Սուրբ Յակոբ Ազգային վարժարանը 2019-2020 տարեշրջանի հունձքերը կը նուիրէ տիկին Աղաւնի Էլոյեանի յիշատակին
Յունիս 30 2020ին, դպրոցական տարեշրջանը եզրափակող առցանց հանդիսութեամբ, Սուրբ Յակոբ Ազգային վարժարանի ընդհանուր տնօրէնուհի օրդ. Լորի Ապրաքեան, փոխանցեց իր պատգամը 2019-2020 տարեշրջանի 6րդ եւ 11րդ կարգի աւարտականներուն։ Նախակրթարանի 67 եւ երկրորդականի 53 շրջանաւարտ աշակերտներն ու ծնողները շնորհաւորելէ ետք, ան տարեշրջանի զոյգ հունձքերը նուիրեց գաղութիս վաստակաշատ անդամ եւ Սուրբ Յակոբ Ազգային վարժարանի Բաստրմաճեան երկրորդականի հիմնադիր տնօրէնուհի տիկին Աղաւնի Էլոյեանի յիշատակին։ Ան իր խօսքին մէջ յիշեց նաեւ հայ ինքնութեան տէր կանգնելու եւ իմաստալից կեանք մը ապրելու տիկին Էլոյեանի ոգեշնչող պատգամը` ուղղուած վարժարանի առաջին շրջանաւարտներուն: Օրդ. Ապրաքեան եզրափակեց իր խօսքը ըսելով.
«Մեր ցանկութիւնն ու մաղթանքն է, որ դուք ալ, որպէս տիկին Էլոյեանի անունը կրող մեր դպրոցի շրջանաւարտներ, ըլլաք անոր նման հայրենասէր եւ ազգանուէր հայորդիներ, ձեր զոհողութիւններն ու ճիգերը արդարացուին ու հասնիք ձեր բոլոր նպատակներուն եւ երազներուն: Միաժամանակ մեր փափաքն է, որպէս այս վարժարանի հայաշունչ դաստիարակութեամբ թրծուած պատանիներ եւ երիտասարդներ, անսակարկ նուիրումով կառչած մնաք ձեր ինքնութեան եւ ազգային արժէքներուն։ Ձեր երթը թող ըլլայ բարի եւ ձեր վերադարձը մեր ժողովուրդին թող ըլլայ օրհնաբեր։»
Առցանց հանդիսութեան ընթացքին աշակերտները երախտագիտական զգացումներով իրենց սրտի խօսքը փոխանցեցին դպրոցին եւ ուսուցչական կազմին: Գաղութիս ծանօթ երգիչ Էլի Պէրպէրեան եւ իր նուագախումբէն Փօլ Մալախանեան եւ Մարք Սաատ երգերով խանդավառեցին ձեռնարկը։ Ապա, յաջորդաբար, խօսք առին վարժարանիս վարչական պատասխանատուներէն` տիկին Տիան Պայկըն եւ տիկին Սէլին Թուիկ, վարչական խորդհուրդի կողմէ` տիար Գրիգոր Տէր Ղազարեան եւ Շրջանաւարտից միութեան անունով` օրդ. Սինթիա Պետրոսեան։ Գերաշնորհ Տէր Բաբգէն Արգեպիսկոպոս Չարեանի հայրական պատգամով վերջ գտաւ առցանց հանդիսութիւնը: