Ուսանողներուն Պիտի Առաջարկուի 3 Տարիով Սպայական Ծառայութիւն` 260.000 Դրամ Աշխատավարձով

«Պատիւ ունիմ» պետական ծրագիրին գաղափարախօսութիւնն է` համալսարանական տարկէտումը կապել ապագայ սպայական ծառայութեան հետ: ՀՀ ՊՆ մամուլի խօսնակ Արծրուն Յովհաննիսեան՝ դիմատետրի իր էջին կատարած արձանագրութեան միջոցով՝ ներկայացուցած է ծրագիրին մանրամասնութիւնները` ըստ որոնց պետական հաւատարմագրում ունեցող (պետական կամ մասնաւոր) համալսարան ընդունուած իւրաքանչիւր երիտասարդ իրաւունք ունի դիմելու այդ ծրագրին ընդգրկուելու համար:

Շարք մը պայմաններու համապատասխանելու պարագային (առողջական վիճակ, հրամանատարական ջիղը որոշելուն միտուած հոգեբանական փորձարկում, ուսման ընթացքին գնահատականի նուազագոյն շեմի պահպանում) ան կրնայ ընդգրկուիլ նշուած ծրագրին` դառնալով սպայի կոչման յաւակնող թեկնածու: Ուսանելով քաղաքացիական համալսարանի մէջ` այդ երիտասարդները 2-րդ լսարանի սկիզբէն մինչեւ 4-րդ լսարանի առաջին կիսամեակը ներառեալ` իւրաքանչիւր Շաբաթ օր, Վազգէն Սարգսեանի անուան ռազմական համալսարանին մէջ պիտի ացնին զինուորական պատրաստութեան դասընթաց:

Այդ ուսուցումը յաջող անցնելու եւ քաղաքացիական համալսարանի վկայական ստանալու պարագային՝ քաղաքացին, պաքալորիայի աստիճան ստանալուն զուգընթաց, պիտի ստանայ հարիւրապետի սպայական կոչում եւ երեք տարի ժամկէտով պիտի անցնի ծառայութեան՝ զինուած ուժերուն մէջ: Ծառայութիւնը կը կազմակերպուի քաղաքացիական մասնագիտութիւնը հաշուի առնելով, բայց բոլոր պարագաներուն` 1-ին կարգի զօրամասերուն մէջ (առաջնագիծ):

Յովհաննիսեան կը բացատրէ, որ այդպիսով, բարձրագոյն կրթութիւն ստացած քաղաքացին կը կարենայ աւելի բարձր մակարդակով իր ծառայութիւնը բերել հայրենիքին, միաժամանակ անցնելով այն սպայական կարգավիճակով (ծառայութեան համապատասխան կենցաղային պայմաններով), մրցունակ աշխատավարձով (ամսական առնուազն 260.000 դրամ): Ծառայութիւնը բարեյաջող աւարտելու պարագային ան նաեւ պիտի ստանայ լրացուցիչ գումար` իր ուսումնառութեան տարիներու ուսման վարձին չափով: Ծառայութիւնը աւարտելէ յետոյ՝ մագիստրոսական ընդունուելու պարագային՝ կը փոխհատուցուի նաեւ անոր մագիստրոսական կրթութիւնը:

«Հայկական բանակը կարիք ունի բանիմաց եւ հմուտ սպայակազմի: Համալսարաններու շրջանաւարտները այն քաղաքացիներն են, որոնք ընտրած են սպայական մասնագիտութիւնը իբրեւ կենսակերպ, առաքելութիւն: Անոնք իրենց մարտական ուղին կը սկսին իբրեւ կուրսանտներ եւ կ՝երազեն հրամանատար դառնալ: Բայց մեծաթիւ բանակին անհրաժեշտ են մեծ թիւով կրտսեր սպաներ, որոնք պիտի ծառայեն դասակ-վաշտ օղակին մէջ: Նոյնիսկ ցանկալի է, որ այդ օղակին մէջ ծառայող հրամանատարները, ունենալով անհրաժեշտ ռազմական կրթութիւն, գան տարբեր միջավայրերէ, տէր ըլլան քաղաքացիական ամենատարբեր մասնագիտութիւններու: Անոնք իրենց հետ զինուած ուժեր պիտի բերեն նոր գիտելիքներ եւ հմտութիւններ, որոնք պիտի օգնեն աւելի արդիւնաւէտ դարձնելու ժամկետային զինծառայողներու բանակային տարիները:

Այսօրուան իրականութեան մէջ համալսարանական տարկէտումներու համակարգը թերի է եւ կը ծնի անարդարութեան բազմաթիւ դրսեւորումներ: Համալսարաններու ընդունելութեան քննութիւնները, պաքալորիա-մագիստրոսական-ասփիրանդուրական` ողջ աշխարհի մէջ աշխատանքային փորձի ձեռքբերումով ընդհատուող շրջագիծը մեր մօտ դարձած է չընդհատուող 4+2+3 ուսումնական ընթացք, որուն կը հետեւի թեկնածուական ատենախօսութեան հապճեպ պաշտպանութիւնը` ժամկետային ծառայութեան մէկընդմիշտ հրաժեշտ տալու հեռանկարով»,- գրած է Յովհաննիսեան:

Ան նաեւ աւելցուցած է, որ արդիւնաւէտ չ՝օգտագործուիր համալսարաններու այն շրջանաւարտներուն ներուժը, որոնք պաքալորիայէն ետք կը զօրակոչուին ՀՀ զինուած ուժեր: Հիմնականը անոնք կը համալրեն շարքային-տասնապետական կազմը, լաւագոյն պարագային` անցնելով ուսումնական զօրամասերով, իսկ երբեմն` անմիջապէս նախանշուելով մարտական հերթապահութիւն իրականացնող զօրամաս:

Կը նախատեսուի յատուկ պայմաններով սպայական ծառայութիւն առաջարկել աշխարհի 10 առաջատար համալսարաններէն մէկը աւարտած, ինչպէս նաեւ միջազգային ողիմպիականներու յաղթող ուսանողներուն: Անոնց ծառայութիւն պիտի առաջարկուի սպայական պաշտօններու մէջ, բայց ռազմարդիւնաբերական համալիրին մէջ, ուր անոնք պիտի կարենան աւելի մեծ արդիւնաւէտութեամբ կիրառել իրենց գիտելիքները: Անոնց պարագային պիտի առաջարկուին ոչ թէ եռամեայ, այլ հնգամեայ պայմանագրեր:

Ծրագիրին կարեւոր արդիւնքներէն է նաեւ լուրջ սպայական պահեստազօրի ձեւաւորումը: Մեծաքանակ շարքային պահեստազօր ունեցող բանակին անհրաժեշտ են հմուտ եւ առաջնագծի վրայ ծառայութիւն անցած պահեստազօրի սպաներ:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.