Աւելի քան երկու ամիս առաջ, 2023-ի Նոյեմբերի առաջին օրերուն, ճակատագիրին եւ առողջութեան հասած հարուածներէ ետք, Լոս Անճելըսի մէջ աչքերը փակեց հայկական բեմին նուիրեալ մը՝ Զօհրապ Եագուպեանը: Օրին, անոր վաստակին մասին երկու հակիրճ արձագանգ արձանագրուեցաւ «Ազդակ»ի մէջ (Պէյրութ), կատարուեցաւ ըստ արժանւոյն գնահատական, մէկը՝ լիբանանահայ բեմին սպասարկող վաստակաւորէ մը՝ Յարութ Գնդունիէն, երկրորդը համազգայնական արուեստասէրէ մը՝ Յակոբ Լատոյեանէն: Առաջինը իր ակնարկը եզրափակած էր հետեւեալ տողով. «…քեզ պիտի յիշէ լիբանանահայ թատրոնի պատմութիւնը», իսկ երկրորդը թարգմանը եղած էր թատերասէրներու եւ գործակիցներու երախտագիտական զգացումներուն ու եզրափակած. «Վարձքդ կատա՛ր»: (Եթէ այլք արձագանգեցին, թող ներող ըլլան, ինձմէ վրիպած են):
Մեր այս սիւնակին նպատակը յիշեալ գնահատականներուն կրկնութիւնը ընել չէ, այլ կ’ուզենք կարկինի քիչ մը աւելի լայն բանալ, լուսարձակի տակ բերելու համար թատերական արուեստին նուիրեալ Զօհրապին կեանքի ճանապարհը, շեշտելու՝ որ ան ո՛չ միայն լիբանանեան արժէք էր (ո՛չ միայն հայկական իմաստով), այլ նաեւ՝ Սփիւռի մէկ արժէքն էր, ու անոր կորուստով, Հայ Սփիւռքն է որ ցաւ կա’պրի:
Շարունակելէ առաջ, արձանագրենք բաղձանք մը, որ Լիբանանի Հայ Բեմը ունենայ իր պատմագիրը, վերջերս լոյս տեսած՝ երգչախումբերու պատմութեան հետեւողութեամբ, որպէսզի այս կալուածն ալ գտնէ զինք վաւերագրողն ու Հայ Թատրոնի անվերջանալի պատմութեան էջերուն տեղադրէ Լիբանանի Հայ Բեմը՝ իր բոլոր տաղանդաւոր սպասարկուներով: Իսկ նման բաղձանք կարելի է տարածել արուեստի այլ կալուածներու վրայ եւս…
ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԹԱՏՐՈՆԸ՝ 70-ԱԿԱՆՆԵՐՈՒ ՍԿԻԶԲԻՆ
Որպէսզի կարելի ըլլայ ուրուագծային կերպով ներկայացնել Զօհրապին դերն ու վաստակը՝ մեր թատերական կեանքին մէջ, կ’արժէ պահ մը կանգ առնել այն մթնոլորտին առջեւ, որ կը տիրէր Լիբանանի մէջ, 70-ականներու սկիզբներուն, երբ հրապարակ եկան Զօհրապն ու իր ընկերները, նոր ուղիներ կերտելու կամքով եւ տեսլականով:
Ընենք քանի մը ընդհանրական հաստատում: Թատրոնը բազմարուեստ կալուած է. կը կարօտի թատերագիրի, դերակատարներու, բեմադրիչի եւ լծակիցներու (բեմավար, դիմայարդար, զգեստներ հոգացող, երաժշտութիւն եւ ձայնային սարքեր կառավարող, լուսաւորումի պատասխանատու, քուլիսային «խուլ աշխատանք» տանող եւ այլն): Առանց այս «տարրերուն» (բեմադրիչին գլխաւոր, ո՛չ միակ գործը՝ այս բոլորը համակարգել ու կառավարելն է), թատերական գործ մը բեմ չի կրնար բարձրանալ, անկախ անկէ, թէ բեմ բարձրանալն ալ յաջողութեա՞մբ, թէ՞ ձախորդութեամբ կ’աւարտի: Փակագիծ մը բանալով, արձանագրենք նաեւ, թէ թատերական գործ մը վէպ, բանաստեղծութիւն կամ պատմուածք չէ, որ բաւականանայ ընթերցող գտնելով: Անոր բեմ հանուի՛լն է որ պիտի երախշաւորէ անոր արժէքը, յաջողութիւնը կամ ձախողութիւնը, եւ հոն, բանալի դերը կ’իյնայ բեմադրիչի ճիտին: (Հազուադէպ չեն այն համեստ թատերակները, որոնք վարպետ բեմադրիչի մը պրիսմակէն անցնելով՝ մեծ յաջողութիւն գտած են, ճիշդ է նաեւ հակառակը՝ ձախլիկ բեմադրիչներ ողջակիզած են վարպետներու գործերը: Շարժապատկերն ալ թատրոնին մէկ տարբերակն է):
Երկրորդ կարեւոր հաստատումը այն է, որ թատերական արուեստը մարմին կը ստանայ ՈՐՈՇ ՉԱՓՈՎ ԻՆՔԶԻՆՔ ԳՏԱԾ, ՈՐՈՇ ՀԱՒԱՍԱՐԱԿՇՌՈՒԹԻՒՆ ԱՊԱՀՈՎԱԾ հաւաքականութեան մը մէջ. հաւաքականութիւնը կրնայ ըլլալ քաղաք, գաղութ, երկիր եւ այլն: Իսկ երբ կ’ըսենք «որոշ կայունութիւն եւ հաւասարակշռութիւն հաստատած» կեանք, ի մտի ունինք թէ՛ նիւթական եւ թէ մշակութային որոշ՝ տանելի մակարդակի մը նուաճումը:
Կանգ առնելով հայութեան կեանքին վրայ, աւելորդ է յիշեցնելը, թէ յետ-ցեղասպանութեան առաջին տարիներուն, կարելի չէր երեւակայել ընկալեալ իմաստով թատերական կեանք ու բեմ, երբ զանգուածը ինկած էր ապրուստի տարրական կարիքներու ապահովման տենդին մէջ:
Ցեղասպանութենէն մինչեւ Բ. Աշխարհամարտ եւ անկէ ալ ետք, սփիւռքեան գաղութները ապրեցան ինքզինք վերագտնելու եւ ընկերային-նիւթական եւ մշակութային բարենպաստ պայմաններու ապահովման փուլեր: Միջին արեւելեան գաղութները, ըլլալով ամէնէն բազմամարդն ու փոքր տարածութիւններու մէջ վերականգնողը, այս իմաստով աւելի՛ բախտաւոր եղան, քան հեռակայ գաղութներ (չենք ուզեր մտնել յաւելեալ մանրամասնութիւններու մէջ): Այդ՝ վերակազմաւորման եւ «կռնակը շտկելու» տարիներուն, արուեստի այս կամ այն կալուածը դուրս չէր նետուած մեր կեանքէն: Կային գրողներ, անհատ նկարիչներ, երաժիշտներ, սակայն, ինչպէս նշեցինք քիչ առաջ, այդ կալուածները ԱՆՀԱՏԱԿԱՆ կառոյցներ են, մինչդեռ թատրոնը բազմարուեստ է, եւ կը կարօտի շատ աւելի լայն ու ամուր յենարաններու: Այդպէս եղած է ամէն տեղ, սկսելով Լեհաստանի մեր թատրոնէն՝ մինչեւ Թիֆլիս, Պոլիս եւ այլուր (Մխիթարեաններու թատրոնը իւրայատուկ է, իսկ Հայաստանի պարագան բոլորովին տարբեր է, հոն խորհրդային տարիներէն ի վեր արհեստավարժութիւնը կերտած է իր ճամբան եւ արձանագրած՝ նուաճումներ, բեմերէն անդին տարածուելով սպիտակ պաստառի աշխարհ): Թատրոնը անշուշտ կարօտած է – եւ կը կարօտի – նա՛եւ տարբեր նախադրեալներու, սակայն ամէնէն հիմնական ենթահողը կ’ապահովուի գաղութի մը կեանքին մէջ նշուած կայունութեան եւ հաւասարակշռութեան ապահովումով:
Ցեղասպանութենէն փրկուած հայ բեկորները, գաղութ դարձողներն ու կազմակերպողները բոլորովին մէկդի՞ նետած էին թատրոնը: Բնականաբար ո՛չ: Կային հայրենակցական միութիւններու թատերախումբեր, դպրոցներ ու շրջանաւարտից միութիւններ, որոնք բառին ամէնէն պարզ առումով ունէին սիրողական խումբեր: Թէեւ Լիբանանի եւ այլ գաղութներու թատերախումբերը յաջորդող տասնամեակներուն ալ առաւելաբար սիրողական էին, սակայն չմոռնանք, որ սիրողականն ալ ունի ի՛ր տարբերակներն ու մակարդակները: Այս ծիրին մէջ դիտելով թատրոնի զարգացումը, կը տեսնենք, որ մշակութային միութեանց թատերախումբերը, որոշ հանգրուանէ մը ասդին, ունեցան ԱՐՀԵՍՏԱՎԱՐԺ, ՎԱՐՊԵՏ բեմադրիչներ ու բեմի մարդիկ, որոնք իրենց շուրջ խմբուած ՍԻՐՈՂԱԿԱՆներուն հետ թատրոնի շէնքը օժտեցին նոր յարկերով: Եւ ահա հո՛ս է որ կը շեշտուի մեր սկզբնական բաղձանքը, թէ՝ Լիբանանի եւ այլ գաղութներու թատրոնը պէտք է ունենայ իր պատմագիրը (ծանօթ է որ, օրինակի համար, Համազգայինը եւ այլք հրատարակած են յուշամատեաններ, որոնք հսկայական հում նիւթ կ’ապահովեն պատմագիրին): Աւելորդ չ’ըլլար աւելցնել, որ Սուրիոյ մեր գաղութը եւս ունեցած է զուգահեռ զարգացում՝ թատրոնի կալուածին մէջ…
Բաւարարուելով ու կեդրոնանալով Լիբանանի մեր գաղութին եւ անոր ծոցէն ծնած թատերական կեանքին վրայ, կրնանք արձանագրել, որ Ցեղասպանութեան 50-ամեակին բերած զարթօնքին ալիքները իրենց ներգործութիւնը ունեցան նա՛եւ թատերական կալուածին վրայ: Եթէ նոյնինքն Լիբանանը, իր անկախութեան յաջորդած առաջին տասնամեակներուն այլապէս քալած էր դէպի բարօրութիւն եւ տարբեր գիծերու վրայ զարգացում, այդ երկրին հայութիւնն ալ ապրած էր այդ բարիքները (իսկ մօտաւորապէս 50 տարիէ ի վեր բաժնեկից է տառապանքներուն): Կարելի չէ արհամարհանքով դիտել, օրինակի համար, Լիբանանի մէջ պատկերասփիւռի կայանին հիմնադրութիւնը: Կարճ ատեն ետք, փոքր պաստառը տուներէն ներս փոխադրեց որոշ չափով արհեստավարժ խումբեր, որոնք բարոյական եւ երգիծական (երբեմն խեղկատակութեան սահմաններուն մէջ) պատկերներով անուղղակի բաժին ունեցան ԹԱՏՐՈՆին զարգացման մէջ (Լիբանանեան պատկերասփիւռի կարգ մը վաստակաւորներ իրենց անունը արձանագրած են նաեւ Լիբանանեան Թատոնի պատւոյ տոմարներուն մէջ): Այս գործօններուն վրայ պէտք է աւելցնել բարձրագոյն ուսման մատչելի դառնալը: Նախապէս, եթէ նախակրթարանի վկայական մը կամ քանի մը տարի ալ անկէ անդին երթալը պերճանք էր, երկրորդականի վկայականն ու համալասարանական ուսումը դարձան աւելի ընդհանրական:
Կար նաեւ այլ կարեւոր յաւելում մը՝ նոյնինքն ԹԱՏՐՈՆ-ՇԷՆՔերու մուտքը մեր կեանքէն ներս: Նախապէս, պատկառելի բեմադրութիւններ կը կատարուէին դպրոցներու կամ շարժապատկերի սրահներու մէջ (օրինակ, պատմութիւն կերտուած է Պէյրութի կեդրոնական հրապարակներու շրջանին մէջ գտնուող՝ երբեմնի «Կրան Թէաթըր» սրահին մէջ): Թատոնի զարգացման իրենց անփոխարինելի նպաստը բերին մասնաւորաբար «Յակոբ Տէր Մելքոնեան», Յովակիմեան-Մանուկեան վարժարանի (պատերազմին հետեւանքով պատմութեան անցած) սրահներն ու Պէյրութի Համալսարանական Քոլէճի (նախկին Պի. Եու.Սի.-ի) ամփիթատրոնը:
Ահաւասիկ այսպիսի գործօններու գումարն էր, որ Լիբանանի մեր գաղութը բերաւ-հասցուց յետ-50-ամեակի փուլ, այսինք, 60-ականներու երկրորդ կէսը եւ տարաւ անկէ անդին:
Եթէ մինչ այդ, միութենական թատոնները ստեղծած էին իւրայատուկ դպրոցներ, ու սիրողը մուտք կը գործէր ու փորձառութիւն, նաեւ համբաւ կը շահէր, այդ փուլին էր որ կարգ մը սիրողներ ձեռք առին ուսանողական ցուպը եւ գացին եւրոպական եւ այլ ոստաններ, ուղղակի առնչուելու Արեւմտեան Թատրոնին (Անգլիա, Ֆրանսա, Միացեալ Նահանգներ…) ու անոր կերտիչներուն հետ (գրող թէ բեմադրիչ-դերասան: Այդ խմբակին առաջիններէն էր (ոչ միակը) Վարուժան Խտըշեան, որ Պէյրութ վերադարձին, սկսաւ բեմ հանել արեւմտեան ոստաններու մէջ անուն ու հռչակ ունեցող նա՛եւ ժամանակակից թատերագիրներու գործեր, առանց անտեսելու «վեթերաններ»ը: Այս դիտանկիւնէն, Զօհրապն ու քանի մը ուրիշներ կարելի է դասել երկրորդ ալիքին մէջ: Չենք կրնար անտեսել այն տղաքը, որոնք արհեստավարժութեան հեռանկարով գացին Հայաստան եւ հետեւեցան թատերական ուսումի, վերադարձան Պէյրութ եւ իրենց ներդրումը ունեցան Լիբանանի Հայ Թատրոնի կեանքին մէջ:
Զարգացած երկիրներէ լոյս բերելու շարժումը միայն թատրոնի կալուածով չէր սահմանափակուած, ձեւով մը կը յիշեցնէ այն ալիքը, որ 19-րդ դարու կէսերուն Պոլիսէն եւ մայր Հայաստանէն երիտասարդներու փաղանգներ տարաւ եւրոպական փարոսներ ու զանոնք դարձուց մեր Զարթօնքի սերունդին ներկայացուցիչները: Աւելի չմանրամասնենք ու չտարածուինք:
ԶՕՀՐԱՊԻ ԹԱՏԵՐԱԿԱՆ ԿԵԱՆՔԸ
Այսօր, երբ կը յիշենք բեմադրիչ-դերասան Զօհրապ Եագուպեանը, ընդհանրապէս լուսանցքի վրայ կը մնայ անոր աշակերտական օրերու բեմական կեանքը: Սա բնական է, որովհետեւ իրեն պէս շատեր բեմ ելած են դպրոցներու մէջ, սակայն յետոյ, չեն մտածած մասնագիտանալու մասին, կարեւոր թիւ մը՝ անոնցմէ, մտած է աշխատանքի տարբեր ասպարէզներ, սակայն դպրոցին մէջ իր ունեցած սեղմ փորձառութիւնը զինք դարձուցած է յաջորդ մակարդակի սիրողականը. այսինքն՝ անոնք բոլորուած են ծանօթ, արհեստավարժ եւ թատերական ուսումով օժտուած արուեստագէտներու շուրջ, կանգուն պահած ու յառաջդիմութեան տարած մեր թատրոնը:
Զօհրապին «ալիք»ին մաս կազմած են Սիմոն Մնակեանը եւ Վահէ Պէրպէրեանը, որոնք եղան ասպարէզին մէջ յարատեւողներէն: Անոնք ազնիւ մրցակցութիւն մը ստեղծեցին Գասպար Իփէկեանի «ժառանգորդ» Ժորժ Սարգիսեանի, Վարուժան Խտշեանի, Գրիգոր Սաթամեանի պէս արդէն իսկ ներկայութիւն եղողներուն հետ, առանց մոռնալու Թաթուլ Այնէճեանը եւ ուրիշներ: Անոնք իրենց կողքին ունեցան ո՛չ միայն բեմ ելլելու պատրաստ սիրողներ, այլ նաեւ նորարարութեան հետամուտ գրողներ, ինչպէս Արա Արծրունին:
Արհեստավարժ Զօհրապին բեմ մուտքով էր որ Պէյրութի մէջ – մասնաւորաբար՝ Պուրճ Համմուտի – ծանօթութիւն գտաւ «Փորձառական Թատրոն» եզրը: Սկզբնական օրերուն, հանդիսականին տպաւորութիւնը այն էր, որ այս տղաքը կը փորձէին ստեղծել թատերախումբ մը, ուր մտնողը ՓՈՐՁԱՌՈՒԹԻՒՆ պիտի շահէր: Թատրոնի պատմութեան ծանօթներուն, իսկ աւելի ուշ՝ նաեւ աւելի լայն հասարակութեան ծանօթ դարձաւ, որ «Փորձառական Թատրոն»ը Շարժում մըն է, որուն արմատները կ’երկարին մինչեւ 19-րդ դար, այն օրերը՝ երբ Եւրոպան զարթօնքի նոր ալիք մը ապրած է, եղած են թատրոնի մարդիկ, որոնք ճիգ ըրած են այս կալուածին մէջ հաստատուն դարձած, որոշ կաղապարում ստացած հասկացութիւնները փոփոխելու, ձեւով մը՝ յեղափոխելու եւ նոր մղում տալու Թատրոն-ին: Յաջորդ տասնամեակներուն, թատերական այս շարժումը պիտի գտնէր տարբեր արտայայտութիւններ, սկսելով գրողէն, նիւթէն ու մատուցման ձեւերէն, մինչեւ ընկերային, յուսկ՝ քաղաքական հարցերու ներգրաւումը հոն:
Եւ ահա ա՛յս կէտն է որ Զօհրապն ու իր թատերական շարժումը զատորոշեց այլ արուեստագէտներէ: Ու եթէ աչքի առջեւ ունենանք անոր լուրջ գործերը (լուրջ-ով՝ ի մտի ունինք նաեւ կատակերգական գործերը), կը տեսնենք, որ Փորձառական-ը հոն բազմած է լայնքին ու երկայնքին: Ու եթէ արժեւորումի նժարով պիտի մօտենանք անոր վաստակին, ա՛յս գիծն է որ իրեն պատուանդան մը պիտի ապահովէ Լիբանանի մեր թատրոնի պատմութեան մէջ: Այս նորարարութեան առաջին եւ այլապէս յիշատակելի նմուշներէն էին «Մըթթըրին երգը», «Վահագն»ը եւ «Պուրճ Համուտ-78»ը: Անոր ճիգը՝ եղածը մերժել կամ դրժել չէր, այլ նիւթի եւ արտայայտութեան տարբեր ուղի մը բանալը, մեր թատերական կեանքին մէջ նոր գիծ մը բանալը: Ծանօթ խօսք է այն, որ նորարար արուեստագէտը ա՛ն է, որ կրնայ ՆՈՐ ԳԻԾ մը աւելցնել եղածներուն վրայ:
ՃԱՄԲՈՐԴՈՒԹԵԱՆ ԵԼԵՒԷՋՆԵՐԸ
Քիչ առաջ առաւելաբար կանգ առինք այն դրական գործօններուն վրայ, որոնք նպաստեցին Լիբանանի մեր գաղութին, հետեւաբար նաեւ՝ թատրոնին ծաղկումին: Այս սիւնակը տեղը չէ վեր առնելու իւրաքանչիւր բեմադրիչի կամ տաղանդաւոր դերասանի վաստակն ու արժանիքները (ի դէպ, բոլոր բեմադրիչներն ալ եղած են դերասան ու դերուսոյց, նաեւ թատրոնի այլ մարզերուն մէջ «խոհարար»), որովհետեւ կիզակէտ ընտրած ենք Զ. Եագուպեանը:
Այս «բեմի տղուն» ասպարէզի առաջին տարիները, պարզ բառերով՝ զուգադիպեցան Լիբանանի եւ անոր թատերական կեանքի աշխուժ ամրան: Սկզբնական տարիներուն, ան գործակից ունեցաւ սերնդակիցներ (Սիմոն Մնակեան) եւ համախոհներ, սակայն յետոյ ճամբան շարունակեց առանձինն:
Քանի մը տարի ետք, պայթեցաւ Լիբանանի «քաղաքացիական պատերազմ»ը (Ապրիլ 1975): Կարգ մը բեմակիցներ հեռացան Լիբանանէն (աւելի ուշ նաեւ կեանքէն՝ կանխահասօրէն), ուրիշներ այլազան պատճառներով կլանուեցան առօրեայի յորձանուտին մէջ. արուեստի եւ ուսումնական բազմաթիւ կալուածներու շարքին, տուժեց – ու նահանջեց -նաեւ թատրոնը:
Լիբանանի տագնապալի վիճակը իր ուղղակի ազդեցութիւնը ունեցաւ Զօհրապի (նաեւ այլ բեմադրիչներու) մատուցման որակին վրայ. մատուցում՝ իբրեւ նիւթ եւ բեմին վրայ տեսնուած խաղ:
Նկարագիրով զուարթախոհ եւ կատակասէր՝ Զօհրապի նախասիրութիւնը կ’երթար կատակերգական գործերու: Սակայն եթէ պատրաստուի ցանկը իր բեմադրած գործերուն, պիտի տեսնուի, որ տռամն ու ողբերգութիւնը իրենց կարեւոր տեղերը գտած են հոն: Սկզբնական շրջանի «Վահագն»էն ետք, իսկ քիչ մը աւելի ուշ, մինչեւ իսկ Լիբանանի ծանրագո՛յն օրերուն՝ երբ ռումբերն ու կրակոցները շատ ալ առիթ չէին տար հանդիսականներուն, որ թատրոն երթային (ալ ո՜ւր մնաց՝ որակաւոր գործ փնտռէին), Զօհրապը հաւատարիմ մնաց ի՛ր ՓՈՐՁԱՌԱԿԱՆին: Բեմ հանեց Փանիոլի «Փառքի վաշխառուները», Կոկոլի «Խենթի մը օրագիրը» եւ այլ «հարուածային» գործեր: Փանիոլի դասական գործը, ի դէպ, այսօր ալ այժմէական է մեր կեանքին դիտանկիւնէն: Իսկ Կոկոլի գործը՝ շուրջ երկու ժամ տեւողութեամբ ծանր մենակատարութիւն մըն էր: Ինչպէս ակնարկեցինք, թատերասէրը այդ օրերուն (նաեւ անկէ ետք, հաւանաբար այսօր ալ) աւելի հակամէտ դարձած էր զուարճալիքներ դիտելու, մինչեւ իսկ եթէ այդ զուարճալիքը խեղկատակութիւն էր, անմակարդակ խնդուք եւ մասամբ նորին (այս տարօրինակ ախտով միայն հայ բեմը չէ որ վարակուած է…): Եւ խեղկատակութիւնը (թող ներուի մեզի, եթէ ըսենք՝ պօշ-պօղազութիւն) առատօրէն տրամադրողները իրարու հետ մրցումի ելած էին եւ… քաջալերանք կը գտնէին: Մեր յիշողութեան մէջ երէկի պէս կը հնչեն Զօհրապի դառնութիւնն ու հիասթափութիւնը արտայայտող քանի մը խօսքերը: Յիշեալ երկու գործերը ներկայացուց փոքրաթիւ հանդիսականներու առջեւ. երեկոյ մը, ընկերոջ մը հետ միասին ներկայ էինք այդ գործերէն մէկուն ներկայացման: Ճշդուած ժամուն, «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» սրահին աթոռներէն հազիւ 10-ը գրաւուած էին: Կը զգայինք, որ վարագոյրին ետին արտասովոր շարժում կար. բեմին աջ կողմը, տախտակէ սիւնին վրայ «պատուհանիկ»էն աչք մը քանի մը անգամ ստուգումներ կատարեց. հաւանաբար կը սպասէին ուշացած թատերասէրներու, որոնք չէին գար: 20 վայրկեան ետք, Զօհրապը բացաւ վարագոյրը եւ յայտարարեց մօտաւորապէս հետեւեալը. «Մենք այսօր այս թատրոնը պիտի խաղանք, մինչեւ իսկ եթէ սրահը ամբողջութեամբ պարապ ըլլար: Շնորհակալ ենք, որ դուք հոս էք»: Ու խաղը սկսաւ:
Յետո՞յ: Այս տղան ալ յաճախ ստիպուեցաւ զիջումներ կատարելու եւ բեմ գալու «հասոյթ ապահովող» զուարճալիքներով: Ան եզակի չէր իր այս ընթացքին մէջ: Ուրիշ վաստակաւոր մըն ալ, մօտաւորապէս նոյն վիճակին մատնուելէ ետք, ինքզինք գտած էր լուրջ գործերէ հրաժարելու եւ թեթեւ կատակերգութիւն խաղալու հարկադրանքին տակ, նոյն բեմէն յայտարարած՝ առանց բառերը ծամծմելու. «Ժողովո՛ւրդ, դուք լուրջ բաներ չէ՞ք սիրեր: Լա՛ւ ուրեմն, ձեզի պիտի ներկայացնեմ խնդալիք բաներ: Դուք ինծի տուէք ձեր դրամը, եւ ես ձեզ խնդացնեմ՝ որքան որ կ’ուզէք…»:
Արուեստագէտները իրենց դառնութիւնը արտայայտելու ձեւերը կը գտնեն, մանաւանդ երբ իրենց սիրահարը զոհ կ’երթայ իրենց ուժերէն ու կամեցողութենէն դուրս սահանքներու:
ՄԱՆԿԱԿԱՆ-ՊԱՏԱՆԵԿԱՆ ԹԱՏՐՈՆ
Զօհրապ Եագուպեանի վաստակին մէջ իւրայատուկ տեղ ունեցաւ մանկական-պատանեկան թատրոնը: Ճիշդ է, պատերազմի տարիներ էին, սակայն հոն ալ տարբեր խիզախում մը արձանագրուեցաւ, շնորհիւ Զօհրապին եւ Համազգայինի Պուրճ Համմուտի մասնաճիւղին միջեւ գործակցութեան: Իրեն հետ գործած նախկին դերակատարներէն մէկ քանիին կողքին, ան իր շուրջ խմբեց պատանիներ ու ներկայացուց հեքիաթներէ եւ պատումներէ մշակումներ: Մանուկներն ու պատանիները սորվեցան ԹԱՏՐՈՆ ՍԻՐԵԼ, որովհետեւ «Զօհրապ ամմօ»ն զիրենք հոն համախմբած էր: Իսկ տարիներու գործակիցներէն՝ իր տիկինը՝ Մեխակը առաջիններէն էր, որ շնչաւորեց բեմը, նմանապէս համակրանք վաստկեցաւ դերատի դերակատարներէն:
Զօհրապ Եագուպեանի անունը տեղ գտաւ Լիբանանի ոչհայկական թատրոնի տարեգրութեան մէջ. գործակցեցաւ նշանաւոր դերակատարներու եւ բեմի մարդոց հետ (այլ վաստակաւորի մը՝ Պերճ Ֆազլեան ունեցած էր ի՛ր փորձառութիւնը, որ զինք տարած էր նաեւ սպիտակ պաստառ): Այս գիծին վրայ չենք ուզեր երկար կանգ առնել, որովհետեւ մեզ հետաքրքրողը՝ Լիբանանի Հայ Թատոնն ու անոր մէջ Զօհրապին գրաւած տեղն են:
ԼԻԲԱՆԱՆԷՆ ԱՆԴԻՆ
Զօհրապ Եագուպեան Պէյրութէն հեռացաւ մօտաւորապէս 20 տարի առաջ, հաստատուեցաւ Լոս Անճելըս: Հոս, ան ստիպուած էր ապրուստ ապահովել իր կեանքի ասպարէզէն՝ թատրոնէն այլ բաւիղներու մէջ: Լոս Անճելըսը կամ արեւմտեան այլ ոստաններ երբեք չեն կրնար բաղդատուիլ Պէյրութի եւ Պուրճ Համմուտի հետ: Հոս կայ երկար եւ յաճախ տխուր պատմութիւն…
Սկզբնական շրջանին, Զօհրապ չէր կրնար բոլորովին թողլքել իր «առաջին սէրը»՝ թատրոնը: Կապ հաստատեց կարգ մը դպրոցներու հետ, որպէսզի թատրոն դասաւանդէ: Սկզբնապէս խանդավառութիւն ստեղծուեցաւ, սակայն շատ մը այլ բաներու պէս, անիկա երկար շունչ չունեցաւ:
Յետոյ, գործակցութիւն ստեղծուեցաւ Համազգայինին հետ, գործակցութենէն ծնան կատակերգական պահեր, որոնք նոյնպէս շնչասպառ եղան կարճ ատեն ետք: Բեմի այս տղան կարծէք թէ կտրուած էր զինք շնչաւորող հողէն՝ Պէյրութէն ու պուրճ-համմուտեան բեմէն, դարձած էր հարազատ ջուրերէ դուրս ինկած ձուկ մը:
Աւելի ուշ, դիմագրաւեց առողջական դժուարութիւններ, յաղթեց, նահանջեց, դիմադրեց, բայց ի վերջոյ Միւսը իր կամքը պարտադրեց իրեն: Եւ օր մըն ալ, 2023-ի առաջին օրերուն, մեկնեցաւ այս աշխարհէն, մասնաւորաբար Լիբանանի հայկական բեմի պատմութեան մէջ ձգելով բազմագոյն յիշատակներ: Կրկնենք՝ Սփիւռքն ու հայութիւնը կորսնցուցին Հայ Թատրոնին շուրջ կէս դար սպասարկող մը:
Այս տողերով արդարութիւն կ’ընե՞նք իր վաստակին: Հազիւ թէ: Սա համեստ ճիգ մըն էր ուրուագծային ակնարկ մը նետելու Լիբանանի Հայ Թատրոնի կեանքին վրայ ու Զօհրապը գտնելու այդ գիծերուն շարքին: Ու երբ Լիբանանի Հայ Բեմը ունենայ իր պատմագիրը, ան վստա՛հաբար լայն տեղ պիտի տրամադրէ Եագուպեան Զօհրապին ու գործակիցներուն:
Comments are closed.