ՎԱՍՆ ԱՒԵՏԵԱՑ ԵՐԿՐԻ ՏԵՍԻԼՔԻՆ
ՎԱՍՆ ԱՒԵՏԵԱՑ ԵՐԿՐԻ ՏԵՍԻԼՔԻՆ
(Բագրատ Արք․ Գալստանեան, Աւետեաց Երկրի Տեսիլքով, Երեւան, 2023)։
ՓՈԽԱՆ ԳՐԱԽՕՍԱԿԱՆԻ
Գառնիկ Աւ․ Ք․ Գ․
Ա․
Գիրքը, ինչպէս զայն բացող «Երկու Խօսք»ին վերնագրութիւնը եւ աւարտը կ’ըսեն, վասն մեր «Աւետեաց երկիր»ին է, անոր՝ որ մեր «յոյսի հայրենիք»ը եւ «լոյսի հայրենիք»ը պիտի ըլլայ։
Ծանօթ է, որ Յովհ․ Թումանեան իր «Հայրենիքիս Հետ» բանաստեղծութիւնը գրած էր 1915-ին, որ խորհրդանշեց Մեծ Եղեռնը, եւ կամ իրաւական եզրով՝ Հայոց Ցեղասպանութիւնը։ Բանաստեղծութիւնը չորս տուներ ունի, եւ երրորդը կ’աւարտի «Յոյսի՜ հայրենիք,/Լոյսի՜ հայրենիք» նախադասութիւններով։ Առաջին տունը կ’աւարտի «Զարկուած հայրենիք,/Զրկուած հայրենիք․․․», երկրորդ տունը՝ «Ողբի հայրենիք,/Որբի հայրենիք», չորրորդ տունը՝ «Իմ նոր հայրենիք,/Հզօր հայրենիք․․․»։ Ուրեմն, ըստ Բագրատ Արքեպիսկոպոսի գիրքը կը վերաբերի հայրենիքին՝ որ տակաւին Մեծ Եղեռնի ժամանակին մէջ է․ դարձեալ «զարկուած» ու «զրկուած», «ողբի» ու «որբի» հայրենիք է, բայց որուն յոյսը դեռ չէ ցամքած, եւ լոյսի տենչը վառ կը մնայ։ Բանաստեղծութեան երրորդ տունէն «Յոյսի՜ հայրենիք,/Լոյսի՜ հայրենիք»ը քաղելով, ան միաժամանակ թելադրած է, որ հայրենիքը տակաւին «նոր» չէ, իսկ «հզօր»ութիւնն ալ՝ կերտելի, կամ ստիպողութիւն է զայն կերտելը։
Գիրքը կը բովանդակէ 16 զրոյցներ, որոնք կատարուած են Արցախի 44-օրեայ պատերազմին անմիջապէս յաջորդած «ծանրագոյն» հանգրուանին, որ չէ փակուած։ Այն օրերուն երբ գիրքը լոյս կը տեսնէր՝ Արցախը շրջափակման եւ գերութեան մէջ էր, եւ հայոց «ներքին կեանք»ն ալ՝ «կողոպտուած» ու «քայքայուած»։ Եթէ այն ատեն «ծանրագոյն» էր մեր իրականութիւնը, այսօր՝ կը գտնուի իրականութեան մը մէջ, որ խստագոյն է քան «ծանրագոյն»ը․․․։ Գիրքը նաեւ կը բովանդակէ հրապարակախօսկան յօդուածներ եւ զեկոյց մը, որոնք գրուած են 2017-ին, 2020-ին, 2019-ին եւ 2014-ին։
«Աւետեաց Երկրի Տեսիլքով»ի իմաստային տարածքն ու խորութիւնը զրոյցներուն կը պատկանի։
Սոյն յօդուածը «Փոխան Գրախօսական»ի է, որովհետեւ առաջադրանք ունեցած է ո՛չ թէ գիրքը ներկայացնել, այլ ամփոփ վերլուծականով մօտենալ հեղինակին մտքերուն, որոնք հայ «իսկատիպ նկարագիր»ին, «բացառիկ ինքնութիւն»ին, եւ անոր կոչման ու ընելիքին կը վերաբերին։
Բ․
«Իսկատիպ նկարագիր», «բացառիկ ինքնութիւն»։ Յստակացման փորձ։ Ի՞նչ է նկարագիրը։ Եւ ի՞նչ է ինքնութիւնը։ Սոյն յօդուածը՝ ո՛չ բառարանային, եւ ո՛չ ալ տեսաբանական բազմազան, երբեմն նաեւ զիրար հերքող սահմանումներուն մէջ շրջագայելու տեղ է։ Ուստի՝ ի՞նչ է հեղինակին հասկացողութիւնը երկու յղացքներուն։
Անոնց վերաբերեալ ամէնէն հիմնական հաստատումը այն է, թէ կառուցուածքներ են։ Նկարագիրը կրնայ ըլլալ «իսկատիպ» կառուցուածք մը, կրնայ նաեւ՝ իսկականին «իմիտացիա» կառուցուածք մը ըլլալ։ Ինքնութիւնն ալ կրնայ «բացառիկ» ըլլալ, կամ՝ կրնայ սովորական ըլլալ։ Հեղինակը ասկէ անդին սահմանում չէ կատարած։ Ուստի՝ առաւել յստակացնելու համար «նկարագիր» եւ «ինքնութիւն» յղացքները, չեմ ուզեր հեռուները երթալ, եւ իրեն անմիջական Մալխասեանի բառարանէն մեկնելով՝ «նկարագիր»ը կը բացատրեմ որպէս բարոյական դէմքը ազգի մը, իսկ «ինքնութիւն»ը՝ որպէս անոր անձնաւորութեան նոյնեղութիւնը։ Աւելցնեմ, որ հեղինակին հայեացքին մէջ, ինքնութինը Էութեան մերձ է։ Եւ եթէ չէ, ապա, ինչպէս նկարագիրը՝ «նմանակում» է, եւ ոչ՝ նմանում Էութեան։
«Իսկատիպ»ին «իսկ»ը կամ «իսկութիւն»ը ի՞նչ է։ Անիկա որեւէ կապ չունի բնազանցական կամ երեւութաբանական յղացքին հետ։ Անիկա լոկ յղացք չէ։ Հեղինակին հայեացքով, անիկա կրօնական հիմնարար փորձառութիւն մը կը նշէ։ Նախ, անիկա կապուած է Մովսէս մարգարէի անուան։ Ան հանդիպեցաւ Գերագոյն Սրբութեան, Էին կամ Աստուծոյ։ Եւ իր ժողովուդի առաջնորդութեան կոչուեցաւ։ Ետքը իրեն պիտի տրուէր Օրէնքը, որուն կեդրոնական տարր համարուած է Տասնաբանեայ պատուիրաններու ցանկը։ Տասնաբանեան, համաձայն իրեն, է առաւել քան պատուիրաններու ցանկ մը․ անիկա արժէք-սկզբունքներու գաղափարաբանութիւն մըն է, որուն գլխուն կը գտնուի «բացարձակ արժէք»ը, որ է՝ «Ես Եմ քու Տէր Աստուածդ»։ Ճիշդ է, որ Տասնաբանեայ պատուիրաններու տուչութիւնը պիտի չըլլար մարգարէին Անկէզ Մորենիի առջեւ Աստուծոյ հետ առաջին հանդիպման, բայց այն հանդիպումը՝ «իսկական» փորձառութիւնը պիտի ըլլար։ Յետոյ ինչ որ պիտի տրուէր՝ պիտի բխէր նոյն փորձառութենէն։ Այն փորձառութեամբ՝ ժողովուրդի մը աստուածաբուխ ինքնութիւնը պիտի մատուցուէր որպէս ընդ Էութեան հաղորդակցութեամբ կառուցելի, նաեւ՝ պիտի մատուցուէին նկարագրին սկզբունքները, որոնք «դաստիարակում են, ուղղութիւն են տալիս»։ Ինքնութեան կառուցելիութիւնը՝ հեղինակին մօտ կը նշանակէ յար նմանումը Էութեան, եւ ոչ՝ յօրինում մը Անկէ անկախ։ Նկարագրին կառուցելիութիւնն ալ՝ կը նշանակէ ինքնութեան այն նմանումէն բխող սկզբունքներուն հաւատարմութիւն։
«Ես Եմ քու Տէր Աստուածդ»։ Ասիկա նոյնն է՝ ինչ է Յիսուի «Աստուծոյ արքայութիւն»ը։ Աստուծոյ հետ մարգարէի հանդիպման փորձառութիւնը՝ Աստուծոյ արքայութեան հետ հանդիպման փորձառութիւնն է։ Եւ այն փորձառութիւնը ժողովուրդ մը ազգի կը վերածէ, եւ ազգն ալ՝ պետութենաւոր ազգի, գրած է Բագրատ Սրբազան։ Ուրեմն, ազգ մը միայն ժամանակակից ազգ-պետութեան առումով հաւաքականութինը չէ։ Պետութիւն մըն ալ՝ անպայման ազգ-պետութեան ստորոգութիւններով պետութիւնը չէ։ Սրբազանին ազգն ու պետութիւնը՝ աստուած-ա-բանական են, եզրին ոչ թեքնիք առումով, այլ՝ ըստ Աստուծոյ Կամքին բանուածքներ։
Գ․
Քրիստոնէութեան ընդունմամբ՝ հայութիւնը «վերադարձաւ» իր հիմքին, այսինքն՝ Էութեան կամ Աստուծոյ հետ իր փոխյարաբերութեան։ «Վերադարձ»ը դարձ մըն էր դէպի «գերագոյն արժէք»ը, «բարձրագոյն»ը, «վերին»ը։ Ուղղութիւն մը՝ դէպի ապագայ, «կեանքի յարաբերութիւնների ստեղծման», որուն «ակունք»ն է Տասնաբանեայ պատուիրաններուն առաջինը, ըստ որուն՝ Աստուած ինքն է միակ Տէրը, եւ՝ «ո՛չ մարդ, ո՛չ կենդանի, ո՛չ այլ բաներ»։ Այս «ակունք»ը ապագայէն կը բխի, ուստի ասոր հաւատարմութիւնը իւրաքանչիւր անհատէ եւ հաւաքականութենէ կը սպասէ ապագայէն գալ ներկայ, եւ՝ ո՛չ թէ անցեալէն։ Ասիկա ունայն ապագայ մը չէ, այլ բովանդակութիւն ունի, տեսիլքի բովանդակութիւն։
Տեսիլքը կ’ամփոփուի պատգամի մը մէջ։ Ակնարկելով եբրայեցիներու Եգիպտոսի ելքէն յետոյ անապատային դեգերումներուն՝ ըսած է, թէ այդ պատմութիւնը ունէր հիմնական տեսիլք մը, եւ այն տեսիլքը Տաճարին կառուցումն էր։ Անոր կառուցումը իրագործելի տեսնուած էր միայն «հոգեւոր մեծ արժեհամակարգ»ի վրայ հիմնուելով․ արժեհամակարգի՝ որով անհատական եսակեդրոնութենէն անցումը կ’ըլլայ ազգի եւ պետութեան ձեւաւորման։
Հայոց պատմութեան մէջ, սեփական Տաճարին կառուցումը սկսաւ քրիստոնէութեան ընդունմամբ։ Հայ ինքնութեան առումով՝ անիկա «խորքային նշանակութիւն ունեցող իրադարձութիւն» եղաւ։ Եւ «է մինչեւ այսօր», հակառակ ուրացումներուն։ Անիկա «մեծ պատասխանատուութիւն» բերաւ հայ կեանքին մէջ («քրիստոնէական արժեհամակարգը (…) մեծ պատասխանատուութիւն է ենթադրում»)։ Ընդունմամբ՝ «մշակութային ազդեցութիւնների ու քաղաքական ճնշումների» ենթակայ Հայաստանը, իր «ամբողջ մտածողութիւն»ը հիմնեց «հայակենտրոնութեան վրայ», որ խորքային տարանջատում է «թէ՛ քաղաքական, թէ՛ մշակութային, թէ՛ քաղաքակրթական, թէ՛ պաշտամունքային ազդեցութիւններից»։ Եւ Հայաստանը ազատագրուեցաւ ու վերականգնեցաւ։ «Հայակենտրոնութիւն» բառով՝ հեղինակը չէ հասկցած ցեղապաշտութիւն, ստորադասում որեւէ ազգի, այլ «Ընտրեալ ազգ» ըլլալու կամ Աստուծմէ կոչում մը ստացած ըլլալու գիտակցութիւն։ Այս գիտակցութիւնը պտղաւորուեցաւ ապաշխարութեան ընթացքով, ինքնամաքրումով։
Մեր հայրերը յունարէն «մեթանոյիա» բառը թարգմանած են «ապաշխարութիւն»։ Հայերէն բառը չ’արտայայտեր յունարէնին նուրբ թելադրութիւնը (թէեւ մեր հայրերը տաղանդաւոր բառակերտողներ էին, բայց, ինչպէս թարգմանութիւններ՝ նոյնպէս համանիշներու ստեղծումներ կա՛մ կը զեղչեն լեզուէ մը այլ լեզու փոխադրեալին նրբութիւնը, կամ առաւել կը հարստացնեն․ այս պարագային՝ զեղչումն է)։ Մեր «ապաշխարել»ը կը նշանակէ ապա աշխարել, ապա զղջալ գործուած սխալներուն համար, եւ զգաստանալ։ Յունարէնը կը նշանակէ մտքի փոփոխութիւն։ Սրբազանը յունարէնին նրբութիւնը ուզած է սեւեռել, ըսելով՝ թէ անիկա միայն մտքի փոփոխութիւնը չէ, այլ՝ մտքի «երջանիկ փոփոխութիւն»ը։ Եւ բացատրած՝ «երբ դու փոխում ես ամբողջը եւ այդ ուրախութիւնն ես ապրում, որ կարողացար անդրանցնել, վեր կանգնել, սրբագրել, նոր կեանքի ուղի հաստատել եւ ընթանալ», ապա երջանկութեան փորձառութիւնը կ’ունենաս։ Այս «երջանիկ փոփոխութիւն»ը պիտի հասնէր Գիրերու գիւտին։ «Պատահական չէ, որ քրիստոնէութեան ընդունման յաջորդեց Գրերի գիւտը», ըսած է ան։ Գիւտը եւ անոր հետեւած գործունէութիւնը հայուն տուաւ իւրայատուկ ինքնութիւն, նկարագիր եւ կերպ։ Արդ, «քրիստոնէութեան շնորհիւ է, որ մենք գոյութիւն ունենք»։
Հայութեան դարերը՝ անդադրում վայրիվերումներ, աւելի՝ դարեր ճորտութեան եւ գերութեան։ Այնուհանդերձ՝ դեռ կը դիմանայ ան, ուրեմն՝ ըսելիք ունի։ Տակաւին իր վերջին խօսքը չէ ըսած։ Իսկ վերջին խօսքը՝ «աւետեաց երկրի»ն ստեղծումն է, որ պիտի ըլլայ հոգեւոր Հայաստանը, աստուածային արժեհամակարգի երկիրը, Տաճարը՝ ուր Աստուած միակ Տէրն է։ Փութամ ըսելու, որ Սրբազանի մտքին մէջ չկայ աստուածպետութեան կամ կրօնապետութեան ձգտում։ Այլ համոզում՝ թէ այսօրուան աշխարհը արժէքներու տեղատուութեան, յարմարուողականութեան մէջ է, ուստի՝ զայն պէտք է շրջել։ Քրիստոնէութիւնը շրջումի համակարգ կը մատուցէ, որովհետեւ անիկա լոկ անհատի կրօնք չէ, թոյլ կամ խեղճ մարդու կրօնք չէ, անպատասխանատու մարդու կրօն չէ։ Քրիստոնէութիւնը «համայնքային էակ»ին կրօնքն է, եւ ոչ՝ մեկուսի անհատին․ կրօնքն է արի եւ արժանապատիւ մարդուն՝ որ իր գոյութենական պատասխանատուութիւնը կը ստանձնէ։ Վերափոխած եւ վերափոխող զօրութիւն է անիկա։ Քանի որ՝ անոր համար մարդը արժէք ունի։ Իսկ այն թիւրիմացութեան՝ թէ միայն թուլութեան կամ խեղճութեան քարոզ մըն է քրիստոնէութիւնը, Սրբազանին պատասխանն է․ անոր բարոյագիտութեան տարր զղջումը եւ սեփական մեղաւորութեան խոստովանութիւնը՝ «ամենախիզախ աստիճանի ինքնադրսեւորումն է», որ կապ չունի թուլութեան կամ խեղճութեան հետ, այլ կը նշանակէ՝ «ես ուզում եմ ընթանալ դէպի իմ անմահութիւնը» (հասկնալ՝ Յովհաննէս աւետարանիչի «յաւիտենական կեանք»ը, որ Աստուծոյ մէջ կեանքը` կը նշանակէ․ կեանքը՝ որ ժամացուցային ժամանակէն եւ անցաւոր արժէքներէն վեր է)։
Պատմութեան այլ հանգրուաններուն, այսօր եւս՝ հայութիւնը պարտուած է մեղքին (յիշենք՝ Արցախի եւ Հայաստանի գլխուն եկած աղէտներն ու անոնց պատճառները)։ Ըստ Սրբազանին, այս հաստատումը լոկ Աստուածաշնչական կամ վարդապետական բանաձեւում մը չէ։ Ըսած է․ «Մենք ապրում ենք մեղքի տիրոյթում՝ չցանկանալով ազատագրուել մեղքից, որովհետեւ հաճելի կը թուի անիկա, պաշտպանուածութեան պատրանքը կու տայ, բայց խորապէս յուսահատութիւն մըն է»։ Մեղքի գոյավիճակը ճահճային է․ ան որ ճահիճի մէջ կ’ապրի եւ վարժուած է այնտեղ մնալու, զայն կը համարէ «իր ամենաօգտակար, ամենահաճելի միջավայր(ը)», «յարմարաւէտ»ը։ Այն վարժութիւնը այսօր կը սնուցուի «դուխ»ի Հայաստանին սուտերով։ Պէտք է դուրս գալ ճահիճէն։
Ինչպէ՞ս։
Սրբազանը կը հաւատայ, թէ «մեր սեփական ամօթի զգացումը, խայտառակութեան զգացումը գոնէ ինչ-որ ձեւով կը ցնցեն մեզ եւ, ինքներս մեզ յաղթելով՝ կը կարողանանք վերականգնել մեր ամբողջական նկարագիրն ու արժանապատուութիւնը»։
Հարկ է վերականգնիլ։ Եւ վերականգնելու համար ստիպողական է.
1.- Ունենալ ինքնամաքրումի ժամանակ․
2.- Ունենալ արժեհամակարգ, որուն բաղադրիչներն են․ Աստուած, հայրենիք, ժառանգութիւն, ընտանիք, ազգ եւ պետութիւն․
3.- Ունենալ գործունէութիւն՝ որ Հայաստանը կը ստեղծէ որպէս Տաճար․ տուն հոգեւոր բարձրագոյն արժէքներու, անոնց գիտակցման, անոնցմով ապրելու․ մուտքը՝ ուր կը գործուի «Աւետեաց երկիր»ը։
Բագրատ Արք․ Գալստանեանի հայեացքը կը խօսի Աստուածաշնչական իմաստութեամբ, ապա՝ յատկապէս Ոսկեդարեաններուն հիմնարար գաղափարներով եւ Հայ եկեղեցւոյ դարաւոր յանձնառութեան տենչովը յոյսի հայրենիքի, լոյսի հայրենիքի։
Comments are closed.