Շրջափակում ՝ շրջափակման դէմ. կիպրահայերը Ատրպէյճանի դէմ իր ձեռագիրով գործած են
Ատրպէյճան-Կիպրոս խաղին ընթացքին մենք փորձեցինք նոյն ձեւով պատասխանել՝ շրջափակման դէմ շրջափակում: Այս մասին Alpha News-ի ուղիղ եթերով յայտնեց Կիպրոսի Հայ Դատի յանձնախումբի նախագահ Յակոբ Գազանճեան՝ ներկայացնելով վերջերս Կիպրոսի մէջ տեղի ունեցած ֆլեշմոպը՝ առ ի աջակցութիւն Արցախի:
«50 կամաւորներ փակած են այն դարպասը, ուրկէ պէտք է դուրս գար Ատրպէյճանի թիմը: Շրջափակումէն միայն մէկ ժամ յետոյ թոյլ տուինք, որ դուրս գան: Մենք նոյն ձեւով պատասխանեցինք Ատրպէյճանին՝ շրջափակման դէմ շրջափակում: Նշեմ նաեւ, որ մենք Կիպրոսի մէջ թրքական կամ ատրպէյճանական դեսպանատուներ չունինք: Կիպրոսը դիւանագիտական յարաբերութիւնններ չէ հաստատած այս երկու թշնամի պետութիւններուն հետ: Մենք նման գործողութիւնններով կը փորձենք նպաստել Արցախի պայքարին», նշեց Գազանճեան:
Գազանճեան եւս մէկ անգամ շնորհաւորած է Դաւիթ Իշխանեանին՝ Արցախի ԱԺ նախագահի պաշտօնը ստանձնելուն առթիւ եւ ներկայացուցած, թէ ի՛նչ կ’ակնկալեն իրմէ:
«Շատ ճիշդ որոշում է Դաւիթ Իշխանեանը ընտրելը, եւ մենք մեծ ակնկալիքներ ունինք իրմէ: Անոր դերը կարեւոր է, բայց պէտք է Արցախ-Հայաստան-Սփիւռք միութիւնը եւս ամրանայ: Եթէ այս երրորդութիւնը չկարենանք պահել, նոր ձեռքբերումներ չենք ունենար», ըսած է Գազանճեան:
Անոր խօսքով՝ վերջին երկու տարիներուն Կիպրոսի Ազգային ժողովը՝ ի նպաստ Արցախի բանաձեւեր ներկայացուցած է՝ դատապարտելով Ատրպէյճանը: Մենք մինչեւ 44-օրեայ պատերազմը այցելած ենք Արցախ: Պատերազմը դանդաղեցուց մեր յետագայ գործընթացները, բայց մենք պիտի շարունակենք գործել եւ աջակցիլ արցախահայութեան», եզրափակած է Գազանճեան:
Comments are closed.