Սորվի՞լ հայերէն, հայոց պատմութիւն, հայաստանեայց եկեղեցւոյ պատմութիւն… ի՞նչ կ՚ըսէք

Կարօ Արմենեան

Իսկապէս որ շշմեցուցիչ է ինքզինքդ գտնել այս հարցման դիմաց յատկապէս, երբ ան կը դրուի անկախ Հայաստանի կառավարութեան Կրթութեան, Գիտութեան, Մշակոյթի և Սպորտի Պր. Նախարարին իսկ կողմէ։ Շշմեցուցիչ է մանաւանդ սփիւռքահայ այս ծնողին համար, որ հայր է չորս զաւակներու և մեծհա՛յր՝ ութ թոռներու և որ հայոց լեզուի, հայ գրականութեան և հայ մշակոյթի մեր ոգեղէն հարստւթիւնը տարիներ շարունակ, իր կողակցին հետ կողք-կողքի, յամառօրէն փոխանցած է իր ընձիւղներուն՝ տնային ուսուցման այդ գործին համար տեղ բանալով ամերիկեան կեանքի բոլոր միւս սուր առաջնահերթութիւններու կողքին, յաղթահարելով ամէն չկամութիւն, մրցելով շրջապատող մշակոյթի հզօր ալիքին հետ և մերժելով ամէն սոփեստ միջամտութիւն հայէն և օտարէն։ Այսպէս ըրած են և կ՚ընեն այլ ծնողներ ևս ամբողջ Սփիւռքի տարածքին։

Հարց մի տաք մեզի, թէ մենք ինչպէ՞ս ապրած ենք և կ՚ապրինք Սփիւռքի չորս ծագերուն։ Եւ մանաւանդ օրինակ մի բերէք Սփիւռքը արդարացնելու համար ձեր ողորմելի թէզերը հայեցի դաստիարակութեան առարկաները դուրս բերելու պարտադիր ուսուցման կարգավիճակէն մասնագիտական բուհերու պարագային։ Ձեր գործը հայոց հայրենիքին սրտին վրայ անհեթեթ սփիւռք մը ստեղծելը չէ։ Մասնագիտական ուսումնարաններէն շրջանաւարտ ուսանողները կոչուած են կազմելու մեր երկրի ղեկավարութիւնը։ Անոնք կոչուած են փայլելու իրենց ասպարէզներէն ներս։ Անոնք կոչուած են ճակատագրական որոշումներ առնելու։ Անոնք կոչուած են ճակատագիր դարբնելու իսլամութեան ծովուն մէջ ապրող մեր քրիստոնեայ պետականութեան համար։ Անոնք են, որ, առաջին հերթին, պիտի տիրապետեն հայոց լեզուին, հայոց պատմութեան, հայ մշակոյթի հարստութեան, Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ պատմութեան, անոր կառոյցին և դաւանաբանական առանձնայատկութիւններուն։ Եւ անոնք են, որ պիտի ըլլան բծախնդի՛ր՝ մեր մշակոյթի որակին և առաջնորդեն հանրային կարծիքը հայ կեանքի երկուութիւններու բարդ ոլորտին մէջ։ Խորհրդային տարիներուն, մեր երկրին պարտադրուած ռուսական վարժարանները իրենց աղէտը գործած են արդէն։ Մենք ունինք նախարարներ այսօր, որոնք հանգիստ խղճով հանրութիւնը կը տանին այսպիսի հարցադրութեանց փոխանակ ամէն օր աւելի ամրագրելու պետութեան պարտադիր ուսման քաղաքականութիւնը ի պաշտպանութիւն մեր ազգային ինքնութեան։

Եւ կարևոր է, որ դաժանօրէն անկեղծ ըլլանք իրարու հետ։ Խորհրդային տարիները հետևողականօրէն զրկած են հայ քաղաքացին բոլոր այս նիւթերէն։ Մեծ բացեր կան հանրութեան գիտակցութեան մէջ այսօր թէ՛ հայոց լեզուի, թէ՛ հայոց պատմութեան, թէ՛ հայ գրականութեան և թէ՛ հայ մշակոյթի պատմութեան ոլորտներուն մէջ։ Հսկայ բաց մը՝ մանաւանդ հայ եկեղեցագիտութեան հետ կապուած։ Պարզ խօսքով, եկէք ընդունինք, որ Հայաստանի Հանրապետութեան ամբողջատիպ քաղաքացին դեռ չէ ծնած։ Այն բարձրորակ հանրութիւնը (որուն կ՚ակնարկէր մեր բազմերախտ ուսուցիչը՝ Գառնիկ Գիւզալեան), որ պէտք էր փայլէր իր բարձրորակ գիտութեամբ և քաղաքացիական ինքնավստահութեամբ և հայրենասիրութեամբ, դեռ մենք չունինք։ Մենք ունինք բարձրորակ մասնագէտներ և փայլուն հաստատութիւններ այս մարզերէն ներս, բայց դեռ չունինք այն հասարակութիւնը, որ իր որոշիչ զանգուածով տէրը ըլլայ իր ոգեղէն հարստութեան։ Մենք ունինք հայրենանուէր բանակ, չարքաշ և հաւատաւոր գիւղացիութիւն, տոկուն ժողովուրդ, բայց ոչ՝ իր անցեալի իրականութեան լիովին իրազեկ քաղաքացի։ Մեծապետական աշխարհին մէջ ի Հայաստան և ի սփիւռս աշխարհի, առանց անկախ պետականութեան, մենք ըրած ենք ամէն բան կարելին փրկելու հաստատակամութեամբ։ Թէ՛ Հայաստանի և թէ՛ Սփիւռքի մէջ մենք գործած ենք նաւաբեկեալի դիրքերէ և մեծ ճիգերով նաւը հասցուցած ենք նաւահանգիստ։ Հիմա ժամանակն է կերտելու մեր ամբողջական քաղաքակրթութիւնը փոխանակ մեծապետական մայրաքաղաքներուն մասնագիտական ատաղձ հայթայթելու։

Ուսուցման այս փաթեթը, որ կ՚առաջադրուի Պր. Նախարարին կողմէ, հայրենիք և անկախ պետականութիւն չի կերտեր։ Ան կը պատրաստէ արտագաղթի սերունդ։ Ան կը պատրաստէ նոր սփիւռք։ Ան կը պարպէ երկիրը իր էութենէն։ Ան նաև իր թոյլատու և կամազուրկ մտայնութեամբ ի վերջոյ կը բարոյալքէ Սփիւռքը։ Ան չի կրնար ընդունելի ըլլալ մեր պահանջատէր երիտասարդութեան։ Ան չի կրնար ընդունելի ըլլալ հայ քաղաքական բեմին վրայ ազգային տեսլականով գործող և այդ գործին դրօշակիրը հանդիսացող ուժերուն։ Ան պէտք է կասեցուի անմիջապէս և առանց այլևայլի։ Աննշան և անվնաս թուող այս քայլերն են, որ օրը օրին մտայնութիւն կը դառնան և հետզհետէ կը քայքայեն մեր դիմադրականութեան հիմքերը։

Կարօ Արմենեան
Նոյեմբեր 8, 2019
Ուաշինկթըն

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.