Սուրբ Յակոբ Ազգային վարժարանի աւարտական կարգի աշակերտները այցելեցին Ազգային Առաջնորդարան
4 Սեպտեմբեր 2018-ին, վերամուտին առթիւ, Սուրբ Յակոբ Ազգային վարժարանի երկրորդականի աւարտական կարգի աշակերտները այցելեցին Ազգային Առաջնորդարան, վարժարանի տնօրէնուհի Լոռի Ապրաքեանի առաջնորդութեամբ, այս առթիւ Սրբազան Հօր օրհնութիւնը ստանալու համար:
Գանատայի Հայոց Թեմի բարեջան առաջնորդ Գերաշնորհ Տէր Բաբգէն Սրբազան Արքեպիսկոպոս Չարեան հանդիպում ունեցաւ աշակերտներուն հետ եւ փոխանցեց իր սրտի խօսքն ու յաջողակ տարեշրջանի մը բարեմաղթութիւնները:
Նշենք նաեւ, որ վարժարանի մանկապարտէզի, նախակրթարանի եւ երկրորդականի աշակերտները նոյն օրը առաւօտուն ներկայացան Սուրբ Յակոբ Առաջնորդանիստ Մայր եկեղեցի, ուր Սրբազան Հայրն ու եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տէր Գառնիկ Քահանայ Գոյունեան օրհնանքով ու աղօթքով բարեյաջող տարուան մը մաղթանքներ փոխանցեցին աշակերտութեան, ուսուցչական կազմին եւ պաշտօնէութեանց՝ դպրոցական վերամուտին առթիւ: