Սուրիոյ Հայ Դատի Յանձնախումբին կազմակերպութեամբ կայացաւ «Թուրքիոյ Ծաւալապաշտ Քաղաքականութեան Հետեւանքները Տարածաշրջանին Մէջ» խորագիրով խորհրդաժողովը
- Դոկտ. Աքիլ Մահֆուտ. «Թուրքիա թիրախ կը դարձնէ յատկապէս ազգային շահերով առաջնորդուող արաբական երկիրներն ու անոնց ընկերութեան գունեղ խճանկարը՝ սրելով կրօնական, համայնքային հարցեր ու ջանալով քայքայել բազմազանութեամբ բնորոշուող անոնց ընկերային հիւսուածքը»
- Սարգիս Գասարճեան. «Թուրքիոյ ինչպէս ընդդիմադիր, այնպէս ալ իշխող կուսակցութիւնը նախագահական ընտրութիւններու նախօրէին կ՚որոնեն Սուրիոյ հետ յարաբերութիւններու վերականգնումի միջոցներ»
Ուրբաթ, 4 Նոյեմբեր 2022-ին, Հալէպի Արամ Մանուկեան Ժողովրային Տան «Լ. Շանթ» սրահէն ներս տեղի ունեցաւ Սուրիոյ Հայ Դատի Յանձնախումբին կազմակերպած «Թուրքիոյ Ծաւալապաշտ Քաղաքականութեան Հետեւանքները Տարածաշրջանին Մէջ» խորագիրով խորհրդաժողովը:
Խորհրդաժողովի ներկայութիւնը յատկանշական էր։ Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդութեան նուիրակ Գերշ․ Տէր Մակար Սրբ․ Եպս․ Աշգարեանին կողքին ներկայ էին՝ հայ, քրիստոնեայ եւ իսլամ հոգեւոր պետեր, «Պաաս» կուսակցութեան Հալէպի քարտուղարը, նահանգապետի ներկայացուցիչը, Սուրիոյ խորհրդարանի անդամներ, սուրիական կուսակցութիւններու, պաղեստինեան կազմակերպութիւններու եւ արաբական ու հալէպահայ միութիւններու ներկայացուցիչներ, լրագրողներ ու մտաւորականներ։
Կազմակերպիչ մարմնին անունով Հայկ Պաթթալեան բարի գալուստ մաղթերով Դամասկոսէն այս առիթով հրաւիրուած դասախօսներուն եւ ներկաներուն, ձեռնարկը բաց համարեց։ Այնուհետեւ Հայ Դատի Յանձ․-ի ատենապետ Ծերուն Գահուէճեան բացման խօսքով պարզեց փանթուրքիզմի քաղաքականութեան ծալքերը եւ շեշտեց, որ շատեր մերթ ընդ մերթ կը հրապուրուին թրքական այնպիսի հեռուստաշարերով , որոնք օսմանեան կայսրութեան հիմնադիր թուրք սուլթանները կը ներկայացնեն որպէս իմաստուններ։ Այսպիսիները չեն ըմբռներ, որ այս կայսրութիւնը սկսաւ արեամբ, շարունակուեցաւ հարիւրհազարներու արեան հեղումով եւ մարդկութեան ոչ մէկ գիտական կամ իմացական նուաճում նուիրեց։ Աւելին․ ան ոխակալ եւ թշնամական մօտեցումով վերաբերեցաւ արաբներու եւ այլոց հետ։ Գահուէճեան այնուհետեւ անդրադարձաւ արաբական աշխարհի օսմանեան տիրապետութենէն ազատագրման, դիտել տալով որ այս կայսրութեան վարած քաղաքականութիւնը կը շարունակուի ներկայ Թուրքիոյ իշխանութիւններուն կողմէ, վկան Սուրիոյ դէմ պատերազմին Թուրքիոյ ի գործ դրած ոճիրներն էին, զինեալ ահաբեկիչներու օգտագործումն ու սուրիական տարածքներ գրաւելու եւ երկրի հարստութիւնները թալանելու քայլերն էին, որոնք սակայն կասեցուեցան սուրիական բանակի ուժեղ բազուկին եւ Սուրիոյ ժողովուրդի ազգային գիտակցութեան շնորհիւ։
«Թուրքիոյ Արտաքին Քաղաքականութեան Հետեւանքներն ու Զանոնք Դիմագրաւելու Միջոցները» նիւթը ներկայացուց գրող, Դամասկոսի Քաղաքական Գիտութիւններու պետական համալսարանի դասախօս, դոկտ․ Աքիլ Մահֆուտ։
Ան նկատել տուաւ, որ Թուրքիոյ քաղաքականութիւնը դարեր շարունակ եւ մինչեւ մեր օրերը հիմնուած է ծաւալապաշտութեան վրայ եւ որքան ալ վերլուծած ըլլանք այդ քաղաքականութիւնը, հարկ է նորովի ընթերցել զայն եւ ըմբռնել, որ մերօրեայ Թուրքիան եւս կը ձգտի վերադառնալ նախքան Համաշխարհային առաջին պատերազմի իր կայսերապաշտութեան օրերուն։
Ան յայտնեց, որ սուրիացիներս առաւելագոյնս վնասուեցանք թրքական ծաւալապաշտական քաղաքականութենէն, հաւանաբար այն պատճառով որ օրին մեզմէ շատեր ճշգրտօրէն չընթերցեցին այդ դաւադիր քաղաքականութիւնը, ուստի հարկ է նոր մեքանիզմներով, խոր վերլուծումով վերանայիլ Թուրքիոյ արտաքին քաղաքականութեան եւ անոր աշխարհաքաղաքական նկրտումներուն ու ըստայնմ դիրքորոշուիլ։
Դասախօսը դիտել տուաւ, որ Թուրքիոյ քաղաքականութիւնը բարդ է, կարելի չէ զայն սեւի կամ սպիտակի բաժնել։ Այս քաղաքականութիւնը տարբեր արեւելումներով, ճկունութեամբ կը փորձէ լեզու գտնել հակադիր կողմերու, բեւեռներու հետ։ Իրականութեան մէջ ան վերատրադրութիւնն է Օսմանեան կայսրութեան քաղաքականութեան։
Ապա աւելցնելով ըսաւ, որ Թուրքիա երեք մտավախութիւն ունի։ Առաջինը՝ Միջին Արեւելքի հարցն է՝ Սեւրի դաշնագիրը, որուն իրագործումը առկախելու համար Թուրքիա մերթ խաղաղասէրի դիմակով, մերթ բռնի միջոցներով ծրագրեալ քաղաքականութիւն կը վարէ։
Երկրորդը՝ Լոզանի դաշնագիրն է, զոր կը ջանայ վերատեսութեան ենթարկել, միաժամանակ քայքայելով Աթաթուրքի «լայիք» Թուրքիոյ տրամաբանութիւնը, եւ աստիճանաբար ամրագրելու կրօնական հիմունքով կայսրութեան մը վերահաստատումը։
Երրորդը՝ սուրիական հարցն է։ Սուրիան Թուրքիոյ համար արաբական աշխարհ մուտքի հիմնական դուռն է։ Հետեւաբար Թուրքիա ամէն ճիգ ի գործ պիտի դնէ՝ մերթ քրտական հարցը արծարծելով իր ազգային անվտանգութիւնը խաթարուած տեսնելու պատրուակով, մերթ Սուրիոյ եւ արաբական տարբեր երկիրներու մէջ ազգային գաղափարախօսութեան դէմ կրօնական, համայնքային հարցեր սրելով, մերթ արաբական աշխարհին սրտցաւ մօտենալու խաբկանքով պաղեստինեան հարցը օգտագործելով։ Բանախօսը հարց տուաւ, թէ Թուրքիա ինչպէ՞ս կրնայ Պաղեստինի դատին պաշտպանող ըլլալ, երբ առաջինն է, որ ճանչցած է Իսրայէլի պետութիւնը։
Աւարտին ան շեշտեց, որ Թուրքիոյ թափանցումը սուրիական տարածքներ պէտք է դիտել արտաքին քաղաքական ուժերու ազդեցութեան ընդհ․ պրիսմակին մէջ, նշելով որ Թուրքիա իր կարգին կը ջանայ արաբական երկիրներու դիմագիծի փոփոխութեան հասնիլ, ազգային պետութիւնները իսլամականի վերածելու, համայնքային հարցեր սրելու եւ ըստայնմ իր ազդեցութիւնը բանեցնելու տարբեր միջոցներով։
Եզրափակելով բանախօսը պարզեց, որ տարածաշրջանին մէջ Ռուսիա-Սուրիա-Իրան եռեակին գործակցութիւնը պիտի նպաստէ թրքական ուժերուն Սուրիայէն դուրս գալուն։ Իսկ ներքին առումով Հարկ է պատրաստել ազգային գիտակցութեամբ օժտուած քաղաքացին, պահպանել սուրիական ընկերութեան գունեղ խճանկարը՝ յարգելով ու պահպանելով կրօններու եւ քաղաքակրթուններու բազմազանութիւնը Սուրիոյ մէջ։
Երկրորդ դասախօսն էր քաղաքական վերլուծաբան Սարգիս Գասարճեան, որ հանգամանօրէն ներկայացուց Թուրքիոյ քաղաքական դաշտին մէջ գործող կուսակցութիւնները։
Գասարճեան ներկայացուց կուսակցութիւններու պատմականը, անոնց գաղափարախօսութիւնն ու գործելաոճը։
Ան դիտել տուաւ, որ Թուրքիոյ քաղաքական ուժերը մեծաւ մասամբ աջակողմեան կամ միջին աջակողմեան ուժեր են։ Ապա լայնօրէն բացատրեց «Արդարութիւն եւ Բարգաւաճում» կուսակցութեան վարքագիծը, շեշտելով, որ այս կուսակցութիւնը ժամանակի թաւալումին հետ փոխած է իր գաղափարախօսութիւնը եւ ժողովուրդին քուէն ստանալու համար մերթ ներկայացած է որպէս կրօնական ծայրայեղ կուսակցութիւն, մերթ աշխարհական, ժողովրդավար կուսակցութիւն։ Ապա շեշտեց որ կուսակցութիւնը հիմնուած է անձերու վրայ, այս պարագային կուսակցութեան առաջին դէմքին՝ նախագահ Էրտողանի վրայ, եթէ ան հեռանայ, կամ չընտրուի, կուսակցութեան քաղաքական գործունէութիւնը նկատելիօրէն կը թուլանայ։
Այնուհետեւ Գասարճեան անդրադարձ կատարեց Թուրքիոյ ընտրող զանգուածի տրամաբանութեան եւ մրցակցութեան դաշտին մէջ կուսակցութիւններու ընդհանուր քաղաքականութեան։ Ան քաղաքական դաշտին մէջ դրական զարգացում համարեց յատկապէս «Ժողովուրդներու Ժողովրդավար Կուսակցութեան» յառաջացումն ու քաղաքական գործունէութիւնը, դիտել տալով որ յատկապէս քրտական ծրարին մէջ, այս կուսակցութիւնը կը ջանայ հաւասարակշռուած քաղաքականութեամբ եւ ժողովրդավարական սկզբունքներով պաշտպանել ընդհանրապէս թուրքիոյ քաղաքացիին, յատկապէս փոքրամասնութիւններուն իրաւունքները։
Անդրադառնալով Սուրիոյ հարցին գծով կուսակցութիւններու մօտեցումին, Գասարճեան նկատել տուաւ, որ Թուրքիոյ նախագահական ընտրութիւններու նախօրէին նախ ընդդիմադիր, ապա նաեւ «Արդարութիւն եւ Բարգաւաճում» իշխող կուսակցութեան մօտեցումը Սուրիոյ հետ երկխօսութեան ու յարաբերութիւններու կարգաւորման հասնիլն է, յատկապէս սուրիացի տեղահանուածներու ծրարի օգտագործումով ու անոնց վերադարձի տեսակէտին արծարծումով, նկատի ունենալով Թուրքիոյ ներկայ տնտեսութեան վրայ ա՛յս ծրարին եւ ընդհանրապէս Թուրքիոյ Սուրիա ներխուժելու բացասական ազդեցութիւնը։
Աւարտին զոյգ դասախօսները պատասխանեցին ներկաներուն հարցումներուն։
Ապա Սուրիոյ Հայ Դատի Յանձնախումբի ատենապետ Ծերուն Քահուէճեան առ ի երախտագիտութիւն խորհրդանշական յուշանուէրներով գնահատեց օրուան դասախօսները, իսկ խորհրդաժողովի եզրափակիչ պատգամով Գերաշնորհ Տ. Մակար Ս. Եպս. Աշգարեան գնահատեց կազմակերպող կողմը, ինչպէս նաեւ դասախօսները, դիտել տալով որ նման կառուցողական քննարկումներ եւ զրոյցներ կը նպաստեն, որ տարածաշրջանի զարգացումները ճշգրտօրէն ըմբռնենք։
Մասնակիցներու զրոյցը շարունակուեցաւ հիւրասիրութեան մատուցմամբ։