Սաղաթէլեան Արժանթինի Ծերակոյտի Եւ Պատգամաւորներու Տան Անդամներու Հետ Քննարկած Է Արցախի Հիմնախնդիրին Առնչուող Հարցեր

29-31 մայիսին ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ, Ազգային ժողովի «Հայաստան» խմբակցութեան անդամ Իշխան Սաղաթէլեանի հրաւէրով աշխատանքային այցելութեամբ Հայաստան կը գտնուէին Արժանթինի Ծերակոյտի եւ Պատգամաւորներու տան Արժանթին-Հայաստան բարեկամական խումբի անդամները:

Բարեկամական խումբի անդամները Սաղաթէլեանի հետ այցելեցին Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակը յաւերժացնող յուշահամալիր:

Անոնք այցելեցին նաեւ Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկ, ուր պատուիրակութեան անդամներուն ներկայացուեցաւ Թուրքիոյ կողմէ 20-րդ դարասկիզբին հայ ժողովուրդին նկատմամբ իրագործուած ցեղասպանութիւնը:

Անոնք այցելեցին նաեւ Եռաբլուր եւ ծաղիկներ խոնարհեցին հայրենիքի համար զոհուած քաջորդիներու յիշատակին:

31 մայիսին Հայաստանի Ազգային ժողովին մէջ Հայաստան-Արժանթին բարեկամական խումբերու անդամներուն միջեւ տեղի ունեցած հանդիպման ընթացքին կարեւոր նկատուած են երկու երկիրներու բարեկամական յարաբերութիւններու զարգացումը, անոնք խօսած են միջազգային համագործակցութեան եւ Արժանթինի հայ համայնքի դերակատարութեան մասին:

Հանդիպման ընթացքին հիւրերուն ներկայացուած են Ազրպէյճանի կողմէ Հայաստանի Հանրապետութեան նկատմամբ շարունակուող նախայարձակումի, Արցախի շրջափակման եւ ռազմագերիներու խնդիրները:

Անդրադառնալով Արցախի մէջ տիրող իրավիճակին` Իշխան Սաղաթէլեան նշած է, որ Արցախի Հանրապետութիւնը կանգնած է ցեղային զտման եւ ցեղասպանութեան վտանգի առջեւ, եւ Արցախի խնդիրը ոչ միայն այնտեղ ապրող հայերու անվտանգութեան կամ իրաւունքներու պաշտպանութեան հարց է, այլ նախ եւ առաջ սեփական հայրենիքին մէջ ապրելու եւ ինքնորոշուելու իրաւունք:

Comments are closed.