«Սկիզբէն Հայաստանի Մէջ Եւրոպական Միութեան Առաքելութիւնը Ամբողջապէս Թափանցիկ Է Իր Ծրագիրի Հարցին Մէջ» Կ՛ըսէ Եւրոպական Դիտորդական Առաքելութիւնը

Սկիզբէն Հայաստանի մէջ Եւրոպական Միութեան առաքելութիւնը ամբողջապէս թափանցիկ է իր` առաւելագոյնը 103 հոգինոց միջազգային անձնակազմով 6 հանգոյցէն աշխատելու ծրագիրի հարցին մէջ: Այս մասին «Թուիթըր»-ի վրայ գրած է Հայաստանի մէջ Եւրոպական Միութեան քաղաքացիական առաքելութիւնը:

«Մենք նպատակ ունինք շուտով հասնելու լիարժէք գործունէութեան: Հայաստանի մէջ Եւրոպական Միութեան առաքելութիւնը անզէն քաղաքացիական առաքելութիւն է` գործադրուած Հայաստանի կառավարութեան խնդրանքին ի պատասխան», կը նշուի հաղորդագրութեան մէջ:

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարին Զախարովա, պատասխանելով Հայաստանի մէջ Եւրոպական դիտորդական առաքելութեան երեք կեդրոններու բացման մասին հարցումին, ըսած էր, որ Հայաստանի մէջ Եւրոպական Միութեան «դիտորդական» ռազմակայաններու թիւի յաւելումը կապ չունի Պաքուի եւ Երեւանի յարաբերութիւններուն մէջ կայունութեան ու խաղաղութեան հաստատման խնդիրին հետ:

«Մենք տեղեակ ենք Հայաստանի մէջ իր ներկայութիւնը ուժեղացնելու` Եւրոպական Միութեան յայտարարած ծրագիրներուն, որոնց համար յառաջիկային պիտի բացուին Հայաստանի մէջ Եւրոպական Միութեան «դիտորդական» առաքելութեան երեք նոր յենակէտները Կապանի, Իջեւանի եւ Եղեգնաձորի մէջ», ըսած է Զախարովա, որուն խօսքերը մէջբերած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը:

Ըստ անոր, Եւրոպական Միութեան անդամները ի սկզբանէ գործած են ծայրայեղօրէն ոչ թափանցիկ:

«Եւրոպական Միութեան ներկայութեան տեղակայումը Հայաստանի տարածքին մէջ հարկադրուած էր` Պրիւքսելի լուրջ ճնշման տակ: Եւրոպական միութենականները գործնականին մէջ պարտադրեցին իրենց ներկայութիւնը: Առաքելութեան մեկնարկը, որուն նպատակը յայտարարուած էր Պաքուի եւ Երեւանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման աջակցելու մասին, տեղի ունեցաւ միակողմանի, ոչ համաձայնական հիմքերով, առանց ազրպէյճանական կողմի ու շրջանային այլ դերակատարներու համաձայնութեան եւ առանց պատշաճ հաշուետուողականութեան: Ասիկա միայն կը հաստատէ շրջանին մէջ Եւրոպական Միութեան քաղաքականութեան իրական նախապատմութիւնը, որուն համար գլխաւորը Ռուսիան Անդրկովկասէն դուրս մղելն է, Հարաւային Կովկասը վերածել աշխարհաքաղաքական ճակատումի ասպարէզի` ի վնաս այստեղ ապրող մարդոց հիմնարար շահերու», ըսած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերը:

«Ակնյայտ է, որ Հայաստանի մէջ Եւրոպական Միութեան «դիտորդական» ռազմակայաններու թիւի յաւելումը կապ չունի Պաքուի եւ Երեւանի յարաբերութիւններուն մէջ կայունութեան ու խաղաղութեան հաստատման խնդիրին հետ: Միջազգային ընտանիքը եւ, նախ եւ առաջ, Ազրպէյճանին ու Հայաստանին Եւրոպական Միութեան առաքելութեան հաշուետուողականութեան բացակայութիւնը կ՛ամրապնդէ կասկածները, որ Եւրոպական Միութեան գործունէութեան մէջ կայ թաքնուած օրակարգ «այդտեղ», առաքելութեան լիազօրութեան «երկրորդ յատակի» գոյութիւն «քաղաքացիական» բնոյթի քողի տակ: Հաշուի առնելով բոլոր հանգամանքները` ոչ միայն մենք ունինք բազմաթիւ հիմնաւորուած հարցումներ շրջանին մէջ Եւրոպական Միութեան գործողութիւններու իրական դրդապատճառներու վերաբերեալ», ըսած է Զախարովա:

Comments are closed.