Սուրբ Յակոբ Ազգային Վարժարանի 45-ամեակին առթիւ կազմակերպուած հանգանակութեան գումարը հասաւ 804,619.36 տոլարի

Մոնթրէալահայ գաղութը բազմաթիւ առիթներով փաստած է, թէ ինք տէրն է մեր ազգային արժէքներուն եւ թէ իրեն համար չկայ աւելի բարձր արժէք, քան իր ազգին միջնաբերդը հանդիսացող, իր ազգային երազները մարմնաւորող, իր ազգային ինքնութեան պահապանն ու յաւերժութիւնը երաշխաւորող հայ դպրոցը:

Արդարեւ, Մոնթրէալի Սուրբ Յակոբ Ազգային Վարժարանի շուրջ խմբուած հայ մեծ ընտանիքը քառասունհինգ երկար տարիներէ ի վեր ոչ մէկ ջանք խնայեց զայն կանգուն եւ մանաւա՛նդ հզօր պահելու համար:

Քառասունհինգ երկար տարիներու ընթացքին իրարայաջորդ կրթական կեանքի անմիջական պատասխանատուները մեծ կարեւորութիւն տուին դպրոցի շէնքի վերանորոգման հարցին, կրթական կեանքի բարեկարգման եւ մանաւա՛նդ արդիականացման նոր գործընթացի ճշդման: Ինչպէս անցեալին, դպրոցի թատերասրահին, մարզարանին, գրադարանին եւ դասարաններու նորոգութեան, արհեստագիտական կազմածներու պահովման ու գիտաշխանոցի արդիականացման ծրագիրներու յաջողութիւնը վստահուած էր գաղութի նուիրատուներուն եւ ազգային բարերարներուն: Այս տարի եւս նոյն վստահութեամբ դիմուեցաւ գաղութի անդամներու  նիւթական օժանդակութեան: Այսպէս սկսաւ «Ապագայ ղեկավարներու պատրաստութեան ներդրում»-ի կոչով մեկնարկուած դրամահաւաքը՝ 9 Մայիս, 2019-ին ընդունելութեան երեկոյեան, ապա՝ Նոյեմբերին՝ հանգանակութիւնը մեծ թափով շարունակուեցաւ մինչեւ հեռուստամարաթոնի օրը՝ 3 Նոյեմբեր 2019-ին (տե՛ս թղթակցութիւնը Հորիզոն շաբաթաթերթ 18 Նոյեմբեր 2019) եւ անոր յաջորդող շաբաթներուն:

Սուրբ Յակոբ Ազգային Վարժարանի այս աննախընթաց դրամահաւաք-հեռուստամարաթոնին մասնակցեցան աւելի քան 579 նուիրատուներ, որոնց շնորհիւ գոյացաւ 804,619.36 տոլար: Սոյն դրամահաւաքին ներկայացուած չորս մեծ ծրագիրներն էին՝ ճաշարանի ամբողջական նորոգում, ստեղծագործարանի հիմնում, դպրոցի բակի եւ դասարաններու բարեկարգում: Այս հանգանակութիւնը մեծ յաջողութեամբ պսակուեցաւ ազգայիններու բարոյական եւ նիւթական անսակարկ նուիրուածութեան շնորհիւ: Այս մեծ բանակին մէջ պէտք է ընդգրկուին նաեւ Հանգանակութեան կազմակերպիչ յանձնախումբի անդամներուն անունները, որոնք ոգի ի բռին աշխատեցան իրականացնելու համար այս  մեծ նախաձեռնութիւնը: Յանձնախումբը բաղկացած էր հետեւեալ անդամներէն՝ Թամար Եաղճեան (յանձնախումբի ատենապետ), Արեգ Մարգարեան (Ս.Յակոբ Առաջնորդանիստ Մայր Եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան ներկայացուցիչ), Թամար Շահինեան, Լորի Ապրաքեան, Նայիրի Բաբախեան Քրիստին Մարգարեան, Սարին Սապունճեան, Նաթալի Հաճէթեան, Նորա Գաբրիէլեան եւ Սիլվի Կիւլպէնկեան:

Մեր խորին շնորհակալութիւնը կը յայտնենք բոլոր նուիրատուներուն, որոնք կը հաւատան հայ դպրոցի առաքելութեան:

Տնօրէնութիւն  

Սուրբ Յակոբ Ազգային Վարժարանի

Վ. ԵՒ Ա. ՍԱՐԱՖԵԱՆ ՆԱԽԱԿՐԹԱՐԱՆ ԲԱՍՏՐՄԱՃԵԱՆ ԵՐԿՐՈՐԴԱԿԱՆ

 

 

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.