Վանգուվըրի մէջ ընթացող ԵԱՀԿ ԽՎ նիստին Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբի անդամները Արցախի ինքնորշման հարցը արծարծեցին ԵԱՀԿ պատգամաւորներուն հետ

Յունիս 30-ին, Վանգուվըրի մէջ սկսաւ Եւրոպայի անվտանգութեան եւ համագործակցութեան կազմակերպութեան (ԵԱՀԿ) խորհրդարանական վեհաժողովի (OSCE PA – ԵԱՀԿ ԽՎ) տարեկան 30-րդ նստաշրջանը։ Հայաստան նստաշարջանին կը մասնակցի խորհրդարանական պատուիրակութեամբ, որուն մաս կը կազմեն ՀՀ Ազգային Ժողովի արտաքին յարաբերութիւններու մշտական յանձնաժողովի նախագահ, Սարգիս Խանդանեանը, ՔՊ խմբակցութեան պատգամաւորներ Մարիա Կարապետեանը, Լիլիթ Մինասեանը, Արթուր Յովհաննիսեանը եւ «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Լիլիթ Գալստեանը: Վեհաժողովի օրակարգի վրայ են քաղաքական բանտարկեալներու, գաղթականներու, պատերազմի հետեւանքներու, Փտտածութեան դէմ պայքարի եւ փոքրամասնութիւններու իրաւունքներու հարցերը
Նստաշրջանին կը մասնակցին 57 երկիրներու պատգամաւորներ եւ ներկայացուցիչներ։ «Հորիզոն» շաբաթաթերթի կողմէ որպէս լրագրող վեհաժողովին կը մասնակցին Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբի Արեւմտեան շրջանի անդամներ Յակոբ Տէր Յակոբեան եւ Վահէ Անտոնեան, որոնք նստաշրջանի առաջին օրը, Լիլիթ Գալստեանի հետ Արցախի ազգային ինքնորոշման հարցը արծարծեցին վեհաժողովի մասնակից Գանատայի, Ֆրանսայի, Կիպրոսի, Իրլանտայի, Շուէտի, Հոլանտայի, Ֆինլանտայի եւ Սպանիոյ պատգամաւորներուն հետ։
Նստաշրջանը կը շարունակուի մինչեւ Յուլիս 4։

Comments are closed.