Ուաշինկթըն. «Մենք Հայաստանի Հետ Ռազմավարական Գործընկերութեան Մասին Փաստաթուղթի Ստորագրման Վերաբերեալ Յայտարարելու Բան Չունինք»
4
0
Ուաշինկթըն Հայաստանի հետ ռազմավարական գործընկերութեան մասին փաստաթուղթի ստորագրման վերաբերեալ «այս պահուս դիտարկելու կամ յայտարարելու որեւէ բան չունի»: Այս մասին «Ամերիկայի ձայն»-ի հարցումին ի պատասխան յայտարարած են Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութենէն:
Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան չորեքշաբթի օր չէր հերքած այն տեղեկութիւնը, թէ յառաջիկայ օրերուն Հայաստանի Հանրապետութիւնն ու Միացեալ Նահանգները պիտի ստորագրեն ռազմավարական գործընկերութեան համաձայնագիր:
Առանց փակագիծեր բանալու` Հայաստանի դիւանագիտութեան պետը ըսած էր, որ հայ-ամերիկեան նախկին համաձայնութիւնները կ՛ենթադրեն նման փաստաթուղթի ստորագրում:
Comments are closed.