Սաթենիկ Արղութեան. յե­ղա­փո­խա­կան հա­յու­հիին ո­գեշն­չող ա­ւան­դը

Հա­յոց յու­շա­տետ­րին մէջ իր ո­գեշն­չող է­ջը ու­նի հայ կնոջ բա­ցա­ռիկ կեր­պար մը՝ ­Սա­թե­նիկ ­Մա­տի­նեան-Ար­ղու­թեան, որ իր կեան­քով, գոր­ծով ու գա­ղա­փա­րա­պաշ­տու­թեամբ՝ ու­րոյն տեղ կը գրա­ւէ 19րդ ­դա­րա­վեր­ջին թափ ա­ռած հայ ժո­ղո­վուր­դի ազ­գա­յին-ա­զա­տագ­րա­կան շար­ժու­մին, զայն հու­նա­ւո­րած եւ ա­ռաջ­նոր­դած նո­ւի­րեալ­նե­րու փա­ղան­գին մէջ։
­Սա­թե­նիկ Ար­ղու­թեան 56 տա­րե­կան էր ­Դեկ­տեմ­բեր 12ի այս օ­րը, 1930ին, երբ ­Փա­րի­զի մէջ առ յա­ւէտ փա­կեց աչ­քե­րը եւ գնաց միա­նա­լու քա­նի մը տա­րի ա­ռաջ մա­հա­ցած իր գա­ղա­փա­րի ու կեան­քի ըն­կե­րոջ՝ Իշ­խան ­Յով­սէփ Ար­ղու­թեա­նին։
­Հայ ­Յե­ղա­փո­խա­կան­նե­րի ­Դաշ­նակ­ցու­թեան ծնուն­դը նա­խա­պատ­րաս­տած ե­րի­տա­սարդ հա­յոր­դի­նե­րու թիֆ­լի­սեան «Ե­րի­տա­սարդ ­Հա­յաս­տան» խմբա­կի ա­մէ­նէն աշ­խոյժ ան­դամ­նե­րէն հան­դի­սա­ցաւ ­Սա­թե­նիկ ­Մա­տի­նեան։
Ընդ­հան­րա­պէս ­Մա­տի­նեան ըն­տա­նի­քը — իր բո­լոր ան­դամ­նե­րով՝ այ­րիա­ցած մայ­րով ու ե­րեք զա­ւակ­նե­րով — հա­ւա­քա­տե­ղին, հիւ­րըն­կա­լը եւ աշ­խոյժ մաս­նա­կի­ցը ե­ղաւ հայ յե­ղա­փո­խա­կան­նե­րը ի մի խմբե­լու շարժ­ման ծա­ւա­լու­մին։
­Մա­տի­նեան­նե­րու տան մէջ քով-քո­վի ե­կան Ք­րիս­տա­փոր ­Մի­քա­յէ­լեա­նի, ­Սի­մոն ­Զա­ւա­րեա­նի եւ Իշ­խան ­Յով­սէփ Ար­ղու­թեա­նի օ­րի­նա­կով հայ յե­ղա­փո­խա­կան հա­յոր­դի­նե­րը, ո­րոնք ­Հա­յաս­տա­նի ա­զա­տագ­րու­թեան գա­ղա­փա­րով տո­գո­րո­ւած՝ պար­զե­ցին յե­ղա­փո­խա­կան բո­լոր ու­ժերն ու խմբակ­նե­րը ի մի բե­րե­լու, ազ­գա­յին-յե­ղա­փո­խա­կան ո­գիով սե­րունդ թրծե­լու, ­Դէ­պի Եր­կիր պայ­քա­րի գա­ցող խում­բեր կազ­մա­կեր­պե­լու եւ նոյ­նինքն Երկ­րի հա­յու­թեան սկսած կռո­ւին մեծ թափ տա­լու պայ­քա­րին։
­Սա­թե­նիկ ­Մա­տի­նեան հա­զիւ 14-15 տա­րե­կան պար­մա­նու­հի մըն էր 1880ա­կան­նե­րու վեր­ջե­րուն, երբ ար­դէն իբ­րեւ հա­մակ կրակ ու բոց յե­ղա­փո­խա­կա­նի՝ իր գոր­ծօն մաս­նակ­ցու­թիւ­նը բե­րաւ ­Դաշ­նակ­ցու­թեան ստեղծ­ման ճի­գե­րուն։ ­Սա­թե­նի­կի յե­ղա­փո­խա­կան ա­ռա­ջին քայ­լե­րուն վրայ տի­րա­կան ներ­գոր­ծու­թիւն ու­նե­ցաւ յատ­կա­պէս Իշ­խան ­Յով­սէփ Ար­ղու­թեան։ Ս­կիզ­բէն իսկ մեծ սէր մը զար­գա­ցաւ եր­կու­քին մի­ջեւ եւ ­Սա­թե­նիկ հե­տա­գայ իր ողջ կեան­քը կա­պեց Իշ­խա­նին ու ­Դաշ­նակ­ցու­թեան՝ հայ յե­ղա­փո­խա­կան շարժ­ման անմ­նա­ցորդ նո­ւի­րո­ւե­լու ան­դառ­նա­լի ուխ­տով։
«­Յու­շա­պա­տում Հ.Յ.­Դաշ­նակ­ցու­թեան (1890-1950)» ա­նու­նով Հ.Յ.Դ. ­Վաթ­սու­նա­մեա­կին առ­թիւ իր խմբագ­րած նշա­նա­կա­լի գոր­ծին մէջ, ­Սի­մոն Վ­րա­ցեալ հե­տե­ւեալ խիտ պատ­կե­րով կը ներ­կա­յաց­նէ ­Դաշ­նակ­ցու­թեան հիմ­նա­դիր սե­րուն­դի այս ան­մո­ռա­նա­լի դէմ­քը.-
«­Սա­թե­նի­կը ծնո­ւել էր ­Ղա­րա­բա­ղում, 1874թ. ­Սեպտ. 25ին։ 9 տա­րե­կան հա­սա­կին մտել էր ­Թիֆ­լի­սի ա­ռա­ջին ի­գա­կան ­Գիմ­նա­զիո­նը, բայց հի­ւան­դու­թեան պատ­ճա­ռով, ա­ռանց ա­ւար­տե­լու, դուրս էր ե­կել 6րդ ­դա­սա­րա­նից։ ­Յե­տոյ ձեռք էր բե­րել ժո­ղովր­դա­կան դպրոց­նե­րի վար­ժու­հու վկա­յա­կան։ Իր ժա­մա­նա­կը եւ ե­ռան­դը, սա­կայն, նա նո­ւի­րել էր յե­ղա­փո­խա­կան գոր­ծին՝ հայ­րե­նա­սի­րա­կան խմբակ­նե­րի մէջ։ 1892ին, Ար­ղու­թեա­նի, ­Յո­նան ­Դաւ­թեա­նի, ­Դու­մա­նի եւ միւս ըն­կեր­նե­րի հետ ան­ցաւ ­Թաւ­րիզ՝ ու­սուց­չու­թեան պաշ­տօ­նով, միա­ժա­մա­նակ կա­նանց խմբե­րի կազ­մա­կեր­պիչ էր եւ ­Դաշ­նակ­ցա­կան կո­մի­տէի ան­դամ։ ­Մին­չեւ 1897 թ. մնաց Ատր­պա­տա­կա­նում եւ ե­ռան­դուն գոր­ծու­նէու­թիւն ու­նե­ցաւ ­Թաւ­րի­զի ու ­Սալ­մաս­տի ­Դաշ­նակ­ցու­թեան կազ­մա­կեր­պու­թեան մէջ։ ­Խա­նա­սո­րի ար­շա­ւան­քից յե­տոյ վե­րա­դար­ձաւ ­Թիֆ­լիս, ուր շա­րու­նա­կեց աշ­խա­տել ­Դաշ­նակ­ցու­թեան մէջ։ 1899ին, ­Մոս­կո­ւա­յում, ա­մուս­նա­ցաւ ­Յով­սէփ Ար­ղու­թեա­նի հետ եւ, այ­նու­հե­տեւ, մին­չեւ մահ, բա­ժա­նեց ա­մուս­նու կեանքն ու գոր­ծը։ ­Մե­ռաւ փա­րի­զում, 1930թ. ­Դեկտ. 12ին»։
­Հա­կիրճ եւ ընդ­հա­նուր գի­ծե­րով ներ­կա­յա­ցո­ւած ­Սա­թե­նիկ ­Մա­տի­նեան-Ար­ղու­թեա­նի անձն ու գոր­ծը, կեանքն ու նո­ւի­րա­բե­րու­մը ­Հայ­կա­կան ­Յե­ղա­փո­խու­թեան՝ բա­ռին ա­մէ­նէն խոր եւ ընդգր­կուն ի­մաս­տով ներշնչ­ման վա­րա­կիչ օ­րի­նակ մը ե­ղան 19րդ ­դա­րա­վեր­ջի եւ 20րդ ­դա­րաս­կիզ­բի հայ ե­րի­տա­սար­դու­թեան, յատ­կա­պէս յե­ղա­փո­խա­կան հա­յու­հի­նե­րուն հա­մար։
Ինչ­պէս ­Սե­րոբ Աղ­բիւ­րի կի­նը՝ ­Սօ­սէն, ­Ռոս­տո­մի կի­նը՝ Ե­ղի­սա­բէ­թը կամ ­Հա­մօ Օ­հան­ջա­նեա­նի կի­նը՝ ­Ռու­բի­նան եւ ­Կա­րօ ­Սա­սու­նիի կի­նը՝ ­Լօ­լան — միայն ներ­կա­յա­ցուց­չա­կան դէմ­քեր յի­շա­տա­կե­լու կար­գով -, ­Սա­թե­նիկ ­Մա­տի­նեան-Ար­ղու­թեան ա­ռանձ­նա­յա­տուկ խորհր­դա­նիշ մը դար­ձաւ հայ կնոջ մաս­նակ­ցու­թեան՝ հայ ազ­գա­յին-ա­զա­տագ­րա­կան պայ­քա­րին։ Ոչ միայն ան­ձամբ նա­խա­ձեռ­նողն ու մաս­նա­կի­ցը ե­ղաւ ա­մէ­նէն յան­դուգն յե­ղա­փո­խա­կան գոր­ծո­ղու­թեանց, այ­լեւ ըն­տա­նիք պա­հեց ու յե­ղա­փո­խա­կա­նի ան­սա­կարկ անձ­նա­զո­հու­թիւն ներշն­չեց իր կեան­քի ըն­կե­րոջ։
­Սա­թե­նիկ ­Մա­տի­նեան-Ար­ղու­թեան յե­ղա­փո­խա­կան իր կեան­քին ու գոր­ծու­նէու­թեան ա­ռա­ջին իսկ քայ­լե­րէն ար­ժա­նա­ցաւ «­Ծա­ղիկ» յե­ղա­փո­խա­կան ծած­կա­նու­նին, ո­րով­հե­տեւ իս­կա­պէս պայ­քա­րու­նա­կու­թեան եւ անձ­նո­ւի­րու­մի ան­զու­գա­կան ծա­ղիկ մը ե­ղաւ։
­Շուրջ քա­ռա­սուն տա­րո­ւան յե­ղա­փո­խա­կան պայ­քա­րի եւ ազ­գա­յին-հա­սա­րա­կա­կան ծա­ռա­յու­թեան օ­րի­նա­կե­լի վաս­տակ մը կա­պո­ւե­ցաւ ­Սա­թե­նիկ ­Մա­տի­նեան-Ար­ղու­թեա­նի ա­նու­նին։
1892էն 1897 եր­կա­րող իր գոր­ծու­նէու­թեան ա­ռա­ջին շրջա­նը կեդ­րո­նա­ցաւ ­Թաւ­րի­զի մէջ եւ յատ­կան­շո­ւե­ցաւ յե­ղա­փո­խա­կան գա­ղա­փար­ներ տա­րա­ծե­լու, մար­տու­նակ սե­րունդ պատ­րաս­տե­լու եւ հայ­կա­կան ա­զա­տա­մար­տին զօ­րա­կից կա­նա­ցի կազ­մա­կեր­պու­թիւն­ներ ա­ռա­ջաց­նե­լու տեն­դա­գին ծա­ռա­յու­թեամբ։
­Սոսկ վար­ժու­հի եւ հա­սա­րա­կա­կան գոր­ծիչ չե­ղաւ ­Սա­թե­նիկ։ ­Նաեւ՝ գոր­ծօն մաս­նակ­ցու­թիւն ու­նե­ցաւ թէ՛ դէ­պի Եր­կիր զէն­քի փո­խադ­րու­թեան գոր­ծին եւ թէ, այդ ճամ­բուն վրայ, դաշ­նակ­ցա­կան խում­բե­րու մղած կռիւ­նե­րուն մէջ։
Ա­ռա­ջին այդ շրջա­նի գոր­ծու­նէու­թեան բարձ­րա­կէ­տը ե­ղաւ ­Խա­նա­սո­րի ար­շա­ւան­քին կազ­մա­կեր­պու­մը, ո­րուն գլխա­ւոր դէմ­քե­րէն ե­ղաւ Իշ­խան Ար­ղու­թեան՝ նա­խա­պատ­րաս­տա­կան աշ­խա­տանք­նե­րուն մէջ միշտ իր կող­քին ու­նե­նա­լով ­Սա­թե­նի­կը։
­Խա­նա­սո­րի ար­շա­ւան­քէն ետք, երբ Իշ­խան ձեր­բա­կա­լո­ւե­ցաւ պար­սիկ­նե­րուն կող­մէ, ո­րոնք ցա­րա­կան իշ­խա­նու­թեանց յանձ­նե­ցին ռու­սա­կան ան­ցա­գիր կրող հայ յե­ղա­փո­խա­կա­նը, ­Սա­թե­նիկ վե­րա­դար­ձաւ ­Թիֆ­լիս, որ­պէս­զի մօտ ըլ­լայ եւ օգ­նէ ­Մե­տե­խի բան­տը նե­տո­ւած զէն­քի ու գա­ղա­փա­րի իր ըն­կե­րոջ։ Այ­նու­հե­տեւ՝ երբ Իշ­խա­նը աք­սո­րե­ցին ­Ռու­սաս­տան, ­Սա­թե­նիկ ար­դէն իբ­րեւ կո­ղա­կից միա­ցաւ իր կեան­քի ըն­կե­րոջ աք­սո­րա­կան կեան­քին։
1903ին ա­նոնք ար­դէն վե­րա­դար­ձած էին աք­սո­րէն եւ եր­կու­քով աշ­խոյժ մաս­նակ­ցու­թիւն ու­նե­ցան հայ ե­կե­ղե­ցա­պատ­կան կա­լո­ւած­նե­րու ցա­րա­կան բռնագ­րաւ­ման դէմ ծա­ւա­լած հայ­կա­կան հա­մա­ժո­ղովր­դա­յին շարժ­ման կազ­մա­կեր­պու­մին մէջ։
­Սա­թե­նիկ Ար­ղու­թեան պատ­նէ­շի վրայ էր նաեւ 1905ի հայ-թա­թա­րա­կան ընդ­հա­րում­նե­րուն ժա­մա­նակ, երբ հա­մա­ժո­ղովր­դա­յին ինք­նա­պաշտ­պա­նու­թիւն կազ­մա­կեր­պե­լու հար­կադ­րան­քը ա­ռա­ջա­ցաւ եւ մար­տա­կան ու­ժե­րու թի­կուն­քը պա­հե­լու հրա­մա­յա­կա­նը շեշ­տո­ւե­ցաւ։
Վ­րայ հա­սաւ 1907-1909 թո­ւա­կան­նե­րուն ցա­րա­կան իշ­խա­նու­թեանց ծա­ւա­լած հա­լա­ծան­քը ընդ­հան­րա­պէս հայ մտա­ւո­րա­կա­նու­թեան եւ յատ­կա­պէս դաշ­նակ­ցա­կան գոր­ծիչ­նե­րու դէմ՝ զան­գո­ւա­ծա­յին ձեր­բա­կա­լու­թիւն­նե­րու հի­ման վրայ ­Դաշ­նակ­ցու­թեան ­Դա­տա­վա­րու­թիւ­նը կազ­մա­կեր­պե­լով։ Իշ­խան ձեր­բա­կա­լեալ­նե­րու շար­քին էր, իսկ ­Սա­թե­նիկ դրօ­շա­կիր­նե­րէն էր ցա­րա­կան հա­լա­ծան­քին դէմ թափ ա­ռած հա­մա­ժո­ղովր­դա­յին բո­ղո­քի շար­ժու­մին։ Իշ­խան դար­ձեալ աք­սո­րո­ւե­ցաւ ­Ռու­սաս­տա­նի խո­րե­րը եւ ­Սա­թե­նիկ ու ի­րենց զա­ւա­կը՝ Ար­փիկ ըն­կե­րա­ցան Իշ­խա­նի։
1914ին ցա­րա­կան իշ­խա­նու­թիւ­նը նե­րում շնոր­հեց բո­լոր աք­սո­րեալ դաշ­նակ­ցա­կան­նե­րուն, ո­րոնց շար­քին՝ Ար­ղու­թեան­նե­րը վե­րա­դար­ձան ­Թիֆ­լիս եւ ամ­բող­ջա­պէս նո­ւի­րո­ւե­ցան հայ կա­մա­ւո­րա­կան գուն­դե­րու կազ­մու­թեան։ Իշ­խա­նին վստա­հո­ւե­ցաւ կա­մա­ւո­րա­կան գուն­դե­րէն մէ­կուն հրա­մա­նա­տա­րու­թիւ­նը։
­Սա­թե­նիկ գոր­ծի վրայ էր նաեւ այ­նու­հե­տեւ, երբ Իշ­խան Ար­ղու­թեան ղե­կա­վար դէմ­քե­րէն մէ­կը հան­դի­սա­ցաւ նո­րաս­տեղծ ­Թիֆ­լի­սի ­Հայ Ազ­գա­յին ­Խոր­հուր­դին եւ, իբ­րեւ այդ­պի­սին, գոր­ծօն դե­րա­կա­տա­րու­թիւն ու­նե­ցաւ ­Հա­յաս­տա­նի ան­կա­խու­թեան նո­ւա­ճու­մի 1918ի ­Մա­յի­սեան հե­րո­սա­մարտ­նե­րուն մէջ։ ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան հռչա­կու­մէն ետք, Իշ­խան ընտ­րո­ւե­ցաւ նախ ­Հա­յաս­տա­նի ­Խոր­հուր­դին, ա­պա ­Հա­յաս­տա­նի խորհր­դա­րա­նի ան­դամ։ Իսկ 1919էն ետք, երբ Իշ­խան նշա­նա­կո­ւե­ցաւ ­Պարս­կաս­տա­նի մօտ ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան դես­պան, ­Սա­թե­նիկ նո­րո­վի թա­փով լծո­ւե­ցաւ դի­ւա­նա­գի­տա­կան աս­պա­րէ­զէն ներս նո­րաս­տեղծ հա­յոց պե­տա­կա­նու­թեան ար­տա­քին օ­ժան­դա­կու­թիւն հասց­նե­լու գոր­ծին։
1921ին, ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան վերջ­նա­կան խորհր­դայ­նա­ցու­մէն յե­տոյ, Ար­ղու­թեան­նե­րը ի­րենց կար­գին ընտ­րե­ցին տա­րագ­րու­թիւ­նը եւ հաս­տա­տո­ւե­ցան ­Փա­րիզ, ուր Իշ­խան ­Յով­սէփ Ար­ղու­թեան վախ­ճա­նե­ցաւ 1925ին, իսկ հինգ տա­րի անց՝ 12 ­Դեկ­տեմ­բեր 1930ին, նոյն­պէս շի­ջե­ցաւ ­Հայ­կա­կան ­Յե­ղա­փո­խու­թեան ա­նե­րեր ­Ծա­ղի­կը՝ ­Սա­թե­նիկ ­Մա­տի­նեան-Ար­ղու­թեա­նը։
Իր յի­շա­տա­կի ո­գե­կոչ­ման յատ­կա­ցո­ւած այս անդ­րա­դար­ձը կ­՛ար­ժէ եզ­րա­փա­կել ­Սա­թե­նիկ ­Մա­տի­նեան-Ար­ղու­թեա­նին նո­ւի­րո­ւած ­Մալ­խա­սի հե­տե­ւեալ վկա­յու­թեամբ (առ­նո­ւած ա­նոր «Ապ­րում­ներ» հա­տո­րէն).-
«Ութ­սու­նա­կան թո­ւա­կան­նե­րու վեր­ջե­րը, ­Թիֆ­լի­սի մէջ, ­Մա­տի­նեան­նե­րու տու­նը մտա­ւո­րա­կան եւ յե­ղա­փո­խա­կան օ­ճա­խի հան­գա­մանքն ու­նէր։
«­Մայր Մա­տի­նեա­նը եւ իր ե­րեք զա­ւակ­նե­րը՝ ­Սա­թե­նիկ, ­Նա­տա­լիա եւ ­Նի­կոլ, ամ­բող­ջո­վին նո­ւի­րո­ւած էին շարժ­ման։ ­Դեռ դպրո­ցա­կան ա­շա­կեր­տու­հի մը, ­Սա­թե­նիկ յափշ­տա­կու­թեամբ կը հե­տե­ւէր ի­րենց տու­նը հիմք ա­ռած ­Դաշ­նակ­ցու­թեան սկզբնա­կան քայ­լե­րուն։
«­Վեր­ջէն ­Սա­թե­նի­կը իր յե­ղա­փո­խա­կան գոր­ծու­նէու­թեամբ յայտ­նի դար­ձաւ, բայց սկզբնա­կան տա­րի­նե­րուն ­Նա­տա­լիան էր ­Դաշ­նակ­ցու­թեան հիմ­նա­դիր­նե­րուն հետ, որ տա­րաւ ա­մէն կար­գի զրկանք եւ նե­ղու­թիւն՝ յա­նուն գա­ղա­փա­րի։ ­Տա­րի­ներ շա­րու­նակ ա­նոր ան­կո­ղի­նը մէկ ­Մե­տե­խի բան­տը, մէկ ի­րենց տու­նը կը փռո­ւէր։ Ամ­բող­ջո­վին անձ­նո­ւի­րու­թիւն, այդ բա­ցա­ռիկ օ­րիոր­դը ­Դաշ­նակ­ցու­թեան լա­ւա­գոյն ա­ւան­դու­թիւն­նե­րու իս­կա­կան ներ­կա­յա­ցու­ցի­չը մնաց մին­չեւ իր մա­հը…
«1892 թո­ւա­կա­նին, ստո­ւար խում­բի մը հետ, ո­րուն մէջ կա­յին ­Յով­նա­նը, ­Դու­մա­նը, Իշ­խա­նը (Ե­րո­ւանդ, ­Դա­չօ), ­Թո­րո­սը, ­Սա­քոն ու շարք մը ու­րիշ նա­խա­կա­րա­պետ­ներ հայ յե­ղա­փո­խու­թեան, ­Սա­թե­նի­կը կը մեկ­նի ­Թաւ­րիզ (­Պարս­կաս­տան), որ­պէս ու­սուց­չու­հի, միակ աս­պա­րէ­զը, ուր նո­րա­հաս օ­րիորդ մը սո­վո­րա­բար կրնար օգ­տա­կար լի­նել իր ազ­գին։
«Ա­մէն տեղ էր ան, ուր կեն­դա­նի գոր­ծը կը պա­հան­ջէր։ ­Թաւ­րի­զի կա­նանց եւ ա­շա­կեր­տա­կան խմբե­րու հո­գին էր.- ­Զէնք փո­խադ­րող էր ­Սալ­մաստ։ ­Խոյ էր, ­Դե­րե­կի վանքն էր, ­Ղարս էր, ան­վերջ ան­դադ­րում շարժ­ման մէջ։
«­Խա­նա­սո­րի ար­շա­ւան­քէն վերջ Ե­րո­ւան­դը (Իշ­խա­նը) կը ձեր­բա­կա­լո­ւի եւ, ա­տեն մը ­Պարս­կաս­տա­նի զար­հու­րե­լի բան­տե­րուն մէջ տա­ռա­պե­լէ յե­տոյ, կը յանձ­նո­ւի ռուս կա­ռա­վա­րու­թեան, որ զայն հինգ տա­րով կ­’աք­սո­րէ Ար­շան­կէ­լի սա­ռու­ցեալ շրջա­նը։
«­Սա­թե­նիկ ա­ռանց տա­տամ­սե­լու կը հե­տե­ւի իր սի­րած ե­րի­տա­սար­դին։ Եւ աք­սո­րի մէջ եր­կու հայ յե­ղա­փո­խա­կան աչ­քա­ռու գոր­ծիչ­նե­րը կ­’ա­մուս­նա­նան (Ար­ղու­թեան­նե­րը ու­նե­ցան միակ զա­ւակ մը՝ Ար­փի­կը — Ն.)։
«­Կա­մա­ւո­րա­կան շար­ժու­մին, Իշ­խա­նը կը նշա­նա­կո­ւի 4-5րդ ­միա­ցեալ գուն­դե­րու հրա­մա­նա­տար։ Ով որ մօ­տէն հե­տե­ւած է այդ աշ­խա­տանք­նե­րուն, գի­տէ որ գուն­դի նա­խա­պատ­րաս­տա­կան աշ­խա­տանք­նե­րուն մղիչ ո­գին ­Սա­թե­նիկն էր։
«1925ին, եր­կա­րա­տեւ հի­ւան­դու­թե­նէ մը վերջ, մե­ռաւ Իշ­խան ­Յով­սէփ Ար­ղու­թեա­նը՝ մեր յե­ղա­փո­խա­կան պատ­մու­թեան շքեղ մար­տիկ­նե­րէն մէ­կը։
«­Մի­նա­կու­թեան մէջ, ­Թե­ւա­թափ ար­ծի­ւի մը նման, հետզ­հե­տէ թա­ռա­մե­ցաւ եւ ­Դաշ­նակ­ցու­թեան ­Ծա­ղի­կը, ո­րը որ­պէս ի­գա­կան սե­ռի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ՝ մեր պատ­մու­թեան մէջ ե­զա­կի դիրք մը ու­նի»։

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.