Ս. Թարգմանչաց տօնին առիթով՝ Սուրէն Արք. Գաթարոյեան Սրբազանի քահանայական ձեռնադրութեան ու օծման 60-ամեակի նշում
1118
0
Կիրակի, 9 Հոկտեմբեր 2022-ին, Սրբոց Թարգմանչաց վարդապետաց տօնին առիթով, Գանատայի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արք. Չարեանի տնօրինութեամբ, թեմիս բոլոր եկեղեցինիներուն մէջ տեղի ունեցաւ Հայ Ուսուցիչներու Օրհնութեան աղօթք:
Առաջնորդ Սրբազանը Հանդիսապետեց Ս. Յակոբ Առաջնորդանիստ Մայր եկեղեցւոյ Ս. Պատարագին, օրհնեց ուսուցիչները, յաւուր պատշաճի քարոզեց եւ աւարտին ընթերցեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի Հայրապետական Օրհնութեան Գիրը, ուղղուած՝ Գերաշնորհ Տ. Սուրէն Արքեպիսկոպոս Գաթարոյեանի քահանայական ձեռնադրութեան ու օծման 60 Ամեակին:
Ս. Պատարագը մատուցեց Արժանապատիւ Տ. Գառնիկ Աւ. Քահանայ Գոյունեան: Առաջնորդ Սրբազան Հօր աղօթակից էին Սուրէն Արքեպիսկոպոս Գաթարոյեանն ու Յակոբ Աբեղայ Եագուպեանը: Ներկայ էին Ազգ. Վարչութեան անդամներ, երեսփոխաններ եւ հոգաբարձութեանց անդամներ:
Առաջնորդ Սրբազանը ընթերցեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի Հայրապետական Օրհնութեան Գիրը ուղղուած՝ Գերաշնորհ Տ. Սուրէն Արքեպիսկոպոս Գաթարոյեանի քահանայական ձեռնադրութեան ու օծման 60-ամեակին, որուն մէջ Նորին Ս. Օծութիւնը կը շնորհաւորէր Սուրէն Սրբազանին քահանայական ձեռնադրութեան ու օծման 60-ամեակը եւ կը գնահատէր անոր բազմամեայ վաստակը, մաղթելով առողջ կեանք մը՝ ընդ երկար ծառայութիւն։
Օրհնութեան Գիրի ընթերցումէն ետք, Բաբգէն Սրբազան իր կարգին, անդրադառնալով Սուրէն Սրբազանի ծառայական վաստակին, վեր առաւ անոր անխոնջ հոգեւորականի ու առաջնորդի վաստակը՝ իբրեւ Հոգեւոր Առաջնորդ մը, որ իր կեանքը ընծայաբերած է ժողովուրդի ծառայութեան:
Ս. Պատարագէն ետք, Մոնթրէալի Հայ Կեդրոնի «Ա. Ահարոնեան» սրահէն ներս տեղի ունեցաւ միջոցառում մը ի պատիւ Սուրէն Սրբազանին, որուն ընթացքին, Սուրէն Սրբազան փառք ու գոհութիւն յայտնեց Աստուծոյ, իր երախտագիտութիւնը յայտնեց Վեհափառ Հայրապետին, ողջունեց ներկաները, ապա շնորհակալութիւն յայտնեց Առաջնորդ Սրբազան հօր: Աւարտին, Բաբգէն Սրբազանը յուշանուէրով պատուեց Սուրէն Սրբազանը: