«Պէտք է մեր բոլոր կարողութիւններով աջակցինք, որ Նիկոլ Փաշինեանի կառավարութիւնը յաջողի». Արմէն Ռուստամեան

Մենք կրնանք վստահեցնել, որ մեր մասնակցութիւնը պիտի բերենք Մայիս 8-ի` վարչապետի ընտրութիւններուն. ԱԺ-ի ճեպազրոյցներու ժամուն յայտարարեց ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար Արմէն Ռուստամեան:

Հարցումին, թէ ՀՀԿ-ն իր խոստումին հաւատարիմ կը մնա՞յ, թէ՞ նախորդ անգամուան պէս կրնայ ըլլալ, Ռուստամեան պատասխանեց, որ երկրորդ անգամ ալ յայտարարած է, թէ իր հեռանկարը ունենալու առումով՝ քաղաքական ուժի մը համար վտանգաւոր է կատարել բոլորովին այլ բան:

Ան նշեց, որ չի կարծեր, թէ այս պահուն արտահերթ ընտրութիւնները կը բխին ՀՀԿ-ի շահերէն: «Եթէ իրենց յայտարարութենէն դուրս քայլ առնեն, ի՞նչ ռեսուրսներով կը մասնակցին արտահերթ ընտրութիւններուն: Ռեյտինգայինն ալ չ’օգներ: Բոլորին շահերէն կը բխի, որ տեղի ունենայ վարչապետի ընտրութիւն, եւ Նիկոլ Փաշինեանը ընտրուի: Այս է միակ ճիշդ լուծումը», ըսաւ պատգամաւորը:

Ռուստամեան ընդգծեց, որ կայ ժողովուրդի յստակ պահանջ, որուն պէտք է գիտակցին քաղաքական ուժերը` անկախ անկէ, թէ ո՛վ ձեւաւորած է այդ պահանջը: «Ոչ մէկ այլ լուծում ժողովուրդը պիտի չընդունի: Պէտք չէ աւելորդ մարտավարական տրամաբանութեան մէջ տեղափոխել հարցերը: Այն, ինչ տէ ֆակտօ կայ, տէ իւրէ պէտք է արձանագրել», ըսաւ ան:

Անդրադառնալով արտահերթ ընտրութիւններու ժամկէտներուն` Ռուստամեան նշեց, որ ինքնանպատակ ժամկէտ նշելը ճիշդ չէ: «Մի քանի քայլեր պէտք է առնուին, որ այդ ընտրութիւնները կասկածի տակ չդրուին: Ընտրական օրէնսգիրքը նախեւառաջ պէտք է փոխուի, սարքաւորումները պէտք է դրուին բոլոր ընտրատեղամասերուն մէջ, որ կրկնաքուէարկութիւնները բացառուին: Առաջին քայլերէն մէկը պէտք է ըլլայ այն, որ վարչապետին լիազօրութիւնները պէտք է նվազեցուին: Հաւասար պայմաններ պէտք է ստեղծուին, որ բոլոր ուժերը հաւասար պայմաններով ներկայացուին ընտրութիւններուն», յայտարարեց ան:

Հարցումին, թէ արդեօ՞ք ՀՅԴ-ն չունի կառավարութեան մաս կազմելու ակնկալիք, Ռուստամեան պատասխանեց, որ իրենք նման ակնկալիք չունին, բայց կ’ուզեն, որ Փաշինեանի կառավարութիւնը յաջողի եւ լուծէ իր առջեւ դրած խնդիրները: «Մեր բոլոր կարողութիւններով պիտի աջակցինք, որ այդ մէկը յաջողի», նշեց ան։

Ռուստամեան նաեւ նշեց, որ ինք ազգային համաձայնութեան կառավարութիւն ստեղծելը տրամաբանական կը համարէ։ Ինչ կը վերաբերի հարցումին, թէ ինք անձամբ ինքզինք կը տեսնէ՞ կառավարութեան մէջ, ան ըսաւ. «Անձամբ ես չեմ յաւակնիր եւ չեմ պատրաստուած մտնելու կառավարութեան կազմին մէջ, բայց մենք չենք պատրաստուիր մենակ թողելու Նիկոլ Փաշինեանը»:

Պատգամաւորը աւելցուց, որ ՀՅԴ-ն իր բոլոր կարողութիւններով պիտի աջակցի, որպէսզի Նիկոլ Փաշինեանի կառավարութիւնը յաջողի: Ըստ Ռուստամեանի` եթէ նոր կառավարութիւնը արդար Հայաստան կ’ուզէ, անոր լուծումը ճիշդ կադրային քաղաքականութիւնն է:

https://www.youtube.com/watch?v=OhHyLUcJ6s8

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.