Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. Կաթողիկոս Պատրիարքը հովուապետական այցելութիւն կատարեց Թորոնթօ
Թորոնթոյի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցին հիմնուած է Զմմառու Պատրիարքական Կղերի Միաբան Գերյարգելի Հայր Եղիա Ծ. Վ. Քիրէջեանի հովուական ջանքերով, աւելի քան 50 տարի առաջ։ Այն հասարակութիւնը որ ժամանակին կը պարունակէր շուրջ 10 ընտանիք 1970 տասնեակին, ծաղկեցաւ եւ կը շարունակէ ամէն տարի բազմանալ։ 1993-ին ձեռամբ՝ Երջանկայիշատակ Յովհաննէս Պետրոս ԺԸ. Գասպարեան Կաթողիկոս Պատրիարքի, նորակառոյց եկեղեցին օծուեցաւ, եւ Թորոնթոյի Հայ Կաթողիկէ համայնքը ունեցաւ իր սեփական ապաւէնը, յանուն Լուսաւորչի Հայաստանեայց աշխարհի, ի փառս Աստուծոյ։ Հետեւաբար, առաջին անգամ եկեղեցւոյ օծումէն ի վեր, Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Պատրիարքութենէն հովուական այցելութիւն տեղի ունեցաւ 15-17 Ապրիլ 2023-ին, գլխաւորութեամբ Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Տ. Տ. Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. Կաթողիկոս Պատրիարքի, հրաւէրով եւ ընկերակցութեամբ Միացեալ Նահանգներու եւ Գանատայի Կաթողիկէ Հայոց Թեմի Առաջնորդ՝ Արհիապատիւ Տ. Միքայէլ Եպս. Մուրատեանի։
Ամենապատիւ Հոգեւոր Տիրոջ այցելութիւնը ընթացք առաւ Շաբաթ, 15 Ապրիլ 2023-ին, երեկոյեան ժամը 5-ին, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ, «Հրաշափառ» թափօրի արարողութեամբ, որուն ընթացքին Յովհաննու Աւետարանի «Բարի Հովիւ»-ի հատուածը ընթերցեց Առաջնորդ Սրբազան Հայրը։
Արարողութենէն ետք, եկեղեցւոյ «Քէօրօղլեան» սրահէն ներս, սիրոյ սեղան մը պատրաստուած էր Ամենապատիւ Հոգեւոր Տիրոջ գալստեան առթիւ։ Տեղւոյն ժողովրդապետ Հայր Եղիա Ծայրագոյն Վարդապետն իր բարի գալուստի խօսքը ուղղեց Կաթողիկոս Պատրիարքին, ներկայացնելով եկեղեցւոյ ներկայ անձնակազմը՝ Սուրբ Խորանի սպասաւորները, երգչախումբը, տիկնանց միութիւնը, շաբաթօրեայ վարժարանի ուսուցչակազմը եւ կազմակերպիչ յանձնախումբը։ Իւրաքանչիւր կազմ հերթականութեամբ առիթ ունեցաւ իրենց սրտէ բխած խօսքերն ու հարցերը ուղղել Հոգեւոր Տիրոջ։ Նշենք նաեւ, որ Պէյրութի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Վարժարանի նախկին սաներու միութեան անդամները ներկայ գտնուեցան արարողութեան եւ ընթրիքին։ Ճոխութեամբ եւ երգեցողութեամբ ընթացաւ բացման երեկոն, նաեւ տօնակատարուեցաւ Ամենապատիւ Հոգեւոր Տիրոջ քահանայական ձեռնադրութեան 50-ամեակը։
Նոր եւ Ողորմութեան Կիրակի, 16 Ապրիլ 2023-ին, առաւօտեան ժամը 11-ին, Հայրապետական Սուրբ Պատարագ մատուցեց Կաթողիկոս Պատրիարքը, առընթեր Գերապայծառ Միքայէլ Եպիսկոպոսին եւ Գերյարգելի Հայր Եղիա Ծայրագոյն Վարդապետին։ Սուրբ Զոհին ընթացքին՝ Առաջնորդ Սրբազան Հայրը ներկայացուց Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը ներկայ հաւատացեալներուն, եւ իր երախտագիտութիւնն ու որդիական շնորհակալութիւնը յայտնեց Կաթողիկոս Պատրիարքին ընդառաջելու իր Գանատայի հայրապետական այցելութեան հրաւէրին։ Օրուան քարոզ պատգամէն առաջ, Գերապայծառ Տէրը յայտարարեց համայնքին, որ Ամենապատիւ Հոգեւոր Տիրոջ ժամանումը միայն հովուական այցելութիւն չէր, այլ որպէսզի անակնկալօրէն տօնակատարուի Հայր Եղիա Ծ. Վ. Քիրէջեանի քահանայական ձեռնադրութեան 60-ամեակը (24 Դեկտեմբեր 2022)։
Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը յաւուր պատշաճի քարոզեց «Գացէ՛ք, աշակերտեցէ՛ք, եւ մկրտեցէ՛ք անուամբ Հօր եւ Որդւոյ եւ Հոգւոյն Սրբոյ. Ամէն» մեր Տիրոջ Յիսուսի Քրիստոսի խօսքերէն մեկնելով։ Կաթողոկիս Պատրիարքը կոչ ուղղեց ներկայ հաւատացեալներուն, որ խորհրդածեն այն պահուն մասին, երբ Քրիստոս առաջին անգամ Իր Հրաշափառ Յարութենէն ետք հանդիպեցաւ իր աշակերտներուն, իմանալով որ Զինք մենակ թողեցին դատապարտութեան, խաչելութեան եւ մահուան։ «Հետեւաբար հակառակ իրենց բոլոր մարդկային տկարութիւններուն եւ տարակոյսներուն, Աստուծոյ ողորմութեամբ՝ աշակերտներն իւրայատուկ ուժ եւ կարողութիւն ստացան՝ ընդունելու Յարուցեալ Քրիստոսը իրենց միջեւ։ Այս է իմ այսօրուան հայրական մաղթանքն ու դիտաւորութիւնը ձեզի համար», աւելցուց Հոգեւոր Տէրը։ Տէրունական աղօթքէն առաջ, Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. իր կարգին շնորհակալութիւն յայտնեց Աստուծոյ, այս երկու տարիներու բոլոր հովուական այցելութիւններուն համար Հայ Կաթողիկէ անդաստանէն ներս, ապա Սրբազան Հօր՝ իր կազմակերպութեան եւ Գերյարգելի Հայր Սուրբին՝ իր ընդունելութեան, պատրաստակամութեան եւ բարի օրինակին համար, որպէս 60 տարուան Ամենակալ Աստուծոյ եւ հայ ազգի նուիրուած կղերական։ Սուրբ Պատարագը աւարտեց «Կեցո՛ Զորդի» հայրապետական շարականի երգեցողութեամբ։
Հոգեպարար արարողութեան ներկայ գտնուեցան Թորոնթոյի Սուրբ Աստուածածին Հայց. Առաքելական եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Հոգեշնորհ Տ. Վարդան Ծ. Վ. Թաշճեան եւ իրեն ընկերակցող սարկաւագները, ինչպէս նաեւ Գանաատայի զանազան քաղաքներէ ժամանած հայ կաթողիկէ, հայ առաքելական, եւ հայ աւետարանական եկեղեցիներու հաւատացեալներ։
Նշեալ Կիրակի երեկոյեան, Ամենապատիւ Հոգեւոր Տիրոջ պատմական այս այցելութեան պատւոյն՝ արժանավայել ճաշկերոյթ մը տեղի ունեցաւ։ Բացման խօսքը կատարեց Հայր Եղիա Ծայրագոյն Վարդապետը, ապա ներկայացուց Հոգեւոր Տիրոջ պատուոյ սեղանի անդամները՝ Միացեալ Նահանգներու եւ Գանատայի Կաթողիկէ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Արհիապատիւ Տ. Միքայէլ Եպիկոսպոս Մուրատեան, Առաջնորդական Փոխանորդ Գանատահայոց Թեմին եւ Թորոնթոյի Սուրբ Երրորդութիւն Հայց. Առաքելական եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Արժանապատիւ Տ. Զարեհ Աւագ Քահանայ Զարգարեան եւ իր ազնուափայլ կողակից երէցկին Նայիրա Զարգարեան, Թորոնթոյի Սուրբ Աստուածածին Հայց. Առաքելական եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Հոգեշնորհ Տ. Վարդան Ծայրագոյն Վարդապետ Թաշճեան, Թորոնթոյի Սուրբ Երրորդութիւն Հայց. Առաքելական եկեղեցւոյ օգնական հոգեւոր հովիւ Արժանապատիւ Տ. Հայարի Քահանայ Թանաշեան եւ իր ազնուափայլ կողակից երէցկին Մակի Թանաշեան, Այցելու հոգեւոր հովիւ Հայ Աւետարանական եկեղեցւոյ Վերապատուելի Աւետիս Պոյնէրեան եւ Օնթարիօ Նահանգի Խորհրդարանի երեսփոխան տիար Արիս Պապիկեան, որոնք հերթականութեամբ իրենց սրտաբուխ մաղթանքներն ուղղեցին Ամենապատիւ Հոգեւոր Տիրոջ եւ 60-ամեակի շնորհաւորանք՝ Հայր Եղիային։
Ներկայ գտնուեցան նաեւ Թորոնթոյի եւ Գանատայի հետեւեալ հայկական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ՝ Հայ Եկեղեցիներու Միջ Յարանուանական Մարմնին, Հայաստան Համահայկական Հիմնարկին, Հայ Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան, Հայ Օգնութեան Միութեան «Ռուբինա» Մասնաճիւղին, Զօրեան Հիմնարկին, եւ Նախկին Մխիթարեան Սաներու Միութեան։
Ճաշկերոյթին ընթացքին Սուրբ Գիրգոր Լուսաւորիչ Հայ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ երիտասարդաց քառաձայն «A Cappella» խումբը, ապա եկեղեցւոյ «Այտընեան» երգչախումբը կարգ մը շարականներ եւ հոգեւոր տաղեր կատարեցին։
Գեղարուեստական յայտագիրէն ետք, Միացեալ Նահանգներու եւ Գանատայի Կաթողիկէ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Արհիապատիւ Միքայէլ Եպիսկոպոսը կրկին անգամ շնորհակալութիւն յայտնեց Ամենապատիւ Հոգեւոր Տիրոջ՝ ընդառաջելուն իր այս հրաւէրին, ու մաղթեց Կաթողիկոս Պատրիարքին քաջառողջութիւն եւ բեղուն առաքելութիւն հայրապետական իր պաշտօնին մէջ՝ Սուրբ Հոգւոյ առաջնորդութեամբ։ Իր կարգին՝ Ամենապատիւ Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. իր պատգամը փոխանցեց ներկայ բազմութեան, կրկնելով իր շնորհապարտութիւնն ու պատրաստակամութիւնը, որպէս եկեղեցւոյ հայրապետ, Աստուծոյ կամքին համաձայն հասնելու իւրաքանչիւր հաւատացեալ ընտանաքի կարիքներուն, աշխարհի չորս ծագերուն, հոգեւոր եւ շօշափելի։ Հոգեւոր Տէրը կրկին շնորհաւորեց Հայր Եղիա Ծայրագոյն Վարդապետին իր ձեռնադրութեան 60-ամեակը, յիշելով թէ իր աշակերտը եղած էր իր նորընծայութեան ժամանակ, Զմմառու Մայրավանքէն ներս։
Վերջին օրհնութենէն առաջ, Սուրբ Գիրգոր Լուսաւորիչ Հայ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ կազմակերպչական յանձնախումբին անունով Սիլվա Մարտիրոսեան շնորհակալական խօսք փոխանցեց բոլոր ներկաներուն, ապա Հայր Եղիա Ծայրագոյն Վարդապետին նուիրուեցաւ Ն. Ս. Ֆրանչիսկոս Քահանայապետին Օրհնագիրը իր 60-ամեակին առթիւ, իսկ Ամենապատիւ Հոգեւոր Տիրոջ՝ ոսկիէ ձեռաց Խաչ, որով կատարեց վերջին օրհնութիւնը։
Հայրապետական այս պատմական այցելութիւնն իր աւարտին հասաւ յաջորդ օրը՝ Երկուշբաթի, 17 Ապրիլ 2023-ին, կէսօրուան ժամը 1-ին, մէկ այլ հանդիպումով եւս։ Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը, ընկերակցութեամբ Գերապայծառ Միքայէլ Եպիսկոպոսին, Գերյարգելի Հայր Եղիային, եւ թեմիս ժառանգաւոր Եղբ. Հայկ Շահինեանին, այցելեց Թորոնթոյի Լատին Կաթողիկէ նորընտրեալ առաջնորդին՝ Գերապայծառ Ֆրանք Արք. Լէոյին։ Հոգեւոր դասը քննարկեց եկեղեցւոյ զանազան հարցեր եւ միջեկեղեցական համագործակցական ծրագիրներ։ Ապա՝ Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը փայտէ Խաչքար նուիրեց նորընտիր Արքեպիսկոպոսին, մաղթելով իրեն պտղաբեր առաքելութիւն իր նոր ստանձնած պաշտօնին՝ ի պայծառութիւն Սուրբ Եկեղեցւոյ։
Հայկ Շահինեան
Ժառանգաւոր Հիւսիսային Ամերիկայի Կաթողիկէ Հայոց թեմին
Comments are closed.