Վերարկուներու Բաշխում Ազգ. Քարէն Եփփէ Ճեմարանի Աշակերտութեան

Չորեքշաբթի, 29 Նոյեմբեր 2017-ին, Ազգ. Քարէն Եփփէ Ճեմարանի Շրջանաւարտից Միութեան նախաձեռնութեամբ եւ Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահան Սրբ. Արք. Սարգիսեանի անմիջական աջակցութեամբ տեղի ունեցաւ Ազգ. Քարէն Եփփէ Ճեմարանի աշակերտութեան վերարկուներու բաշխումը, մարդակերտումի այս դարբնոցին հիմնադրութեան 70-ամեակի առիթով: Այս մասին կը հաղորդէ «Գանձասար»։

Սրբազան հայրը բարձրօրէն գնահատեց այս նախաձեռնութիւնը, մաղթելով որ ան վարակիչ դառնայ: Ապա ան յաջողութիւն մաղթեց Ճեմարանին եւ Շրջանաւարտից Միութեան յառաջիկայ աշխատանքներուն:

Ճեմարանի գործադիր տնօրէն՝ պրն.Վահէ Ղազարեան տնօրէնութեան խնամակալութեան եւ շրջանաւարտից միութեան անունով շնորհակալութիւն յայտնեց սրբազան հօր իր այս ներդրումին եւ ցուցաբերած հայրական հոգատարութեան համար:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.