղուէք ոչ մի բանից: Վստահ ասում եմ, վստահ՝ մեր ուզածը լինելու է: Գործողութիւնները կ՛անենք, արդիւնքը կը ստանանք: Ու կ՛անենք միասին»:
Հաւաքին ընթացքին, Բագրատ սրբազան նաեւ յայտնեց, որ իշխանութիւնը երբ սկսաւ շատ հանգիստ խօսելու «այս տարածքներ»ի մասին, ինք ըսած է, որ ճակատագրական սխալ է այդ մէկը ընելը: «Սա նշանակում է, որ դուք կամ ձեր գործընկերները հայոց ստորացնելու վերջին մեխերն էք խփելու, կարիք չունէք, հրաժարուէք բոլոր այն պարտադրանքներից, որոնք գալիս են ձեզ, յատկապէս տաւուշեան սահմանները վերաձեւելու իմաստով: Դա մեր երկրի ամենաստրատեգիական (ռազմավարականօրէն կարեւոր) մասն է», նշեց ան:
Սրբազանը անդրադարձաւ կառավարութեան անցած ուղիին եւ հաստատեց, որ անոր գործունէութիւնը ամբողջութեամբ ձախողութիւն եղած է, որովհետեւ քանդած են ամբողջ ապահովական համակարգը, թիրախ դարձուցած են եկեղեցին, հարուածած մեր ինքնութեան հիմնասիւները եւ վերջինը՝ Ցեղասպանութեան գաղափարի ժխտումը: Քայքայած են կրթական համակարգը, դպրոցներուն մէջ տարածուած է թմրանիւթերու առկայութիւնը:
Ան նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց Ամենայն Հայոց կաթողիկոսին, որ արգելք չեղաւ, որ շարժումը հասնի հոն: Ան յատուկ կերպով ողջունեց արցախցիները, որոնց պէտք էր ողջունէր Ստեփանակերտի վերածնունդի հրապարակին մէջ, «բայց այսօր այս ապօրինի իշխանութեան պատճառով դուք յայտնուել էք մայր Հայաստանում: Մեր սրտերում մնալու է Արցախ վերադառնալու տեսիլքը»:
Հաւաքին ընթացքին խօսք առաւ նաեւ Ազգային ժողովի «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Գառնիկ Դանիէլեան, որ ըսաւ, թէ շատ կարեւոր է, որ ժողովուրդը կանգնի Տաւուշի կողքին, որպէսզի իշխանութիւնը հատուածական սահմանազատում չկատարէ՝ շեշտելով, որ ոչ ոք իրաւունք ունի Տաւուշի գիւղերը բաժան բաժան ընելու եւ ըսելու, թէ սահմանի երկայնքին ծառ տնկելով կարելի է ապահովութիւն հաստատել, ինչպէս ըսաւ Փաշինեան:
Մեծաթիւ ցուցարարներուն իր խօսքը ուղղեց նաեւ Երեւանի Պետական համալսարանի Արեւելագիտութեան բաժանմունքի նախկին նախագահ, փրոֆ. Գուրգէն Մելիքեան՝ հաստատելով, որ հայութիւնը կրկին պիտի նշէ եռատօնը. «Մենք հաւատում ենք վաղուան: Ուրեմն Հայաստանի կեանքում թող սկսուի արժանապատուութեան, ճշմարտութեան, յաղթանակի եւ իրական խաղաղութեան շրջանը», շեշտեց ան:
Քաղաքական գործիչ Սուրէն Պետրոսեան հաստատեց, որ հաւաքուածները գիտեն, որ իրենք կրնան կորսնցնել հայրենիքը, պետութիւնը, ինքնութիւնն ու պատիւը:
Պետրոսեան շեշտեց. «Այս շարժումը մեզնից գողացած ապագան վերադարձնելու մասին է, պէտք է ստանձնել ներկայի պատասխանատուութիւնը եւ գնալ մինչեւ աւարտ: Խոստանում եմ, որ մենք միասին վերադարձնելու ենք մեր արժանապատիւ ապագան»:
Հրապարակին վրայ հաւաքուածները տարբեր առիթներով վանկարկեցին. «Նիկոլ, դաւաճան», «Հեռացիր» եւ «Հայ, հայրենիք, Հայաստան ու Աստուած»:
Comments are closed.