Ուղեկից միութիւնները 21-րդ դարուն
Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ Մկրտիչ Մկրտիչեանի խօսքը` ՀՄԸՄ–ի 12-րդ Պատգամաւորական ժողովի
20-րդ դարու երկրորդ կէսին մարդու կողմէ արմատականօրէն փոփոխութեան ենթարկուած արհեստագիտական միջոցները խորունկ եւ անվերադարձ կերպով փոփոխութեան ենթարկած են մարդկային փոխադարձ յարաբերութիւնները: Այս փոխազդեցութիւններու երեւոյթը հազարամեակներէ ի վեր կը ղեկավարէ մարդկութիւնը: Ատոր հետեւանքով այսօր, համեմատած նախորդ դարու մեր կեանքին, փոխուած են մտայնութիւնները, տեւական հոլովոյթի մէջ է մարդոց մտածելակերպը: Մարդիկ դարձած են աւելի գործնապաշտ, մէկ կողմ հրելով ցարդ իրենց կեանքի հիմնական սկզբունքները՝ իրենց գաղափարական կեցուածքները:
Այս պատճառով հաւատքը, կրօնական թէ այլ տեսակի, դարձած է դիւրաբեկ. մինչդեռ ատիկա կարեւոր դեր կը խաղայ աշխատանքներու յաջող ընթացքին եւ արդիւնաւէտ աւարտին համար: Հետեւաբար ճիգ պէտք չէ խնայել մարդոց էութեան մէջ գաղափարականութիւնը վերականգնելու: Ասիկա դիւրին գործ մը չէ, նոյնիսկ ՀՄԸՄ-ի նման գաղափարական հարուստ անցեալ ունեցող հաւաքականութիւններուն համար: Դիւրին չէ, որովհետեւ նախորդ դարու կրթամշակութային 1968 թուականով խորհրդանշուող յեղափոխութեան վաղորդայնէն սկսեալ հետեւողական պայքար տարուած է բոլոր գաղափարաբանութիւններուն դէմ: Այդպէս է մինչեւ այսօր եւ ոչինչ ցոյց կու տայ, թէ այդ ոլորտներէն ներս բան պիտի փոխուի մօտաւոր ապագային:
Սակայն մենք գիտենք, թէ մեզի պէս աշխարհացրիւ փոքր հաւաքականութեան մը համար ինչքա՜ն դաժան է մարդկութեան այս նոր պատկերը, ուր տկարները կը ճզմուին կամ կ’անհետանան: Հետեւաբար մեզի համար դէպի իրական գաղափարականութիւն վերադարձը հրամայական է: Մեր ուղեկից միութիւնները գաղափարական հիմք ունեցող միաւորներ են. բարեսիրական, սկաուտական ու մարմնակրթական, կրթական ու մշակութային: Այսպէս են ՀՕՄ-ը, ՀՄԸՄ-ն ու Համազգայինը:
Այս վիճակին մէջ յստակ է, որ գաղափարական միութիւնները իրենց ուժականութենէն բաւական բան պիտի կորսնցնեն, որովհետեւ տնտեսական վայրի մրցակցութեան ներկայ մթնոլորտը մեծ հարուած կը հասցնէ անոնց անդամներու կամաւորականութեան վրայ հիմնուած գործելակերպին: Ինչպէ՞ս կրնայ մրցիլ կամաւորականութիւնը տնտեսականութեան դէմ: Ինչքա՞ն կրնայ տոկալ կամաւոր աշխատողի ինքնասիրութիւնն ու արժանապատուութիւնը, երբ կը տեսնէ, թէ իրմէ նուազ արժէքաւոր անհատներ՝ նուազ որակաւոր աշխատանքի շնորհիւ կը տիրանան համբաւի, կ’արժանանան յարգանքի, երբ իրենց աշխատանքը ընդհակառակը յաճախ կ’արհամարհուի: Մեր միութիւնները արդէն շատոնց կը կրեն այդ նոր դրութեան հասցուցած վնասները: Մեր միտքերուն մէջ դեռ թարմ են մեր մարզական եւ այլ միաւորներու դառն վէրքերը:
Բնականաբար չենք հակադրեր կամաւորականութիւնը արհեստավարժութեան: Կամաւորականութեան վրայ հիմնուած մեր միաւորները իրենց գործին մէջ ցուցաբերած բծախնդրութեան, իրենց միութեան հանդէպ ունեցած ջերմ զգացումներուն, յարգանքին եւ հաւատքին շնորհիւ՝ իրենց կամաւորականութիւնը յաճախ կը հասցնեն արհեստավարժութեան աստիճանին:
ՀՄԸՄ-ի նշանաբանն է՝ «Բարձրացի՛ր, բարձրացո՛ւր»: Այս նշանաբանը կը պարտաւորեցնէ: Ան գաղափարականութեան արտայայտիչ է: Բարձրանալ կը նշանակէ ճիգ թափել ինքզինք բարելաւելու, որպէսզի կարելի ըլլայ ուրիշին օգնելը, որպէսզի ա՛ն ալ իր կարգին բարձրանալու կարողութեան տիրանայ. ինքնասրբագրութիւն՝ որ կ’առաջնորդէ ուրիշներու մաքրման. կա՞յ ասկէ աւելի ազնիւ նպատակակէտ:
ՀՕՄ-ն ու Համազգայինը, հիմնուած նոյնքան գաղափարական մարդոց կողմէ, որքան՝ ՀՄԸՄ-ի հիմնադիրները, նոյնատիպ հաւաքականութիւններէ կազմուած են: Անոնց հասարակաց գիծերը բազմաթիւ են: Գործելաձեւի, գործունէութեան ասպարէզներու եւ անմիջական նպատակներու տարբերութիւնները ոչինչ կը փոխեն իրենց բիւրեղեայ էութենէն: Բազմաթիւ տասնամեակներու իրենց գործունէութեամբ անոնք երաշխաւորած են սփիւռքեան բազմաթիւ սերունդներու հայկականութիւնը:
Խոստովանինք, որ դժուար է պահպանել ազնիւ նկարագիրը, երբ շրջապատուած ես քեզի վնաս հասցնելու, նոյնիսկ՝ քեզ անհետացնելու պատրաստ հակառակորդներով: Սակայն այս միութիւնները ուրիշ ընտրանք չունին, քանի իրենց առաքելութիւնը կը մնայ նոյնը, այսինքն՝ գուրգուրալ նոր սերունդներուն վրայ զանոնք հասցնելով պատասխանատուութիւններ ստանձնելու մակարդակին, իրենց ամբողջական կարողականութիւնը յարմարեցնելով արդի ժամանակներուն: Մէկ խօսքով՝ առաքելութիւնը կը մնայ նոյնը, փոփոխութեան կ’ենթարկուին ի գործ դրուող միջոցները: Ասիկա՛ է ապագայ յաջողութիւններու բանալին:
Մինչեւ երէկ Համազգայինն ալ այդ փնտռտուքին մէջ էր: Այսօր գործը արդէն հասունցած է եւ քանի մը ամիսներ առաջ հրապարակ նետուած է www.h-pem.com մշակութային հարթակը, ուր կը ներկայացուի հայկական մշակոյթը իր բոլոր երեսներով՝ անցեալի, ներկայի եւ ապագան պատրաստող ռահվիրայական գաղափարներով: www.h-pem.com-ը կը յանձնարարուի բոլորին համար:
Այս հարթակին վրայ նորութիւնը այն է, որ գործածուող լեզուն անգլերէնն է. ասիկա կը նշանակէ, թէ ան ուղղուած է առաւելաբար արեւմտեան կիսագունդի երիտասարդութեան: Հայկական մշակոյթի հետ խորքային ծանօթացումը հաւանաբար առաջնորդէ նաեւ հայոց լեզուն ուսումնասիրելու եւ ապա՝ գործածելու փափաքի զարթնումին:
Ելեկտրոնային լայնածիր միջոցներու կիրառումը ուղեկից միութիւններու կողմէ այլեւս անշրջանցելի է: Նոր սերունդները ենթակայ են բացառաբար ա՛յս ձեւի միջոցներով կատարուող քարոզչութեան. անշուշտ այլո՛ց կողմէ կատարուող քարոզչութեան՝ զուտ շահադիտական նպատակներով կատարուող քարոզչութեան:
Մեր հակազդեցութիւնը պէտք է ըլլայ ուժեղ եւ հրապուրիչ. արդիւնաւէտ ըլլալու համար՝ միահամուռ: Ասիկա է ներկայի մեծ մարտահրաւէրը, որուն պէտք է ուղղուին մեր հայեացքները:
Մկրտիչ Մկրտիչեան
Ծաղկաձոր, 18 հՀոկտեմբեր 2019