Ջաւախքի մէջ գործազրկութեան տագնապը յաղթահարելը մեր նպատակներէն է. ՀՕՄ-ի Ջաւախք Հիմնադրամի Ատենապետ Իվան Արտհալճեան

«Հորիզոն»ի վարիչ խմբագիր Վահագն Գարագաշեանի հետ յատուկ հարցազրոյցի ընթացքին ՀՕՄ-ի Ջաւախքի Հիմնադրամի Ատենապետ Իվան Արտհալճեան անդրադարձաւ ջաւախահայութեան դիմագրաւած զանազան մարտահրաւէրներուն եւ տարածաշրջանի այսօրուան աշխարքաղաքական զարգացումներուն լոյսին տակ Ջաւախքի այսօրուան իրավիճակին մասին։ Ան յատկապէս անդրադարձաւ Հայ Օգնութեան Միութեան հովանաւորութեան ներքոյ գործող Ախալքալաքի եւ Ախալցխայի Հայկական երիտասարդական կեդրոններուն, ՀՕՄի «Ջաւախք» ճամբարի ծրագիրներուն եւ ՀՕՄ-ԹՈՒՄՕ համագործակցութեամբ կեանքի կոչուած Ախալքալաքի ԹՈՒՄՕ կեդրոնի աշխատանքներուն մասին։

Իվան Արտհալճեան շեշտեց նաեւ, որ այսօրուան դրութեամբ Ջաւախքի հայութեան գլխաւոր մարտահրաւէրներէն է գործազրկութիւնը, որուն առնչութեամբ Ջաւախք հիմնադրամը նպատակադրած է պայքարիլ եւ այդ իրագործելու համար արդէն ծրագրուած է գործազրկութեան յաղթահարման ընդհանուր հայեցակարգ։

Մանրամասնութիւնները՝ տեսանիւթով։

 

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.