Սահմանադրական փոփոխութիւններով վարչապետի լիազօրութիւնները պէտք է կրճատուեն, բայց հաշուի առնելով իշխանութեան ձեռագիրը՝ դա միտուած է լինելու իշխանութիւնն ամրապնդելուն. Իշխան Սաղաթէլեան

Եթէ Սահմանադրական փոփոխութիւններ տեղի ունենան, առաջին հերթին պէտք է վարչապետին լիազօրութիւնները կրճատուին, բայց հաշուի առնելով այս իշխանութիւններուն ձեռագիրը՝ իրենց փոփոխութիւնները միտուած պիտի ըլլան իշխանութիւնը աւելի ամրապնդելուն: Այս մասին Tert.am-ին հետ զրոյցին ընթացքին յայտնած է ՀՅԴ ԳՄ ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեանը՝ անդրադառնալով Սահմանադրական բարեփոխումներուն մասնագիտական յանձնաժողով ստեղծելուն:

Այն հարցումին, թէ ի՛նչ նպատակ կը հետապնդէ իշխանութիւնը Սահմանադրական փոփոխութիւններու համար յանձնաժողով ստեղծելով, Սաղաթէլեանն ըսած է. «Քանի որ իշխանութիւնը չի յայտարարել իր նպատակի մասին, չի յայտարարել թէ ի՛նչ խնդիր է ուզում դրանով լուծել, չեմ կարող կարծիք յայտնել: Մէկ բան մեզ համար շատ յստակ է՝ նախկինին վերադարձ չկայ. երկրի կառավարման ձեւը՝ խորհրդարանական համակարգից կրկին անցում կիսանախագահական կամ նախագահական համակարգի, մենք բացառում ենք»:

Ըստ Սաղաթէլեանի՝ Սահմանադրութեան փոփոխութեան համար պէտք է երկու կարեւոր պատճառ ըլլայ: «Պէտք է հասարակական պահանջ լինի եւ երկրորդ՝ հիմնաւորում, թէ այսօրուայ Սահմանադրութեան, որ յօդուածներն են խնդիրներ ստեղծում երկրի անվտանգութեան, զարգացման հնարաւորութիւնների համար: Երբ կը կողմնորոշուեն կը յայտարարեն իրենց Սահմանադրական փոփոխութիւնների յանձնաժողով ստեղծելու նպատակը եւ կը յայտարարեն, թէ այդ յանձնաժողովն ի՛նչ փոփոխութիւններով եւ առաջարկութիւններով է հանդէս գալու, այդ ժամանակ էլ մենք մեր դիրքորոշումները յստակ կ’ասենք, որովհետեւ մեզ համար շատ սկզբունքային է խորհրդարանական կառավարման համակարգը», նշած է ան:

Այն դիտարկման, թէ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան յայտարարած էր, որ այս գործող Սահմանադրութեամբ աւելի հեշտ է իշխանափոխութիւն իրականացնելը, հիմա Սահմանադրութեան փոփոխութիւններու յանձնաժողով ստեղծելը ի՛նչ կ’ենթադրէ, Սաղաթէլեան յայտնած է. «Եթէ Սահմանադրութեան փոփոխութիւններ լինեն, առաջին հերթին պէտք է վարչապետի լիազօրութիւնները կրճատուեն»:

Սաղաթէլեան յիշեցուց, որ այս իշխանութիւնները, մասնաւորապէս երկրի ղեկավարը, Սահմանադրութեան փոփոխութենէն ետք կը քննադատէին «սուպերվարչապետական» համակարգը: «Ուստի առաջին հերթին հենց այս սուպերվարչապետական համակարգից պէտք է ազատուել, սակայն, բնականաբար, հաշուի առնելով այս իշխանութիւնների ձեռագիրը, իրենց փոփոխութիւնները միտուած են լինելու իշխանութիւնն է՛լ աւելի ամրապնդելուն: Հաշուի առնելով իշխանութեան գործելաոճը՝ կարելի է նման ենթադրութիւն անել, բայց թող հանդէս գան իրենց պատճառաբանութիւններով, առաջարկութիւններով մենք էլ համապատասխան դիրքորոշում կը յայտնենք», շեշտեց ան:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.