Սատար Կանգնինք «ՀայաՔուէ» Օրէնսդրական Նախաձեռնութեան

Օնթարիոյի Հայկական Միացեալ Խորհուրդը վճռականօրէն կը դատապարտէ Ազրպէյճանի կողմէ Արցախի շրջափակումը ամբողջական պաշարումի վերածելու գործողութիւնները: 21-րդ դարուն, այսպիսի աննախադէպ բարբարոսութիւնը պէտք չէ անտեսուի քաղաքակիրթ ու ժողովրդավար երկրներու, ինչպէս նաեւ միջազգային իրաւասու կառոյցներու կողմէ, իսկ Հայաստանի իշխանութիւնները պէտք չէ խուսափին իրենց պատասխանատուութենէն եւ բաւարարուին արցախցիներու հարցով որեւէ խնդիր չլուծող «Դա Ռուսաստանի խնդիրն է» վերացական եւ անդէմ յայտարարութիւններէն:

Հայ համայնքը ելակէտ կ’ընդունի, որ համազգային խնդիրները յարիր է լուծել բացառապէս համազգային ընթացակարգերով. հայ ժողովուրդը ոչ ոքի յանձնառութիւն տուած է միահեծան լուծելու ողջ ազգին վերաբերող առանցքային հարցերը:

Այսպէս, Օնթարիոյի Հայկական Միացեալ Խորհուրդը կ’ողջունէ «ՀայաՔուէ» օրէնսդրական նախաձեռնութիւնը եւ իր զօրակցութիւնը կը յայտնէ անոր աշխատանքներուն, որոնք կը միտին՝

  1. Քրէականացնել Արցախը Ազրպէյճանի մաս ճանչցող գործողութիւնը։
  2. Այդ գաղափարի ու գործի շուրջ առաջ բերել համազգային համախմբում եւ կանխել Արցախի յանձնումը։

Առ այդ, կոչ կ’ուղղենք Օնթարիոյի մեր բոլոր հայրենակիցներուն, յաւուր պատշաճի սատարել Հայաստանի «ՀայաՔուէ» օրէնսդրական նախաձեռնութեան, որպէսզի փորձ չկատարուի որեւէ ձեւով խոչընդոտել յիշեալ նախաձեռնութեան բնականոն ընթացքը:

Աստուած մեր հայրենիքին եւ մեր հայրենակիցներուն պահապան:
 
Օնթարիոյի Հայկական Միացեալ Խորհուրդ

Comments are closed.