Պոլսոյ Մէջ Ձայնասփիւռի Կայան Մը Պատժուեցաւ՝ Հայոց Ցեղասպանութիւն Բառերը Գործածելուն Համար
1349
0
Թուրքիոյ զանգուածային լրատուամիջոցները կարգաւորող գերատեսչութիւնը պատիժ մը սահմանեց Պոլսոյ մէջ գործող Acik Radyo ձայնասփիւռի կայանին նկատմամբ, երբ այդ լրատուամիջոցի եթերէն հիւրը խօսեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան մասին` գործածելով «ցեղասպանութիւն» եզրը, զոր կը մերժէ պաշտօնական Թուրքիա։
Ըստ «Ֆրանս Փրես» լրատու գործակալութեան՝ Թուրքիոյ ձայնասփիւռի եւ հեռատեսիլի ոլորտը վերահսկող RTUK-ը մասնաւորապէս հինգ օրով զրկեց Acik Radyo-ի հեռարձակումը` խնդրոյ առարկայ յայտարարութիւնը որակելով «ատելութեան հրահրում»:
Թուրքիոյ լրագրողներու միութիւնը յայտարարեց, որ RTUK-ի որոշումը հարուած է խօսքի ազատութեան: «RTUK-ը պէտք է ըլլայ անկախ կառոյց եւ պէտք է անյապաղ չեղարկէ այս որոշումը», «Էքս»ի վրայ հրապարակած յայտարարութեան մէջ կը պնդէ լրագրողներու միութիւնը:
Comments are closed.