Ջահերթ` Ստեփանակերտի Մէջ. Մասնակիցները Կը Պահանջեն Հայոց Ցեղասպանութեան Միջազգային Ճանաչում
Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան Արցախի կառոյցի երիտասարդական եւ ուսանողական միութիւններուն նախաձեռնութեամբ, երէկ Ստեփանակերտի մէջ կազմակերպուած է ջահերթ:
Ջահերթին մեկնարկը տրուած է մայրաքաղաքի Ս. Յակոբ եկեղեցիէն, այնուհետեւ մասնակիցները եկեղեցւոյ բակէն ուղղուած են դէպի Հայոց ցեղասպանութեան զոհերուն յիշատակը յաւերժացնող Զանգակատուն-յուշակոթող:
«Արցախփրես» կը հաղորդէ, թէ Զանգակատուն-յուշակոթողին մօտ Արցախի թեմի առաջնորդ Պարգեւ արքեպիսկոպոս Մարտիրոսեան, դիմելով ջահերթին մասնակիցներուն, ըսած է, թէ ոգեկոչման նպատակն է, որ ճշմարտութիւնը ի վերջոյ հաստատուի այս անտարբեր աշխարհին մէջ:
Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի փոխնախագահ, «Դաշնակցութիւն» խմբակցութենէն Վահրամ Բալայեան «Արցախփրես»-ին հետ զրոյցի մը ընթացքին ըսած է, որ ամէն տարի ջահերթի մասնակիցներուն թիւը կ՛աւելնայ եւ հայ երիտասարդը, զինուոր դարձած, կը պահէ իր հող հայրենին:
Արցախի Հանրապետութեան մշակոյթի, երիտասարդութեան հարցերու եւ զբօսաշրջութեան նախարար Լեռնիկ Յովհաննիսեան յայտնած է, որ արդէն 20-րդ տարին է, որ ՀՅԴ Արցախի կառոյցի երիտասարդական եւ ուսանողական միութիւններուն նախաձեռնութեամբ ջահերթ կը կազմակերպուի:
ՀՅԴ Արցախի երիտասարդական միութեան Կեդրոնական վարչութեան ներկայացուցիչ Բենօ Միրզոյեան իր խօսքին մէջ նշած է, որ ջահերթին հիմնական նպատակն է միջազգային հանրութեան անգամ մը եւս ներկայացնել հայ ժողովուրդի արդար կոչն ու պահանջը, որուն հիմամբ պիտի ըլլայ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումը: