Ռուստամեան. «Ոչ Ոք Պիտի Պաշտպանէ Քեզ, Եթէ Դուն Քայլ Չես Կատարեր»

«Երասխի դէպքերը անգամ մը եւս կ՛ապացուցեն, որ եթէ կ՛ուզես խաղաղութիւն, ապա պէտք է կարենաս պաշտպանել այդ խաղաղութիւնը», Հայաստանի Ազգային ժողովին մէջ լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին ըսաւ ՀՅԴ Բիւրոյի քաղաքական ներկայացուցիչ, Հայաստանի Ազգային ժողովի «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Արմէն Ռուստամեան: «Մենք ունինք դրացիներ, որոնք արդէն երկար տարիներ միայն ուժի սպառնալիքի միջոցով հարցեր կը լուծեն, եւ վերջին իրադարձութենէն ետք ալ Թուրքիան եւ Ազրպէյճանը ակնյայտօրէն կը տանին այն գիծը, որ այլեւս աշխարհակարգի փոփոխութիւն տեղի ունեցած է, եւ բոլոր տեսակի հարցերը կարելի է լուծել պատերազմով, ուժի պարտադրանքով: Նախապէս եթէ մենք կ՛երթայինք բանակցելու, այդ բանակցութիւնները պէտք է զուգորդուէին ուժի ցուցադրումով, հիմա այդ ուժը ցուցադրած են եւ տեսած, որ այս կողմէն այդ ուժին դէմ ուղղակի անպաշտպան իրավիճակ է, եւ այդ պատճառով աւելի լկտիացած են: Ազրպէյճանը Թուրքիոյ հետ միասին բնականաբար իր ծրագիրը ունի: Մենք ատիկա կ՛ուզենք անտեսել, բայց իրենք յամառօրէն ատիկա կը պնդեն: Իրենք խնդիր ունին Հայաստանէն վերջնականապէս ստանալու այն ամէնը, ինչ որ իրենց երազանքները եղած են` Նախիջեւանի կապը Ազրպէյճանի հետ, Զանգեզուրի միջանցք եւ այլն», ըսաւ ան:

Անոր համաձայն, Ազրպէյճանն ու Թուրքիան ցոյց կու տան, որ իրենք պիտի օգտուին ստեղծուած աշխարհաքաղաքական խառնաշփոթէն եւ Հայաստանէն պիտի փորձեն կորզել ինչ որ կարելի է: «Սա պիտի շարունակուի, քանի դեռ մենք ցոյց չենք տուած, որ մենք մեզի կրնանք պաշտպանել: Այս իշխանութիւնները ամէն ինչ կ՛ընեն մեզ թուլացնելու եւ բոլորին մօտ այն տպաւորութիւնը ստեղծելու, որ մենք անզօր եւ անճար ենք եւ պէտք է ընդունինք բոլոր այն պահանջները, որոնք թշնամին կը դնէ մեր առջեւ: Մենք կ՛ըսենք` ոչ, հայ ժողովուրդը անզօր չէ: Դարեր շարունակ մենք կրցած ենք մենք մեզի պաշտպանել: Ատոր համար 3 ուղղութեամբ պէտք է աշխատիլ` վերականգնել եռամիասնութիւնը, պաշտպանունակութիւնը պէտք է մեծցուի եւ դիւանագիտութիւնը պէտք է կտրուկ փոխուի», ըսաւ ան»:

«Խաղաղութեան գործընթաց իբրեւ այդպիսին քաղաքակիրթ բանակցութիւններու միջոցով ես չեմ տեսներ: Մէկը թող ինծի ըսէ` ի՞նչ կապ ունի այս ամէնը բնական բանակցային գործընթացի հետ, երբ ուժով բան մը կը պարտադրեն քեզի, իսկ սեղանի շուրջ ալ կ՛ըսեն, թէ նորէն կ՛ուզէք պարտադրենք, որովհետեւ ինչ որ կ՛ըսենք` կը ստորագրէք», ըսաւ Արմէն Ռուստամեան:

«Սա նոյնն է, որ մէկուն գլխունն ատրճանակ դնես, ան ալ ստիպուած ստորագրէ, յետոյ բանակցային գործընթացի հիմամբ ստորագրուի փաստաթուղթ: Բանակցութիւններու պէտք է երթալ մեր շահերը պաշտպանելու համար: Այդպիսի մօտեցումով դուն չես կրնար շահերդ պաշտպանել», ըսաւ Ռուստամեան:

Պատգամաւորին համաձայն, ոչ ոք պիտի պաշտպանէ քեզ, եթէ դուն քայլ չես կատարեր:

Comments are closed.