Վանգուվըրի Հայ Կեդրոնի հաղորդագրութիւն

Վանգուվըրի Հայ Կեդրոնն ու ՀՅԴ Սիմոն Վրացեան Կոմիտէութիւնը կարեւորութեամբ կ՚ուզեն յստակացնել, թէ գաղութի բոլոր զաւակներու ապահովութիւնն ու առողջութիւնը իրենց առաջնահերթութիւնն են, վստահ ըլլալով, որ հաւաքական մեր ուժը ի մի բերելով դուրս կու գանք COVID-19 համաճարակի ստեղծած ահազանգային կացութենէն:

Այս իմաստով, ձեզի կը վստահեցնենք, որ գաղութիս ամէնէն վտանգուած անդամներուն (60+ տարիք ունեցող հայրենակիցներուն), յաւելեալ հոգատարութիւն եւ հասանելի ըլլալու նպատակով , ՀՅԴ Սիմոն Վրացեան Կոմիտէութիւնը հաստատած է օժանդակութեան հեռաձայնի գիծ և ե-նամակի հասցէ, անհրաժեշտութեան պարագային հասնելու ձեր կարիքներուն:

Հետեւաբար, եթէ անկարող էք կամ հիւանդ էք եւ չունիք ընտանիքի անդամներ կամ բարեկամներ, որոնք կրնան ապահովել ձեր կարիքները (ուտեստեղէն, դեղորայք, անհրաժեշտ պիտոյքներ), կը խնդրենք ե-նամակով գրէք svratsian@gmail.com ին եւ կամ հեռաձայնել հետեւեալ թիւերուն

Վահէ Անտոնեան             604 240 5490

Վահիկ Ակոբեան              604 657 0151

Մարալ Քիւլլահեան          778 228 1233

Էտի Փափազեան              604 817 8227

Յակոբ Շաթոյեան             778 877 4066

Մեղրիկ Փամփալեան        778 317 5731

Սիրելիներ, ունինք անհատական եւ հաւաքական պարտականութիւններ կանխարգիլելու COVID-19-ի տարածումը: Ձեռք ձեռքի տալով պիտի մնանք հոգատար, աշխոյժ ու գործունեայ գաղութ եւ պիտի յաղթահարենք դժուարութիւնները:

Մնացէք առողջ:

ՀՅԴ Սիմոն Վրացեան Կոմիտէ

 

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.